Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս հաւանաբար մօտ օրէն այցելէ Ռուսիա: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահի խորհրդական Նեպիլ Շաաթ:
«Այո՛, ան պիտի այցելէ», ըսած է ան` պատասխանելով ուղղուած հարցումին:
«Նախագահը Ռուսիա այցելած է քանի մը անգամ, եւ ան դարձեալ պիտի այցելէ: Ան զիս Ռուսիա ուղարկած է այցելութենէն առաջ», ըսած է Ապպասի խորհրդականը: