Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիոյ Խորհրդարանը Մերժած Է Ալեւիներու Կոտորածները Ուսումնասիրող Յանձնախումբի Մը Ստեղծման Պահանջը

December 21, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ մեծ աղմուկ յառաջացած է քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ, Այնթապէն ընտրուած երեսփոխան Մահմուտ Թողրուլի` Թուրքիոյ ալեւիներուն դէմ կատարուած կոտորածները ուսումնասիրելու նպատակով յատուկ յանձնախումբ ստեղծելու առաջարկը:

Թրքական «Տիքեն» կայքը կը հաղորդէ, որ քիւրտ երեսփոխանը պահանջած է ուսումնասիրել ու պատասխանատուութեան ենթարկել Մարաշի (1978), Սեբաստիոյ (1993), Չորումի (1980), Մալաթիոյ (1978) եւ Կազիի (1995) ալեւիներուն դէմ կատարուած կոտորածներուն մեղաւորները:

«Թուրքիոյ տարածքին բաւական մեծ թիւ կազմող ալեւիները, հանրապետական Թուրքիոյ պատմութեան ընթացքին պարբերաբար ենթարկուած են տարատեսակ ճնշումներու եւ կոտորածներու: Մալաթիոյ, Մարաշի, Սեբաստիոյ, Չորումի եւ Կազիի կոտորածները կը շարունակեն մնալ Թուրքիոյ պատմութեան ամօթալի էջերը», ըսած է Թողրուլ:

Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Իսմայիլ Քարաման մերժած է քիւրտ երեսփոխանին առաջարկը եւ անոր օգտագործած արտայայտութիւնները նկատած է կոպիտ ու վիրաւորական:

Նախորդը

Լիպըրման. «Իսրայէլ Ազրպէյճանը Չնեղացնելու Համար Է Որ Չի Ճանչնար Ցեղասպանութիւնը»

Յաջորդը

Տը Միսթուրա Այսօր Կ՛այցելէ Մոսկուա

RelatedPosts

Թրամփէն Իրանցի Ցուցարարներուն  Նոր Պատգամ
Միջազգային

Թրամփէն Իրանցի Ցուցարարներուն Նոր Պատգամ

January 15, 2026
Ֆրանսա Կրինլանտի Մէջ Հիւպատոսարան  Պիտի Բանայ. Ուաշինկթընէն  Կը Պահանջէ Դադրեցնել Շանթաժը
Միջազգային

Ֆրանսա Կրինլանտի Մէջ Հիւպատոսարան Պիտի Բանայ. Ուաշինկթընէն Կը Պահանջէ Դադրեցնել Շանթաժը

January 15, 2026
Ըստ «Ռոյթըրզ» Լրատու Գործակալութեան.  Իրանի Մէջ Բողոքի Ցոյցերու  Ժամանակ Զոհուած Է Մօտ 2000 Մարդ
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Ռոյթըրզ» Լրատու Գործակալութեան. Իրանի Մէջ Բողոքի Ցոյցերու Ժամանակ Զոհուած Է Մօտ 2000 Մարդ

January 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.