Յունաստանի Եւ Թուրքիոյ Սահմանին Վրայ Գերմանացի Երկու Լրագրող Ձերբակալուած Է
Յոյն ոստիկանները Թուրքիոյ հետ սահմանին վրայ գտնուող Էւրոս արգիլուած սահմանային գօտիին մէջ ձերբակալած են գերմանացի երկու լրագրողներ: Այս մասին կը հաղորդէ «Պիզնըս Սթանտըրտ»-ը: 31-ամեայ տղամարդն ու 33-ամեայ կինը ձերբակալուած են Տիտիմոթիխոս շրջանի Փրանկի գիւղին մօտ: Այս տարածքին մէջ գտնուելու համար անհրաժեշտ է զինուորական իշխանութիւններու արտօնութիւնը: Լրագրողներուն պնդումով` իրենք կ՛աշխատին գերմանական «Ա.Էր.Տէ.» պատկերասփիւռի կայանին համար եւ Էվրոս եկած էին նկարելու համար...




















