Թուրքիան պատրաստ է պատասխանելու Միացեալ Նահանգներու կողմէ իրեն դէմ հաստատուելիք հաւանական պատժամիջոցներուն: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին գերմանական «Ցայթ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին նշած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու:
Այն հարցումին, թէ Թուրքիան ինչպէ՞ս կը պատրաստուի արձագանգելու հաւանական պատժամիջոցներուն, որոնք կը քննարկուին ամերիկեան քոնկրեսին մէջ, Չաւուշօղլու նշած է. «Եթէ անոնք կ՛ուզեն պատժամիջոցներով պատժել Թուրքիան, ապա Թուրքիան այլ ձեւով պիտի արձագանգէ, քան Ռուսիան ու միւս երկիրները»:
«Մենք պիտի պատասխանենք: Դուք պէտք չէ մեզի սպառնաք: Միացեալ Նահանգներ շատերուն կը սպառնան` ըսելով մօտաւորապէս այսպէս. «Կազ մի՛ գնէք այս կամ այն երկրէն»: Այդպէս կարելի չէ», աւելցուց Չաւուշօղլուն:



