Դաշոյնով զինուած անծանօթ անձ մը սպաննուեցաւ Վիեննայի մէջ Իրանի դեսպանին նստավայրին հսկող զինուորներու կողմէ:
Աւստրիական ոստիկանութիւնը հաղորդեց, որ պահակներէն մէկը կիրակի, տեղական ժամանակացոյցով ժամը 23:35-ին տեղի ունեցած յարձակումին ընթացքին թեւէն վիրաւորուած է եւ փոխադրուած հիւանդանոց:
Ոստիկանութեան բանբեր Հերալտ Սորես յայտնեց, որ զինուորը փորձած է արցունքաբեր սրսկիչով ինքզինք պաշտպանել եւ երկուքին միջեւ պայքար տեղի ունեցած է:
Առնուազն չորս փամփուշտ արձակուած է:
Ոստիկանութեան մէկ բանբերը ԱՖՓ-ին յայտնեց, թէ յարձակումը գործած 26-ամեայ աւստրիացին «տեղւոյն վրայ մահացաւ»:
Դէպքին շուրջ հետաքննութիւն տեղի կ՛ունենայ: Յարձակումին դրդապատճառները կը մնան անյայտ:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Պահրան Ղասեմի յայտնեց, որ դեսպան Ապտոլլա Մոլաէի ոչ մէկ վնաս հասած է:
Անցեալ շաբաթ արձանագրուած էր դաշոյնով անկապ յարձակումներու շարք մը, որուն պատասխանատուութիւնը ստանձնեց 23 տարեկան աֆղան մը: Չորս անձեր լուրջ վէրքեր ստացած էին:



