Թեհրանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպանը Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչուած է` Լոնտոնի մէջ իրանեան դեսպանատան տարածքին մէջ ծայրայեղականներու կազմակերպած բողոքի ցոյցին հարցով: Այս մասին կը հաղորդէ իրանեան «Փրես Թի.Վի.»-ն:
Շաբաթ օր հաղորդուեցաւ, որ բրիտանական ոստիկանութիւնը ձերբակալած է չորս մարդ` իրանեան դեսպանատան պատշգամին վրայ բողոքի ցոյց կատարելու պատճառով:
Բրիտանիոյ մէջ Իրանի դեսպան Համիտ Պայիտինեժատ հաստատած է, որ դեսպանատան դէմ յարձակում կատարուած է:
Ըստ իրանեան աղբիւրներու, դեսպանը նշած է, թէ շէնք ներխուժած անձերը զինուած եղած են փայտէ մահակներով եւ դանակներով: Դեսպանին կարծիքով` յանցագործները այսպէս կոչուած «բրիտանացի շիիներ» աղանդաւորական միութեան անդամներ են:
«Ծայրայեղական կրօնական խմբաւորումներու հետ առնչութիւն ունեցող շարք մը անձերու կողմէ Լոնտոնի մէջ Իրանի իսլամական հանրապետութեան դեսպանատան դէմ կատարուած յարձակումէն ետք շաբաթ օր Բրիտանիոյ դեսպանը կանչուած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւն», յայտնած է իրանեան արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Պահրամ Ղասեմի:



