Ֆրանսա Կրնայ Միացեալ Նահանգներու Հետ Հարուածներ Հասցնել Սուրիոյ Մէջ Քիմիական Զէնքերու Պահեստներուն
Ֆրանսա կրնայ Միացեալ Նահանգներու հետ Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքերու պահեստներուն միացեալ հարուածներ հասցնելու գործողութիւն շղթայազերծել, եթէ ապացուցէ, թէ այդ զէնքը օգտագործուած է: Երէկ «Էօրոփ 1» ձայնասփիւռի կայանէն յայտարարած է Ֆրանսայի զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետ զօր. Ֆրանսուա Լեքուենթր: «Արմէնփրես», յղում կատարելով ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան, կը հաղորդէ, որ ֆրանսացի զօրավարը յայտարարած է. «Ամբողջովին ակնյայտ է, որ այդպիսի հարուածները պիտի հասցուին Միացեալ Նահանգներու...




















