ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորման անդամներ յարձակում գործած են Փաքիստանի հարաւարեւմտեան Քուեթա շրջանին մէջ գտնուող եկեղեցիի մը դէմ:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ երկու զինեալներ կրակ բացած են եկեղեցւոյ այցելուներուն ուղղութեամբ, ապա պայթեցուցած են ռումբ մը: Արձանագրուած են 10 զոհեր:
ՏԱՀԵՇ ստանձնած է յարձակումին պատասխանատուութիւնը: