Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անյայտ Անձեր Պերլինի Մէջ Թրքական Մզկիթ Մը Հրկիզած Են

March 12, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պերլինի մէջ յարձակում գործուած է Ռէյնիքենտորֆ շրջանին մէջ գտնուող մզկիթի մը դէմ: «Տէօչէ Վելլէ»-ի համաձայն, կիրակի գիշեր երեք անյայտ երիտասարդներ կոտրած են թրքական մզկիթին պատուհանը եւ հրդեհած զայն:

Կատարուածին ականատես դարձած անցորդները ոստիկանութեան դիմած են, սակայն իրաւապահները չեն յաջողած ձերբակալել այդ անձերը: Դէպքի վայր հասած հրշէջ-փրկարարները մարած են կրակը, թէեւ մզկիթին պատկանող կառոյցներէն մէկը ամբողջութեամբ այրած է:

Ոստիկանութեան կարծիքով` կատարուածը քաղաքական շարժառիթ ունեցող յանցագործութիւն է:

Կատարուածէն մէկ օր առաջ Պատեն-Վիւրթենպերկ երկրամասի քաղաքներէն մէկուն մէջ նոյնպէս յարձակում գործուած է թրքական մզկիթի մը դէմ, որուն վրայ մոլոթովեան քոքթելներ նետուած են:

Միւս կողմէ, գերմանացի քաղաքական գործիչ Անտրէ Պոկենպերկ «Այլընտրանք Գերմանիոյ համար» կուսակցութեան դաշնակցային խորհուրդի անդամի պաշտօնէն ազատ կացուցման դիմում ներկայացուցած է` թուրքերու հասցէին հնչեցուցած իր արտայայտութիւններուն պատճառով: Այս մասին կը յայտնէ «Տը Լոքըլ» կայքը:

2018-ի փետրուարին Փոկենպերկ «ուղտապան» եւ «քիմիոն վաճառողներ» կոչած էր գերմանաբնակ թուրքերը: Ան միեւնոյն ժամանակ ըսած էր, որ թուրքերը ժառանգներն են Օսմանեան կայսրութեան, ուր 1915-1923-ին գործուած էր Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Գործիչը այսպէս արձագանգած էր թրքական այն խումբերուն, որոնք ընդդիմացած էին Գերմանիոյ կառավարութեան կողմէ առաջարկուած համախմբական համաձայնագիրին մէջ ներքին գործոց նախարարութեան վերաբերեալ հայեցակարգին` պատճառաբանելով, թէ անիկա  երկիրը կը վերադարձնէ նացիական ժամանակաշրջան եւ զայն կը մասնատէ:

Այս որակաւորումներուն համար Փոկենպերկ հանրային լուրջ ճնշումի եւ քննադատութեան արժանացած է, ինչ որ դարձած է անոր հրաժարականին պատճառը:

Անտրէ Փոկենպերկ 2016-ին եղած է Գերմանիոյ դաշնակցային հանրապետութեան Սաքսոն-Անհալթ երկրամասի յառաջատար թեկնածուներէն` համապետական ընտրութիւններուն ընթացքին: Ան նաեւ «Այլընտրանք Գերմանիոյ համար» կուսակցութեան դաշնակցային խորհուրդի անդամ էր:

Նախորդը

Լոնտոնի Մէջ Իրանի Դեսպանատան Դէմ Յարձակումին Հարցով. Իրանի Մէջ Բրիտանիոյ Դեսպանը Կանչուած Է Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն

Յաջորդը

Ռուսիան Գերձայնային Հրթիռ Փորձարկած Է

RelatedPosts

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ  Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին,  Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին, Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»

November 2, 2026
Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ  Զանգուածային Ցոյցեր
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ Զանգուածային Ցոյցեր

November 2, 2026
Լաւրով Աթլանթայէն Յայտարարեց.  «Եթէ Զելենսքին Կ՛ուզէ Փութինի Հետ  Հանդիպում Ունենալ, Պէտք Է Մոսկուա Գայ»
Միջազգային

Լաւրով Աթլանթայէն Յայտարարեց. «Եթէ Զելենսքին Կ՛ուզէ Փութինի Հետ Հանդիպում Ունենալ, Պէտք Է Մոսկուա Գայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.