Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԱԿ Մտահոգութիւն Յայտնած Է Իրաքի Քրտական Մարզին Մէջ Տեղի Ունեցող Զարգացումներուն Նկատմամբ

December 22, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱԿ արձագանգած է Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզին մէջ արդէն երրորդ օրն ըլլալով շարունակուող բողոքի ցոյցերուն ու անկարգութիւններուն` զսպուածութեան կոչ ուղղելով բոլորին: Այս մասին կը հաղորդէ «Ներինաազատ» կայքը:

ՄԱԿ-ի` Իրաքին ցուցաբերուող օժանդակութեամբ զբաղող յատուկ յանձնախումբը իր խոր մտահոգութիւնը յայտնած է Քրտական մարզի մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն առնչութեամբ եւ կոչ ուղղած` զերծ մնալու ծայրայեղական քայլերէն:

Յանձնախումբը ընդգծած է, որ բռնութեան կիրարկումը անընդունելի է` յայտնելով, թէ կը ցաւի այս դէպքերու պատճառով զոհուած քաղաքացիներուն համար:

Նշենք, որ քիւրտ ցուցարարներէ քանի մը օրէ ի վեր Իրպիլի, Սուլէյմանիյէյի, Հալապժայի, Տահուքի եւ քանի մը այլ քաղաքներու փողոցներուն մէջ ցոյց կը կատարեն, այրած են Քիւրտիստանի հայրենասէրներու միութիւն, Քիւրտիստանի ժողովրդավարական կուսակցութիւն եւ Քիւրտիստանի իսլամական հասարակութիւն (Քոմելա) կուսակցութիւններուն կեդրոնատեղիները:

Բողոքի ցոյցերուն միջամտած են փեշմերկաները, որոնց եւ ցուցարարներուն միջեւ բախումներու իբրեւ հետեւանք արձանագրուած է 5 զոհ եւ 90 վիրաւոր:

Չորեքշաբթի օր հրաժարեցան քրտական Թաղյիր եւ Ժամաա Իսլամիյա շարժումներու նախարարները եւ Քրտական ինքնավար մարզի խորհրդարանի նախագահը:

Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատի յայտարարեց, որ Իրաքի դաշնակցային իշխանութիւնները չեն միտիր «անկիւն մը նստիլ եւ հեռուէն հետեւիլ» Քրտական մարզի մէջ զարգացող իրադարձութիւններուն` նշելով, թէ հարկ ըլլալու պարագային պիտի միջամտեն:

«Հիւսիսի մէջ տեղի ունեցող բողոքի ցոյցերը Իրաքեան Քիւրտիստանի ինքնավարութեան իշխանութիւններու սխալ քաղաքականութեան հետեւանքն են: Կեդրոնական իշխանութիւններուն պարտքն է ամբողջ երկրի տարածքին ապահովել իրենց քաղաքացիներուն եւ անոնց պատկանող գոյքերուն անվտանգութիւնը: Եթէ բողոքի ցոյցերու մասնակիցներուն վնասեն` մենք զինուորական միջամտութիւն պիտի կատարենք», ըսած է Ապատի:

Քրտական ինքնավար մարզի վարչապետ Նեճիտվան Պարզանի երէկ յայտնած է. «Մարզը լուրջ վտանգ մը կը դիմագրաւէ»` նշելով, որ ցոյցերը զուգադիպած են Մախմուր շրջանին մէջ իրաքեան կառավարութեան սպառնալիքներուն:

«Մարզը իսկական ու գոյութենական վտանգ մը կը դիմագրաւէ», ըսած է ան:

 

Նախորդը

Պատուելով Հայ Որբերի Հերոսին` Պալապան Հոճային

Յաջորդը

Մոսկուա «Յուսախաբութիւն» Կը Յայտնէ Տը Միսթուրայի Յայտարարութեան Նկատմամբ

RelatedPosts

Քաց. «Լիբանանի Մէջ Իսրայէլի Գործողութիւնը Յաւելեալ Քանի Մը Շաբաթ Պիտի Տեւէ»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց. «Եթէ Էրտողան Կ՛ուզէ Կազայի Մէջ Իր Գաղափարակիցներուն Օգնել, Թող Զանոնք Անթալիա Տեղափոխուելու Օգնէ»

September 19, 2026
Ռուսիոյ Մէջ Եռօրեայ Խորհրդարանական  Ընտրութիւնները Ընթացք Առին
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիոյ Մէջ Եռօրեայ Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Ընթացք Առին

September 19, 2026
«Սէուտական Արաբիոյ Պաշտպանութեան Մէջ  Առաւելագոյն Չափի Պիտի Դիմենք»  Կ՛ըսէ Փաքիստանեան Բանակը
Միջազգային

«Սէուտական Արաբիոյ Պաշտպանութեան Մէջ Առաւելագոյն Չափի Պիտի Դիմենք» Կ՛ըսէ Փաքիստանեան Բանակը

September 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.