Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրիոյ Մէջ Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 6, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցան սուրիական նախկին վարչակարգի տապալումէն ետք առաջին խորհրդարանական ընտրութիւնները։

«Ժազիրա» կը հաղորդէ, որ նշանակալից թեկնածուներէն էին երեսը շղարշով փակած տիկին մը, ինչ որ նախապէս անկարելի էր, ինչպէս նաեւ սուրիացի հրեայ մը՝ Հանրի Համրան, որ 1990-ական թուականներուն Սուրիայէն հեռացած վերջին ռաբիին զաւակն է։ Ան այդպիսով շուրջ 70 տարիէ ի վեր առաջին հրեայ թեկնածուն է։

Սուրիոյ նախագահ ԱՀմետ Շարհ Դամասկոսի մէջ ընտրական կեդրոն այցելելու ընթացքին յայտնեց. «Սուրիան կրցաւ քանի մը ամիսէն այս հսկայական աշխատանքը կատարել եւ ընտրական հոլովոյթի ձեռնարկել»՝ աւելցնելով. «Սուրիոյ կառուցումը հաւաքական պատասխանատուութիւն է»։

«Սուրիացիները հպարտ են պատերազմի եւ քաոսի փուլէն ընտրութիւններու անցնելու», ըսաւ ան՝ աւելցնելով. «Կարիքը ունինք կառուցման ուղղութեամբ յառաջ ընթանալու համար առկախուած օրէնքներու շուրջ քուէարկութիւն կատարելու»։

Միւս կողմէ, Սուրիոյ նախագահը հրապարակեց 2025 թուականի թիւ 188 հրամանագիրը, որուն ճամբով ճշդեց պետական արձակուրդներն ու անոնց օրերը։

Պետական տօներու շարքին են Նոր տարին, արեւմտեան եկեղեցիներու Ս. Զատիկն եւ արեւելեան եկեղեցիներու Ս. Զատիկը, Սուրբ Ծնունդը, իսկ իբրեւ նոր տօներ ճշդեց Յեղափոխութեան տօնը՝ 18 մարտին, եւ Ազատագրութեան տօնը՝ 8 դեկտեմբերին։

Հրամանագիրը ջնջեց Նահատակաց տօնը, որ 1916-ին Դամասկոսի մէջ օսմանցիներու կողմէ սուրիացի ազգայնականներ մահապատիժի ենթարկելու օրն էր։ Ջնջնուեցաւ նաեւ «Հոկտեմբերի ազատագրական պատերազմ»-ը եւ Ուսուցչաց տօնը։

 

 

 

 

 

Նախորդը

«Թուրքիան Չի Կրնար Ռուսիայէն Կազ Գնելէ Հրաժարիլ» Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Ուժանիւթի Նախարարը

Յաջորդը

Համաս Ընդունեց Կազայի Վերաբերեալ Թրամփի Ծրագիրը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.