Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Անգարայի մէջ ժողովրդային ու պաշտօնական հաւաքի մը ընթացքին յայտնեց, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա պըն Զայետ պէտք է իր չափը գիտնայ: Էրտողան ըսաւ, որ Թուրքիոյ պատմութեան հարցով ան տգէտ է: Այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը:
Էրտողան կը հակադարձէր «Թուիթըր»-ի վրայ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարարին, որ քննադատած էր «Էրտողանի մեծ հայրերը», մասնաւորաբար Ֆախրետտին փաշան, որ 1916-ին Մեքքայի օսմանցի կառավարիչն էր:
«Երբ մեր մեծ հայրը` Ֆախրետտին փաշան, Մեքքան կը պաշտպանէր, ո՞ւր էր քու մեծ հայրդ, ո՜վ թշուառական եւ ստախօս», ըսաւ Էրտողան.
«Թուրք ժողովուրդը գիտէ, թէ թրքական պատմութեան եւ Ֆախրետտին փաշայի անձին դէմ ցեխարձակում կատարող այս անձերը, որո՛ւ հետ կը գործակցին», աւելցուց ան` նշելով, որ այդ մէկը յարմար պահուն պիտի բացայայտէ:
«Պէտք է սահմանդ գիտնաս: Դուն տակաւին չես ճանչնար թուրք ժողովուրդը, նաեւ չես ճանչնար Էրտողանը, իսկ Էրտողանի մեծ հայրերը` երբեք չես ճանչցած», ըսաւ ան:
Թուրքիոյ նախագահը նշեց, որ արաբական պետութիւններու մէջ կարգ մը պաշտօնատարներ Թուրքիոյ դէմ իրենց թշնամանքով կը փորձեն ծածկել իրենց անկարողութիւնը եւ մինչեւ իսկ` դաւաճանութիւնը:
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարարը «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ գրած էր. «Գիտէ՞ք, թէ 1916 թուականին թուրք Ֆախրի փաշան ոճիր գործեց մարգարէական քաղաքի (Մեքքայի «Ա.») բնակչութեան դէմ, անոնց դրամները գողցաւ, զանոնք առեւանգեց, եւ գնացքներու մէջ դնելով, «Սաֆար Պարլիք» կոչուած ուղեւորութեամբ մը ուղարկեց Դամասկոս եւ Պոլիս:
«Թուրքերը նաեւ գողցան քաղաքի Մահմուտիյա գրադարանի ձեռագիրներուն մեծամասնութիւնը եւ զանոնք ղրկեցին Թուրքիա:
«Ահա ասոնք են Էրտողանի մեծ հայրերը եւ արաբ իսլամներուն հետ պատմութիւնը», գրած էր ան: