Իրանի մէջ յայտնաբերուած է մէկ օր առաջ երկրի տարածքին ջախջախուած թրքական անձնական օդանաւի «սեւ արկղ»-ը: Այս մասին կը հաղորդէ «Սփութնիք»-ի թրքական ծառայութիւնը` յղում կատարելով Չհարմահալ եւ Պախթիարիի փոխնահանգապետ Զաֆեր Մայտանիի յայտարարութեան:
Յիշեցնենք, որ օդանաւը Շարժայէն Պոլիս թռիչք կատարած ատեն ջախջախուած էր նահանգի լեռնային տարածքին մէջ: Օդանաւը ջախջախուելուն պէս բռնկած էր:
Փրկարարները կարողացած են յայտնաբերել 11 զոհերէն 10-ին մարմինները, որոնցմէ 8-ին ինքնութիւնը հաստատուած է: Միւս երկու զոհերու մարմինները տակաւին չեն ճանչցուած` այրուածքներու պատճառով:
Օդանաւը կը պատկանէր թրքական «Պաշարան Հոլտինկ» ընկերութեան:
«Մայատին» յաւելեալ մանրամասնութիւններ հաղորդելով կը նշէ, որ նշեալ ընկերութիւնը կը պատկանի Տրապիզոն Սփոր ֆութպոլի խումբի նախկին փոխնախագահ, թուրք գործարար Հուսէյն Պաշարանի: Զոհերուն շարքին է անոր դուստրը` Մինան, որ իր ընկերուհիներուն հետ Տուպայ մեկնած էր պսակէն առաջ խնճոյքի համար:



