Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրաքի Քրտական Մարզի Մէջ Հակակառավարական Բիրտ Ցոյցերը Կը Շարունակուին

December 20, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզին մէջ հակակառավարական տրամադրութիւնները բորբոքած են: Երէկ մարզի քաղաքներուն մէջ հակակառավարական ցոյցերը շարունակուելով կեդրոնացան Սուլէյմանիա եւ շարք մը այլ քաղաքներու մէջ:

Երէկ մեծաթիւ ցուցարարներ հաւաքուեցան Սուլէյմանիայի կեդրոնի Տարաքի Սարայ եւ Պապել Սարայ շրջանին մէջ, ուր բախումներ տեղի ունեցան ապահովական մարմիններուն հետ:

Բողոքի ցոյցեր կազմակերպուեցան նաեւ Քաֆրի եւ շարք մը այլ քաղաքներու մէջ:

Քուէյսանճաք գաւառին մէջ ցուցարարները ներխուժեցին գաւառապետութեան շէնք եւ զայն հրկիզեցին: Նոյն շրջանի Նահիաթ Թաքթաքի մէջ եւս տեղի ունեցան բռնարարքներ:

Երկուշաբթի գիշեր Իրպիլի, Սուլէյմանիայի, Հալապժայի, Տահուքի եւ քանի մը այլ քաղաքներու մէջ ցուցարարները փողոց իջնելով, հրկիզած էին Քիւրտիստանի հայրենասէրներու միութիւն, Քիւրտիստանի ժողովրդավարական կուսակցութիւն եւ Քիւրտիստանի իսլամական հասարակութիւն (Քոմելա) կուսակցութիւններու կեդրոնատեղիները:

Քիւրտ բնակչութիւնը դժգոհ է դաշնակցային իշխանութիւններէն` իրենց աշխատավարձերը չփոխանցելուն եւ այլ պարտաւորութիւններ չկատարելուն պատճառով: Բողոքի ցոյցերուն միացած են նաեւ բազմաթիւ պետական պաշտօնատարներ:

Փեշմերկաները միջամտած են ցոյցերուն եւ անոնց ու ցուցարարներուն միջեւ բախումներուն իբրեւ հետեւանք արձանագրուած են տասնեակ վիրաւորներ:

 

 

Նախորդը

«Բրիտանիան Իր Դեսպանատունը Երուսաղէմ Պիտի Չփոխադրէ Եւ Երուսաղէմը Իսրայէլի Մայրաքաղաք Պիտի Չճանչնայ» Կ՛ըսէ Մէյ

Յաջորդը

Քրեմլին Կը Քննադատէ Միացեալ Նահանգներու Ազգային Անվտանգութեան Ռազմավարութեան «Կայսերապաշտական» Բնոյթը

RelatedPosts

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ  Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին,  Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին, Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»

November 2, 2026
Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ  Զանգուածային Ցոյցեր
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ Զանգուածային Ցոյցեր

November 2, 2026
Լաւրով Աթլանթայէն Յայտարարեց.  «Եթէ Զելենսքին Կ՛ուզէ Փութինի Հետ  Հանդիպում Ունենալ, Պէտք Է Մոսկուա Գայ»
Միջազգային

Լաւրով Աթլանթայէն Յայտարարեց. «Եթէ Զելենսքին Կ՛ուզէ Փութինի Հետ Հանդիպում Ունենալ, Պէտք Է Մոսկուա Գայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.