Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովը Այսօր Կը Գումարէ Երուսաղէմի Հարցով Յատուկ Նիստ Մը, Իսկ Թրամփ Կը Սպառնայ

Դեկտեմբեր 21, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովը այսօր պիտի գումարէ յատուկ նիստ մը քննարկելու համար Երուսաղէմի հարցով բանաձեւի նախագիծը: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է ՄԱԿ-էն դիւանագիտական աղբիւր մը:

«Նիստը կը նախատեսուի գումարել հինգշաբթի ժամը 10:00-ին (Լիբանանի ժամանակացոյցով ժամը 17:00-ին)», ըսած է աղբիւրը:

Երեքշաբթի օր ՄԱԿ-ի մէջ Պաղեստինի մնայուն ներկայացուցիչ Ռիատ Մանսուր եւ շարք մը արաբական երկիրներու ներկայացուցիչներ հանդիպում ունեցած են ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի նախագահ Միրոսլաւ Լայչաքի հետ, երբ Միացեալ Նահանգներ վեթոյի ենթարկած են ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւը, որ կոչ կ՛ուղղէր` փոխելու Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչնալու ամերիկեան որոշումը:

Երկուշաբթի երեկոյեան Եմէնի եւ Թուրքիոյ ներկայացուցիչները` իբրեւ Արաբական լիկայի եւ Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան ներկայացուցիչներ, ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի նախագահին պաշտօնական դիմում ուղարկած է Երուսաղէմի հարցով յատուկ նիստ գումարելու համար:

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը աւելի ուշ հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնած է, որ պիտի հետեւի ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ընթացքին Երուսաղէմի բանաձեւին քուէարկութեան եւ կ’ողջունէ ՄԱԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու մնայուն ներկայացուցիչ Նիքի Հէյլիի բանաձեւին թեր քուէարկելու մտադիր երկիրներուն յղած այն պատգամը, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահը կը սպառնայ բանաձեւին թեր քուէարկող երկիրներուն ամերիկեան օժանդակութիւնները դադրեցնել:

«Ազրպէյան, Թուրքիա Եւ Իրան Թեր Պիտի Քուէարկեն»

Ազրպէյճան, Թուրքիա եւ Իրան թեր պիտի քուէարկեն ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին մէջ Երուսաղէմի վերաբերեալ բանաձեւին: Ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով` Պաքուի մէջ թուրք եւ իրանցի գործընկերներու հետ կայացած եռակողմանի հանդիպումի աւարտին:

«Մենք քննարկեցինք Երուսաղէմի հարցը եւ ատոր վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու որոշումը: Ազրպէյճանը, Իրանն ու Թուրքիան չեն կրնար ընդունիլ Երուսաղէմի վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու որոշումը: Մենք համաձայնեցանք թեր քուէարկել ՄԱԿ-ի բանաձեւի նախագիծին», ըսած է Մամետեարով լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին:

Բացի ատկէ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն հանդիպումի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներու որոշումը սխալ է, եւ Թուրքիան կ՛աջակցի իր պաղեստինցի եղբայրներուն:

Նշենք, որ երէկ Պաքուի մէջ տեղի ունեցաւ Ազրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարներու եռակողմանի հանդիպումը, որ իր տեսակին մէջ հինգերորդն էր:

Եռակողմանի հանդիպումէն առաջ նախարարները նաեւ ունեցած են առանձին հանդիպումներ:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը առանձին հանդիպում ունեցած է նաեւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ:

Նախորդը

Պատասխանելով Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Արտաքին Գործոց Նախարարին «Ո՞ւր Էր Մեծ Հայրդ, Թշուառակա՛ն, Պէտք Է Չափդ Գիտնաս» Ըսաւ Էրտողան

Յաջորդը

Աղուան Վարդանեան. «Մեր Ծրագրային Նպատակներէն Է Եւրոպական Արժեչափերուն Համապատասխանող Պետութիւն Կառուցել»

RelatedPosts

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ամերիկացի Կարտինալ Մը` Ռապըրթ  Փրեւոսթ Դարձաւ Լեւոն ԺԴ. Պապ
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ամերիկացի Կարտինալ Մը` Ռապըրթ Փրեւոսթ Դարձաւ Լեւոն ԺԴ. Պապ

Մայիս 9, 2025
Պաքուի Մէջ Ազրպէյճանի Միջնորդութեամբ  Թուրք-Իսրայէլեան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Պաքուի Մէջ Ազրպէյճանի Միջնորդութեամբ Թուրք-Իսրայէլեան Բանակցութիւններ

Մայիս 9, 2025
Ուշաքով. «Ալիեւ Մոսկուա Պիտի Չժամանէ»
Միջազգային

Ուշաքով. «Ալիեւ Մոսկուա Պիտի Չժամանէ»

Մայիս 9, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?