Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիա Կը Պատասխանէ Թրամփի Սպառնալիքին

December 22, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան, անդրադառնալով Միացեալ Նահանգներու` ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ընթացքին Երուսաղէմի վերաբերեալ բանաձեւին քուէարկութեան պատրաստուող երկիրներուն ուղղուած այն սպառնալիքին, որ իրենք պիտի դադրեցնեն իրենց օժանդակութիւնները, յայտնեց. «Միացեալ Նահանգները կը կոչեն ժողովրդավարութեան օրրանը: Ժողովրդավարութեան օրրանը կը ձգտի աշխարհի վրայ կամքերը գնել տոլարով»:

Էրտողան խօսքը Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնալտ Թրամփին ուղղելով ըսաւ. «Չէք կրնար Թուրքիոյ ժողովրդավարական կամքը գնել ձեր տոլարներով»:

Ան աշխարհի բոլոր երկիրներուն կոչ ուղղեց. «Չըլլայ, թէ ձեր կամքը եւ ժողովրդավարութեան համար պայքարը ծախէք ափ մը տոլարներու համար»:

«Եթէ ժողովրդավարական քուէարկութիւն տեղի պիտի ունենայ, ապա բոլորը ձգեցէք իրենց կամքը ազատօրէն արտայայտելու` կամքերը տոլարներով գնելու եւ ճնշում բանեցնելու փոխարէն», ըսաւ ան:

Թուրքիոյ նախագահը յոյս յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ «չկարենան այսօր ստանալ իրենց փափաքած արդիւնքը, եւ աշխարհը Ամերիկային լաւ դաս մը տայ»:

Միւս կողմէ, «Տեմոքրաթհապեր» կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ փոխվարչապետ եւ կառավարութեան բանբեր Պեքիր Պոզտաղ իր կարգին յայտարարած է, որ Թրամփ ելեւմտական օժանդակութենէ զրկել սպառնալով չի կրնար ազդել կացութեան վրայ:

«Միացեալ Նահանգները պէտք է գիտնան եւ սորվին, որ սպառնալիքներով չեն կրնար բոլոր երկիրներուն ստիպել իրենց ուզած ձեւով շարժիլ: Երուսաղէմի հարցով 21 դեկտեմբերի քուէարկութիւնը այս առումով լաւ կարելիութիւն է, գերիշխան ու անկախ ոչ մէկ պետութիւն Միացեալ Նահանգներու նախագահի սպառնալիքի դէմ գլուխ պիտի չխոնարհէ: Թուրքիան պիտի պահպանէ իր դիրքորոշումը եւ 21 դեկտեմբերին Երուսաղէմի կարգավիճակը չճանչցող բանաձեւին իր տուած քուէով անգամ մը եւս տէր պիտի կանգնի Պաղեստինին», ըսած է Պոզտաղ:

 

Նախորդը

Սէուտական Նախաձեռնութեամբ` Փութին-Սալման Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Յաջորդը

Մելպուռնի Մէջ Վրայերթի Հեղինակը Ձերբակալուեցաւ

RelatedPosts

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ  Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին,  Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին, Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»

November 2, 2026
Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ  Զանգուածային Ցոյցեր
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ Զանգուածային Ցոյցեր

November 2, 2026
Լաւրով Աթլանթայէն Յայտարարեց.  «Եթէ Զելենսքին Կ՛ուզէ Փութինի Հետ  Հանդիպում Ունենալ, Պէտք Է Մոսկուա Գայ»
Միջազգային

Լաւրով Աթլանթայէն Յայտարարեց. «Եթէ Զելենսքին Կ՛ուզէ Փութինի Հետ Հանդիպում Ունենալ, Պէտք Է Մոսկուա Գայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.