Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մոսկուա «Յուսախաբութիւն» Կը Յայտնէ Տը Միսթուրայի Յայտարարութեան Նկատմամբ

December 22, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ «յուսախաբութիւն» կը զգայ Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան տը Միսթուրայի կատարած այն յայտարարութեան նկատմամբ, որով ան Սուրիոյ կառավարական պատուիրակութիւնը կ՛ամբաստանէր Ժընեւի բանակցութիւնները ձախողցնելու համար:

Երէկ Մոսկուայի մէջ Տը Միսթուրայի ունեցած հանդիպումներուն աւարտին Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը սուրիական ընդդիմութեան պատուիրակութիւնը ամբաստանեց Սոչիի խորհրդաժողովի պատրաստութիւնը խանգարելու համար Ժընեւի բանակցութիւններու 8-րդ փուլը ձախողցնելու յանցանքով:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով տը Միսթուրայի հետ իր հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ կարգ մը դերակատարներ կը փորձեն խանգարել Սուրիոյ հարցին լուծումը:

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարը իր կարգին տը Միսթուրայի հետ իր հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ կացութիւնը փոխուած է արմատական կերպով եւ բնակիչները կը վերադառնան իրենց տուները: Անդրադառնալով Ռաքքայի կացութեան` ան ըսաւ, որ Ռաքքան գրեթէ ամբողջութեամբ քանդուած է եւ համաճարակներու տարածման վտանգը կը դիմագրաւէ:

Տը Միսթուրա իր կարգին մամլոյ յայտարարութիւններու ընթացքին յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ լարուածութեան մեղմացման գօտիներու ստեղծման հոլովոյթին մէջ շօշափելի յառաջդիմութիւն արձանագրուած է` ընդգծելով, որ Սուրիոյ շուրջ Ժընեւեան բանակցութիւններու այլընտրանքը գոյութիւն չունի:

Միւս կողմէ, Ղազախստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը հաղորդեց, որ Ասթանայի մէջ միջսուրիական բանակցութիւններուն բոլոր մասնակիցները հասած են Ղազախստանի մայրաքաղաք, իսկ տը Միսթուրան պիտի հասնի այսօր առաւօտեան:

Նախորդը

ՄԱԿ Մտահոգութիւն Յայտնած Է Իրաքի Քրտական Մարզին Մէջ Տեղի Ունեցող Զարգացումներուն Նկատմամբ

Յաջորդը

Սէուտական Նախաձեռնութեամբ` Փութին-Սալման Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

RelatedPosts

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ  Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին,  Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին, Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»

November 2, 2026
Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ  Զանգուածային Ցոյցեր
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ Զանգուածային Ցոյցեր

November 2, 2026
Լաւրով Աթլանթայէն Յայտարարեց.  «Եթէ Զելենսքին Կ՛ուզէ Փութինի Հետ  Հանդիպում Ունենալ, Պէտք Է Մոսկուա Գայ»
Միջազգային

Լաւրով Աթլանթայէն Յայտարարեց. «Եթէ Զելենսքին Կ՛ուզէ Փութինի Հետ Հանդիպում Ունենալ, Պէտք Է Մոսկուա Գայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.