Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրամփ Յայտարարեց Ամերիկեան Ազգային Անվտանգութեան Նոր Ռազմավարութիւնը

December 19, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնալտ Թրամփ երէկ յայտարարեց ամերիկեան ազգային անվտանգութեան նոր ռազմավարութիւնը: Իր ելոյթին ընթացքին Թրամփ յայտարարեց, որ «11 ամիսներու ընթացքին կրցանք մշակել մեր երկրին ազգային անվտանգութեան ռազմավարութիւնը»` նշելով, որ նախապէս քաղաքական գործիչները բանակցած են այնպիսի վատ համաձայնութիւններու շուրջ, որոնք պատճառ դարձած են հազարաւոր պաշտօններու կորուստին:

Թրամփ դիտել տուաւ, որ Միացեալ Նահանգներու նախկին ղեկավարները տկար համաձայնագիր մը կնքեցին Իրանի հետ, իսկ ամերիկեան նախկին քաղաքականութիւնները ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորումին արտօնեցին տիրել մեծ տարածքներու եւ Միջին Արեւելքէն հսկայական շրջաններու: Ան ընդգծեց, որ «ամերիկացի նախկին ղեկավարները մեզի պարտադրեցին ներգաղթի օրէնք մը, որուն համաձայն չգտնուեցաւ ամերիկացի ժողովուրդը: Մենք պատրաստ ենք կռուելու մեր դաշնակիցներուն համար»:

Թրամփ ընդգծեց, որ «ներկայիս աշխարհը կը տեսնէ, որ Միացեալ Նահանգները զօրաւոր կերպով կը վերադառնան հրապարակ` աշխարհի մէջ ամրապնդելով իրենց դիրքերը»: Ան հաստատեց, որ ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական կազմակերպութիւնը կորսնցուցած է Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ իր գրաւած գրեթէ բոլոր տարածքները: Ան նաեւ յստակացուց, որ Ուաշինկթըն կրցած է Հիւսիսային Քորէայի վրայ պարտադրել ցայժմ հաստատուած ամէնէն ծանր պատժամիջոցները:

Թրամփ նկատել տուաւ նաեւ, որ ինք պատժամիջոցներ հաստատած է նաեւ Իրանի յեղափոխական պահակագունդին վրայ` ահաբեկչութեան զօրակցելուն պատճառով, եւ մերժած է վաւերացնել հիւլէական համաձայնագիրը: «Դէմ պիտի դնենք ահաբեկչութեան գաղափարախօսութեան եւ պիտի պայքարինք ահաբեկչութեան գործածած միջոցներուն ու անոր կողմէ համացանցի եւ ընկերային ցանցերու օգտագործման դէմ», եզրափակեց Թրամփ:

 

 

Նախորդը

Ուաշինկթըն Վեթոյի Կ ՛ենթարկէ Երուսաղէմի Վերաբերեալ Բանաձեւը

Յաջորդը

Ուաշինկթընի Մէջ Գնացքի Մը Վակոնները Ինկան Ինքնաշարժներու Մայրուղիին Վրայ

RelatedPosts

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
Ըստ Թրքական Կառավարական Աղբիւրի Մը.  Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Բանակցութիւններու  Պոլսոյ Մէջ Շարունակումը Կարելի Է Եւ Յարմար
Միջազգային

Ըստ Թրքական Կառավարական Աղբիւրի Մը. Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Բանակցութիւններու Պոլսոյ Մէջ Շարունակումը Կարելի Է Եւ Յարմար

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.