Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներն Ու Ռուսիան Կը Շարունակեն Գլխաւորել Սպառազինութիւն Վաճառող Երկիրներու Ցանկը

March 13, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

2013-2017 թուականներուն սովորական սպառազինութիւններու հիմնական տեսակներու գլխաւոր արտածողներու հնգեակը կը գլխաւորէ Միացեալ Նահանգները, որուն կը յաջորդեն Ռուսիան, Չինաստանը, Ֆրանսան եւ Գերմանիան: Այս մասին երէկ յայտարարեց Սթոքհոլմի խաղաղութեան միջազգային հետազօտութիւններու հիմնարկը` հիմնուելով 2013-2017 թուականներուն սպառազինութեան համաշխարհային առեւտուրի վերաբերեալ նոր հետազօտութեան արդիւնքին վրայ:

Հինգ մեծագոյն մատակարարներուն բաժին կը հասնի սպառազինութիւններու վաճառքի ընդհանուր ծաւալի 74 առ հարիւրը, իսկ Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ միասնաբար` 56 առ հարիւրը:

Հիմնարկի տուեալներուն համաձայն, 2000-ականներու սկիզբէն զէնքի վաճառքը աշխարհի կայուն աճ արձանագրած է: 2013-2017 թուականներուն վաճառքի ցուցանիշը, 2008-2012 թուականներուն հետ բաղդատելով, աճած է 10 առ հարիւրով:

Միացեալ Նահանգներու կողմէ զէնքի վաճառքը կազմած է ընդհանուր վաճառքներու 34 առ հարիւրը, ինչ որ կը նշանակէ 2013-2017 թուականներուն, 2008-2012 թուականներուն զինուորական արտադրութեան արտածման համեմատ, 25 առ հարիւրի աճ:

Այդ ժամանակաշրջանին ամերիկացիները զէնքի մեծ համակարգեր արտածած են 98 երկիր:

2013-2017 թուականներուն զէնքի համաշխարհային արտածման ծաւալներու 22 առ հարիւրը պատկանած է Ռուսիոյ. նշեալ ժամանակաշրջանին, 2008-2012 թուականներուն համեմատ, վաճառքի ծաւալները կրճատուած են 7,1 առ հարիւրով: Վաճառքի 58 առ հարիւրը կատարուած է երեք հիմնական գործընկերներուն` Հնդկաստանին, Չինաստանին եւ Վիեթնամին:

2013-2017 թուականներուն սպառազինութիւններու մեծագոյն ներածողը եղած է Հնդկաստանը, անոր կը յաջորդեն Սէուտական Արաբիան, Եգիպտոսը եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները:

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Նեփալի Մէջ Օդանաւի Մը Ջախջախումը Պատճառեց Բազմաթիւ Զոհեր

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.