Միջազգային

Միացեալ Նահանգներ Ռուսիան Կը Մեղադրեն  Ռուս Նախկին Լրտեսի Դէմ Մահափորձի Համար

Միացեալ Նահանգներ Ռուսիան Կը Մեղադրեն Ռուս Նախկին Լրտեսի Դէմ Մահափորձի Համար

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն յայտարարած է, որ Ուաշինկթըն ամբողջովին վստահ է Բրիտանիոյ հետաքննութեան եւ գնահատականներուն, որոնց համաձայն, Ռուսիան հաւանաբար պատասխանատու է ռուսական հետախուզական վարչութեան նախկին սպայ Սերկէյ Սքրիփալի դէմ մահափորձին համար: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն: Միացեալ Նահանգներու մէջ Ռուսիոյ դեսպանատունը յայտարարած է, թէ Բրիտանիան եւ Միացեալ Նահանգները չունին ապացոյցներ Սերկէյ Սքրիփալի թունաւորման հարցին մէջ Ռուսիոյ...

«Թուրքիան Ու Ամերիկան Պիտի Հսկեն Քիւրտ  Զինեալներուն Մընպեժէն Հեռանալուն»  Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

«Թուրքիան Ու Ամերիկան Պիտի Հսկեն Քիւրտ Զինեալներուն Մընպեժէն Հեռանալուն» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտնեց, որ «Թուրքիան ու Միացեալ Նահանգները պիտի հսկեն քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու հիւսիսային Սուրիոյ Մընպեժ գիւղէն հեռանալուն»` նշելով, որ երկիրները 19 մարտին բանակցութիւններու ընթացքին պիտի մշակեն Մընպեժը ապահովելու ծրագիր մը, սակայն եթէ ատիկա ձախողի, թրքական ուժերը զինուորական գործողութիւն մը պիտի կատարեն»: «Թուրքիան տակաւին Սուրիոյ կառավարութեան Մընպեժի վերաբերեալ որեւէ պահանջ չներկայացուց», ըսաւ ան: Չաւուշօղլու յայտնեց,...

Նեթանիահու. «Իրան Միջին Արեւելքի Մէջ  Կայսրութիւն Կը Ստեղծէ` Աշխարհին Տիրելու Համար»

Նեթանիահու. «Իրան Միջին Արեւելքի Մէջ Կայսրութիւն Կը Ստեղծէ` Աշխարհին Տիրելու Համար»

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտարարեց. «Իրան կը փորձէ Միջին Արեւելքի մէջ կայսրութիւն ստեղծել` աշխարհին տիրելու համար»: «Իրան կը փորձէ թշնամական կայսրութիւն կառուցել, եւ իսլամական հանրապետութեան ղեկավարութիւնը բռնաճնշումի կ՛ենթարկէ իր ժողովուրդը եւ կը փորձէ Միջին Արեւելքի մնացեալ մասին տիրել` ամբողջ աշխարհին տիրելու նպատակով», նշեց ան: «Իրան միջազգային ահաբեկչութեան հովանաւոր մըն է, որ կը փորձէ հիւլէական զէնք ստեղծել», ըսաւ Նեթանիահու` աւելցնելով. «Կը...

Իրաքի Քրտական Ինքնավար Մարզը  Պիտի Շարունակէ Յարաբերութիւններ  Մշակել Թուրքիոյ Հետ

Իրաքի Քրտական Ինքնավար Մարզը Պիտի Շարունակէ Յարաբերութիւններ Մշակել Թուրքիոյ Հետ

Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի կառավարութեան բանբեր Սաֆին Տիզայի յայտարարած է, թէ Էրպիլ պիտի շարունակէ յարաբերութիւններ մշակել Թուրքիոյ հետ, եւ որ այժմ Անգարայի հետ կապը նոյնպէս կը պահպանուի, թէեւ ոչ առաջուան պէս աշխուժ կերպով: Այս մասին կը գրէ քրտական «Ռուտաու» կայքը: «Մենք երբեք չենք խզած մեր կապերը Անգարայի հետ, եւ այժմ ալ որոշակի քննարկումներ կը շարունակուին, թէեւ անոնք այնքան աշխուժ չեն,...

Թուրքիան Բողոքագիր Յղած Է Գերմանիոյ`  Պերլինի Թրքական Մզկիթներուն Դէմ  Յարձակումներուն Հարցով

Թուրքիան Բողոքագիր Յղած Է Գերմանիոյ` Պերլինի Թրքական Մզկիթներուն Դէմ Յարձակումներուն Հարցով

Թուրքիոյ մէջ Գերմանիոյ դեսպան Մարթին Էրտման կանչուած է երկրի արտաքին գործոց նախարարութիւն, ուր անոր Պերլինի մէջ թրքական երկու մզկիթներու եւ մէկ մշակութային կեդրոնի դէմ յարձակումներու վերաբերեալ բողոքագիր յանձնուած է: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Սապահ» օրաթերթը` վկայակոչելով Թուրքիոյ փոխվարչապետ եւ կառավարութեան բանբեր Պեքիր Պոզտաղի յայտարարութիւնը: Պերլինի երկու տարբեր շրջաններու մէջ թրքական մզկիթներու դէմ միաժամանակ կատարուած յարձակումներու պատասխանատուութիւնը ստանձնած էր Քրտական...

Վիեննայի Մէջ Իրանի Դեսպանի Նստավայրին Մօտ  Դաշոյնով Զինուած Անձ Մը Սպաննուեցաւ

Վիեննայի Մէջ Իրանի Դեսպանի Նստավայրին Մօտ Դաշոյնով Զինուած Անձ Մը Սպաննուեցաւ

Դաշոյնով զինուած անծանօթ անձ մը սպաննուեցաւ Վիեննայի մէջ Իրանի դեսպանին նստավայրին հսկող զինուորներու կողմէ: Աւստրիական ոստիկանութիւնը հաղորդեց, որ պահակներէն մէկը կիրակի, տեղական ժամանակացոյցով ժամը 23:35-ին տեղի ունեցած յարձակումին ընթացքին թեւէն վիրաւորուած է եւ փոխադրուած հիւանդանոց: Ոստիկանութեան բանբեր Հերալտ Սորես յայտնեց, որ զինուորը փորձած է արցունքաբեր սրսկիչով ինքզինք պաշտպանել եւ երկուքին միջեւ պայքար տեղի ունեցած է: Առնուազն չորս փամփուշտ արձակուած է:...

Աֆթարիսի Մէջ Քիմիական Զէնքերու  Աշխատանոց Յայտնաբերուեցաւ

Աֆթարիսի Մէջ Քիմիական Զէնքերու Աշխատանոց Յայտնաբերուեցաւ

«ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Սուրիոյ բանակէն սպայի մը, հաղորդեց, որ Արեւելեան Ղութայի մէջ յայտնաբերուած է զինեալներուն պատկանող քիմիական զէնքերու պատրաստման աշխատանոց մը: Աշխատանոցը կը գտնուի Աֆթարիս գիւղին մէջ: Սուրիական ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը երէկ իր կարգին հաղորդեց, որ Սուրիոյ բանակը Աֆթարիս գիւղը ամբողջութեամբ առած է իր վերահսկողութեան տակ: Հաշտութեան ռուսական կեդրոնը երէկ տեղեկացուց, որ Արեւելեան Ղութայի զինեալները իրարու միջեւ...

Թրամփի Եւ Ընի Հանդիպումը Կրնայ  Տեղի Ունենալ Ուաշինկթընի Մէջ

Թրամփի Եւ Ընի Հանդիպումը Կրնայ Տեղի Ունենալ Ուաշինկթընի Մէջ

Սպիտակ տան մամլոյ քարտուղարի տեղակալ Ռա Շահ յայտարարած է, թէ չի բացառուիր, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Հիւսիսային Քորէայի ղեկավար Քիմ Չեն Ընի հանդիպումը տեղի ունենայ Ուաշինկթընի մէջ: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Սպիտակ տան ներկայացուցիչը` պատասխանելով ամերիկեան պատկերասփիւռի կայանի մը հաղորդավարին այն հարցումին, թէ արդեօք երկու ղեկավարներու հանդիպումը կրնա՞յ տեղի ունենալ Սպիտակ տան մէջ, յայտնած է. «Տակաւին...

Անգարա Կոչ Ուղղած Է Գերմանիոյ`  Պատասխանատուութեան Ենթարկելու Պերլինի Մէջ  Թրքական Մզկիթին Դէմ Յարձակողները

Անգարա Կոչ Ուղղած Է Գերմանիոյ` Պատասխանատուութեան Ենթարկելու Պերլինի Մէջ Թրքական Մզկիթին Դէմ Յարձակողները

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգած է Գերմանիոյ մէջ թրքական երկու մզկիթի դէմ յարձակումի դէպքին եւ Գերմանիոյ իշխանութիւններուն կոչ ուղղած` նման միջադէպերու կրկնութիւնը կանխարգիլելու համար քայլերու ձեռնարկելու: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Թէ.Ռէ.Թէ.» պատկերասփիւռի կայանը: Պերլինի երկու տարբեր շրջաններուն մէջ թրքական մզկիթներու դէմ միաժամանակ կատարուած յարձակումներու պատասխանատուութիւնը ստանձնած է Քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւնը (ՔԱԿ): «Վերջին շրջանին մտահոգութեամբ կը հետեւինք Գերմանիոյ մէջ իսլամոֆոպ...

Փայլան Քննադատած Է Էրտողանը`  Գորշ Գայլերու Նշանը Ցոյց Տալուն Համար

Փայլան Քննադատած Է Էրտողանը` Գորշ Գայլերու Նշանը Ցոյց Տալուն Համար

Թուրքիոյ ընդդիմադիր Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ, թրքական խորհրդարանի անդամ Կարօ Փայլան քննադատած է երկրի նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը` Մերսին քաղաքին մէջ տեղի ունեցած հանրահաւաքին ազգայնական Գորշ Գայլեր խմբաւորման խորհրդանիշը համարուող նշանը ցոյց տալուն համար: «Մի՛ բարկանաք: Էրտողանն այսօր ցոյց տուաւ այն, ինչ շատոնց յայտնի էր: Ուրկէ ուր հասած ենք...», գրած է ան «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ: Հայ երեսփոխանը նաեւ շեշտած...

Յայտնաբերուած Է Իրանի Մէջ Կործանած  Թրքական Օդանաւի «Սեւ Արկղ»-ը

Յայտնաբերուած Է Իրանի Մէջ Կործանած Թրքական Օդանաւի «Սեւ Արկղ»-ը

Իրանի մէջ յայտնաբերուած է մէկ օր առաջ երկրի տարածքին ջախջախուած թրքական անձնական օդանաւի «սեւ արկղ»-ը: Այս մասին կը հաղորդէ «Սփութնիք»-ի թրքական ծառայութիւնը` յղում կատարելով Չհարմահալ եւ Պախթիարիի փոխնահանգապետ Զաֆեր Մայտանիի յայտարարութեան: Յիշեցնենք, որ օդանաւը Շարժայէն Պոլիս թռիչք կատարած ատեն ջախջախուած էր նահանգի լեռնային տարածքին մէջ: Օդանաւը ջախջախուելուն պէս բռնկած էր: Փրկարարները կարողացած են յայտնաբերել 11 զոհերէն 10-ին մարմինները, որոնցմէ 8-ին...

Նեփալի Մէջ Օդանաւի Մը Ջախջախումը  Պատճառեց Բազմաթիւ Զոհեր

Նեփալի Մէջ Օդանաւի Մը Ջախջախումը Պատճառեց Բազմաթիւ Զոհեր

Նեփալի Թրիպհուվան միջազգային օդակայանին մէջ «Եու.ԷՍ.-Պանկլա» օդանաւային ընկերութեան օդանաւի ջախջախման իբրեւ հետեւանք արձանագրուած է առնուազն 50 զոհ: Այդ մասին, ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրես», երէկ յայտնած է «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Նեփալի բանակի ներկայացուցիչին: Մինչդեռ ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով տեղւոյն ոստիկանութեան ներկայացուցիչը, կը հաղորդէ, որ զոհերուն թիւը 40 է: «Էսոշիէյթըտ փրես» լրատու գործակալութիւնը, իր կարգին, յղում կատարելով տեղւոյն ոստիկանութեան ներկայացուցիչին,...

Միացեալ Նահանգներն Ու Ռուսիան  Կը Շարունակեն Գլխաւորել Սպառազինութիւն  Վաճառող Երկիրներու Ցանկը

Միացեալ Նահանգներն Ու Ռուսիան Կը Շարունակեն Գլխաւորել Սպառազինութիւն Վաճառող Երկիրներու Ցանկը

2013-2017 թուականներուն սովորական սպառազինութիւններու հիմնական տեսակներու գլխաւոր արտածողներու հնգեակը կը գլխաւորէ Միացեալ Նահանգները, որուն կը յաջորդեն Ռուսիան, Չինաստանը, Ֆրանսան եւ Գերմանիան: Այս մասին երէկ յայտարարեց Սթոքհոլմի խաղաղութեան միջազգային հետազօտութիւններու հիմնարկը` հիմնուելով 2013-2017 թուականներուն սպառազինութեան համաշխարհային առեւտուրի վերաբերեալ նոր հետազօտութեան արդիւնքին վրայ: Հինգ մեծագոյն մատակարարներուն բաժին կը հասնի սպառազինութիւններու վաճառքի ընդհանուր ծաւալի 74 առ հարիւրը, իսկ Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ միասնաբար`...

Էրտողան ՕԹԱՆ-ին Կոչ Կ՛ուղղէ` Սուրիոյ Մէջ  Զինուորական Միջամտութիւն Կատարելու

Էրտողան ՕԹԱՆ-ին Կոչ Կ՛ուղղէ` Սուրիոյ Մէջ Զինուորական Միջամտութիւն Կատարելու

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան դարձեալ պնդեց, թէ թրքական բանակը Աֆրինէն ետք պիտի ուղղուի Մընպեժ, Այն Արապ, Թել Ապիատ, Ռասուլ Այն եւ Գամիշլի` «այդ շրջանները ահաբեկիչներէն ձերբազատելու համար»: Էրտողան շաբաթ օր ՕԹԱՆ-ին ուղղուած իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ թրքական բանակը որեւէ պահու մուտք պիտի գործէ Աֆրին քաղաք, ինչպէս նաեւ սպառնաց, որ այդ ուժերը հետագային պիտի շարժին դէպի Մընպեժ եւ Եփրատի...

Չաւուշօղլու. «Թուրքիան Պատրաստ Է  Պատասխանելու Ուաշինկթընի  Հաւանական Պատժամիջոցներուն»

Չաւուշօղլու. «Թուրքիան Պատրաստ Է Պատասխանելու Ուաշինկթընի Հաւանական Պատժամիջոցներուն»

Թուրքիան պատրաստ է պատասխանելու Միացեալ Նահանգներու կողմէ իրեն դէմ հաստատուելիք հաւանական պատժամիջոցներուն: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին գերմանական «Ցայթ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին նշած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու: Այն հարցումին, թէ Թուրքիան ինչպէ՞ս կը պատրաստուի արձագանգելու հաւանական պատժամիջոցներուն, որոնք կը քննարկուին ամերիկեան քոնկրեսին մէջ, Չաւուշօղլու նշած է. «Եթէ անոնք կ՛ուզեն պատժամիջոցներով պատժել Թուրքիան, ապա Թուրքիան այլ...

Դամասկոս Կը Հերքէ Ղութայի Մէջ  Ֆոսֆորի Օգտագործումը

Դամասկոս Կը Հերքէ Ղութայի Մէջ Ֆոսֆորի Օգտագործումը

Սուրիոյ պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ «լաւատեղեակ աղբիւրներ» հերքած են, թէ սուրիական բանակը ֆոսֆորի եւ նափալմի զէնք օգտագործած է Արեւելեան Ղութայի մէջ: Պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, թէ լաւատեղեակ աղբիւրները նշած են. «Ահաբեկչական խմբաւորումներուն եւ անոնց արեւմուտքցի հովանաւորներուն» կողմէ սուրիական բանակին դէմ օգտագործուող քիմիական զէնքի սուտին վրայ այսօր կու գայ աւելնալու ահաբեկչութեան տեղեկատուական թեւին կողմէ շրջանառութեան մէջ դրուող ֆոսֆորի եւ նափալմի...

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու  Արտաքին Գործոց Նախարարը Թուրքիոյ  Կոչ Կ՛ուղղէ Յարգելու  Արաբական Գերիշխանութիւնը

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Արտաքին Գործոց Նախարարը Թուրքիոյ Կոչ Կ՛ուղղէ Յարգելու Արաբական Գերիշխանութիւնը

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարար Անուար Քըրքաշ Թուրքիոյ կոչ ուղղեց յարգելու արաբական գերիշխանութիւնը եւ իր դրացիներուն հետ իմաստութեամբ ու ողջմտութեամբ վարուելու: Ան ընկերային ցանցերէն մէկուն հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց. «Ոչ ոքի ուշադրութենէն կը վրիպի, թէ թուրք-արաբական յարաբերութիւնները լաւ չեն, եւ որպէսզի հաւասարակշռութիւնը վերականգնի, Անգարան պէտք է յարգէ արաբական գերիշխանութիւնը եւ իր մերձակայքին հետ վարուի իմաստութեամբ ու ողջմտութեամբ»: «Արաբական...

Ռուսիան Գերձայնային  Հրթիռ Փորձարկած Է

Ռուսիան Գերձայնային Հրթիռ Փորձարկած Է

Ռուսիա յայտարարած է, թէ յաջողութեամբ փորձարկած է գերձայնային հրթիռ մը, որ, ինչպէս այս մասին յայտարարած էր Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը, ձայնի արագութենէն 10 անգամ աւելի արագ կը թռչի: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը: Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը երէկ հաղորդեց, որ «Քինժալ» (դաշոյն, «Ա.») անունը կրող հրթիռը արձակուած է «Միկ-31» օդանաւէն: Նախարարութեան հրապարակած տեսանիւթին մէջ կ՛երեւի, թէ ինչպէ՛ս հրթիռը կ՛արձակուի...

Անյայտ Անձեր Պերլինի Մէջ  Թրքական Մզկիթ Մը Հրկիզած Են

Անյայտ Անձեր Պերլինի Մէջ Թրքական Մզկիթ Մը Հրկիզած Են

Պերլինի մէջ յարձակում գործուած է Ռէյնիքենտորֆ շրջանին մէջ գտնուող մզկիթի մը դէմ: «Տէօչէ Վելլէ»-ի համաձայն, կիրակի գիշեր երեք անյայտ երիտասարդներ կոտրած են թրքական մզկիթին պատուհանը եւ հրդեհած զայն: Կատարուածին ականատես դարձած անցորդները ոստիկանութեան դիմած են, սակայն իրաւապահները չեն յաջողած ձերբակալել այդ անձերը: Դէպքի վայր հասած հրշէջ-փրկարարները մարած են կրակը, թէեւ մզկիթին պատկանող կառոյցներէն մէկը ամբողջութեամբ այրած է: Ոստիկանութեան կարծիքով` կատարուածը...

Լոնտոնի Մէջ Իրանի Դեսպանատան Դէմ  Յարձակումին Հարցով.  Իրանի Մէջ Բրիտանիոյ Դեսպանը  Կանչուած Է Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն

Լոնտոնի Մէջ Իրանի Դեսպանատան Դէմ Յարձակումին Հարցով. Իրանի Մէջ Բրիտանիոյ Դեսպանը Կանչուած Է Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն

Թեհրանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպանը Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչուած է` Լոնտոնի մէջ իրանեան դեսպանատան տարածքին մէջ ծայրայեղականներու կազմակերպած բողոքի ցոյցին հարցով: Այս մասին կը հաղորդէ իրանեան «Փրես Թի.Վի.»-ն: Շաբաթ օր հաղորդուեցաւ, որ բրիտանական ոստիկանութիւնը ձերբակալած է չորս մարդ` իրանեան դեսպանատան պատշգամին վրայ բողոքի ցոյց կատարելու պատճառով: Բրիտանիոյ մէջ Իրանի դեսպան Համիտ Պայիտինեժատ հաստատած է, որ դեսպանատան դէմ յարձակում կատարուած է:...

Page 627 of 883 1 … 626 627 628 … 883

Արխիւներ