Սպիտակ տան մամլոյ քարտուղարի տեղակալ Ռա Շահ յայտարարած է, թէ չի բացառուիր, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Հիւսիսային Քորէայի ղեկավար Քիմ Չեն Ընի հանդիպումը տեղի ունենայ Ուաշինկթընի մէջ:
«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Սպիտակ տան ներկայացուցիչը` պատասխանելով ամերիկեան պատկերասփիւռի կայանի մը հաղորդավարին այն հարցումին, թէ արդեօք երկու ղեկավարներու հանդիպումը կրնա՞յ տեղի ունենալ Սպիտակ տան մէջ, յայտնած է. «Տակաւին ոչինչ ունիմ յայտարարելու, հանդիպումին ժամն ու վայրը ցարդ չէ որոշուած… ոչինչ կը բացառուի»:
Թրամփի` Հիւսիսային Քորէա կատարելիք հաւանական այցելութեան մասին խօսելով, Սպիտակ տան ներկայացուցիչը ըսած է. «Չեմ կարծեր, թէ ատիկա հաւանական է, սակայն անգամ մը եւս ոչինչ կը բացառեմ»:
Յիշեցնենք, որ օրեր առաջ Թրամփ համաձայնութիւն տուած էր Հիւսիսային Քորէայի ղեկավարին հետ հանդիպելու առաջարկին:
Հարաւային Քորէայի ազգային ապահովութեան խորհրդատուն իր կարգին յայտնած էր, որ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ մայիսին:
Միւս կողմէ, Սէուլի մէջ լոյս տեսնող «Տոնկա Իլպօ» օրաթերթը երէկ հաղորդեց, որ Հիւսիսային Քորէայի ղեկավարը կ՛ուզէ խաղաղութեան համաձայնագիր ստորագրել եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատել Միացեալ Նահանգներուն հետ:
Օրաթերթի տեղեկութիւններուն համաձայն, Միացեալ Նահանգներու հետ յարաբերութիւններու համապարփակ լուծման փափաքին մասին Հիւսիսային Քորէայի ղեկավարը արտայայտած է Հարաւային Քորէայէն Փիոնկիանկ ժամանած պատուիրակութեան հետ հանդիպումին:
Նախապէս, սակայն, Հարաւային Քորէայի նախագահ Մուն Ճէ Ին ըսած էր, թէ տակաւին շատ կանուխ է այս հարցին մէջ լաւատեսութիւն ցուցաբերելը:



