Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համաս Ընդունեց Կազայի Վերաբերեալ Թրամփի Ծրագիրը

Հոկտեմբեր 6, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համաս յայտարարեց, որ յարձակումն ու Կազայի բնակչութեան դէմ ցեղասպանական պատերազմը դադրեցնելու նախանձախնդրութենէն, ազգային պատասխանատուութենէն եւ պաղեստինցի ժողովուրդի սկզբունքներուն, իրաւունքներուն եւ գերագոյն շահերուն նկատմամբ պատասխանատուութենէն մղուած խորհրդակցութիւններ կատարած է պաղեստինեան տարբեր խմբաւորումներու, միջնորդ ու բարեկամ երկիրներու հետ` Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի Կազայի վերաբերեալ ծրագիրին նկատմամբ պատասխանատու դիրքորոշում գոյացնելու համար:

Պաղեստինեան շարժումը նշեց, որ խոր ուսումնասիրութենէ ետք տուած է իր որոշումը եւ զայն յանձնած միջնորդ երկիրներ Եգիպտոսին եւ Քաթարին:

«Համաս շարժումը կը գնահատէ արաբական, իսլամական եւ միջազգային ջանքերը` ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ջանքերը` Կազայի մէջ պատերազմը դադրեցնելու, գերիներու փոխանակում կատարելու, անմիջապէս օժանդակութիւններու մուտքը արտօնելու, Կազայի բռնագրաւումը մերժելու եւ մեր պաղեստինցի ժողովուրդի այդտեղէն տեղահանումը մերժելու:

«Այս ծիրին մէջ եւ մեկնելով այն բոլորէն, որ պատերազմի դադրեցում եւ Կազայէն ամբողջական հեռացում կ՛իրագործեն, շարժումը իր համաձայնութիւնը կը յայտարարէ ազատ արձակելու բռնագրաւումի բոլոր գերիները` ողջերն ու դիակները` նախագահ Թրամփի առաջարկին մէջ նշուած փոխանակման ձեւաչափին հիմամբ եւ գետնի վրայ փոխանակման գործողութեան պայմաններ ապահովելով:

«Այս առումով, շարժումը կը հաստատէ իր պատրաստակամութիւնը անոր մանրամասնութիւններու քննարկման համար անմիջապէս միջնորդներու ճամբով բանակցութիւններու ձեռնարկելու», կը նշուի Համասի պատասխանին մէջ:\

Թրամփ. «Ասիկա Միայն Կազային Չի Վերաբերիր, Այլ` Միջին Արեւելքի Մէջ Խաղաղութեան»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց. «Հիմնուելով Համասի քիչ առաջ հրապարակած հաղորդագրութեան վրայ, կը կարծեմ, թէ անոնք պատրաստ են տեւական խաղաղութեան: Իսրայէլ պէտք է Կազայի ռմբակոծումը անմիջապէս դադրեցնէ, որպէսզի կարենանք պատանդները անվտանգ եւ արագ կերպով դուրս բերել: Այժմ այդ մէկը կատարելը շատ վտանգաւոր է: Մենք իրողապէս քննարկումներ կը կատարենք մանրամասնութիւններուն շուրջ, զորս պէտք է կարգաւորել»:

Թրամփ «Թրութ Սոշըլ» ընկերային ցանցին միջոցով ըսաւ. «Ասիկա միայն Կազային չի վերաբերիր, այլ երկար ատենէ ի վեր Միջին Արեւելքի մէջ սպասուած խաղաղութեան»:

Իսրայէլի վարչապետի գրասենեակը յայտարարեց. «Իսրայէլ կը պատրաստուի անմիջապէս գործադրելու Կազայի վերաբերեալ Թրամփի ծրագիրը»:

Իսրայէլեան բանակը ցուցմունք ստացաւ կրճատելու Կազայի մէջ յարձակողական գործողութիւնները եւ կեդրոնանալու միայն պաշտպանողական գործողութիւններու վրայ:

Թրամփ կիրակի օր ալ նշեց. «Իսրայէլ բանակցութիւններէ ետք համաձայնեցաւ հեռացման առաջին գիծին, եւ այս համաձայնութիւնը Համասին փոխանցեցինք»` աւելցնելով. «Զինադադարը ուժի մէջ պիտի մտնէ, երբ Համաս համաձայն գտնուի հեռացման առաջին գիծին»:

«Զինադադարի ուժի մէջ մտնելուն հետ միաժամանակ գերիներու փոխանակում տեղի պիտի ունենայ», աւելցուց ան:

Թրամփ իսրայէլեան 12-րդ պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Նեթանիահուն Կազայի մէջ շատ հեռու գնաց, եւ Իսրայէլ համաշխարհային շատ աջակցութիւն կորսնցուց: Այժմ պիտի վերականգնեմ այդ զօրակցութիւնը»` աւելցնելով. «Նեթանիահուին ըսի, թէ ասիկա յաղթանակ արձանագրելու իր առիթն է»:

Ապու Մարզուք. «Համաս Թրամփի Ծրագիրին Հաւանութիւն Տուաւ, Սակայն Գործադրութիւնը Բանակցութեան Կը Կարօտի»

Համասի ղեկավարներէն Մուսա Ապու Մարզուք «Ժազիրա» պատկերասփիւռի արբանեակային կայանին յայտնեց, թէ շարժումը հաւանութիւն տուած է Կազայի պատերազմին վերջ տալու նախագահ Թրամփի խորագիրներուն` իբրեւ սկզբունք, սակայն ծրագիրի գործադրութիւնը բանակցութեան կը կարօտի:

Ան ըսաւ, որ պաղեստինեան շարժումը ծրագիրին նկատմամբ դրական ընկալում ցուցաբերած է այն հիմամբ, որ առաջնահերթութիւնը պատերազմին ու իսրայէլեան ջարդերու դադրեցումը ըլլայ:

Ապու Մարզուք աւելցուց, որ Համասը առնչակից է առաջին 9 կէտերուն, որոնք կը վերաբերին պատերազմի դադրեցումին, բռնագրաւումին վերջ տալուն, պաղեստինցի ժողովուրդին օժանդակութիւններու տրամադրման եւ իշխանութիւնը պատերազմի դադրեցումէն ետք եկող առաջին օրուան մէջ յանձնելուն` նշելով, որ Կազայի կառավարումը անկախներէ բաղկացած յանձնախումբի մը յանձնումին շուրջ ազգային համաձայնութիւն գոյացած է Գահիրէի մէջ:

Ան նշեց, որ այն կէտերը, որոնց շուրջ շարժումը պիտի բանակցի, պատերազմին ու յարձակումին վերջ տալը, իսրայէլեան հեռացումը, օժանդակութիւններու մատակարումը եւ Կազայի ապագայ կառավարման կէտերն են` աւելցնելով, որ կարգ մը կէտեր անիրատեսական են, ինչպէս` գերիներն ու դիակները 72 ժամէն յանձնելը, որովհետեւ ատիկա բազմաթիւ մանրամասնութիւններու եւ շատ երկխօսութեան կը կարօտի:

Ինչ կը վերաբերի այն կէտերուն, որոնք Համասի ապագային, զինաթափման ու անոր ղեկավարութեան ապագային կը վերաբերին, Ապու Մարզուք ըսաւ. «Իսրայէլ ինք յայտարարեց, թէ Համասի կարողութիւններուն 90 առ հարիւրը քանդած է, ուստի ո՞ր զէնքը կ՛ուզէ խլել», եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահը ինք կ՛ըսէ, թէ Համասի 25 հազար մարտիկներ սպաննուած են:

«Շարժումը պատրաստակամութիւն յայտնեց իր զէնքը յանձնելու այն օրը, երբ գերիշխան պաղեստինեան պետութիւն կը գոյանայ», նշեց Համասի ղեկավարը:

«Զէնքը բռնագրաւումի դիմակայման համար էր, եւ երբ բռնագրաւումը վերանայ եւ պաղեստինցիները կարենան իրենք զիրենք կառավարել, ապա ան, որ Կազային պիտի իշխէ, ան պիտի ունենայ զէնքը, եւ այս զէնքին կարիքը պիտի չըլլայ», աւելցուց ան:

Ապու Մարզուք յայտնեց, որ Կազա միջազգային ուժերու ուղարկումը եւս բանակցութեան կը կարօտի: «Այդ ուժերուն ո՞ր երկիրները պիտի մասնակցին: Այդ ուժերուն մէջ որոշումը որո՞ւն պիտի պատկանի: Ի՞նչ են դրուելիք հաւասարակշռութիւնները, եւ ո՞վ է անոնց պատասխանատուն: Խաղաղապահ ուժերուն իրաւասութիւնները ի՞նչ են: Աշխարհագրական ո՞ր սահմաններուն մէջ պիտի գործեն», հարց տուաւ ան:

Համասի ղեկավարը հարց տուաւ, թէ խաղաղապահ ուժերը Եգիպտոսի եւ Կազայի միջեւ սահմաններո՞ւն վրայ պիտի ըլլան, թէ՞ Եգիպտոսի, Կազայի եւ Իսրայէլի:

Ինչ կը վերաբերի Կազան ահաբեկչութենէն զերծ ըլլալուն վերաբերող կէտին, Ապու Մարզուք ըսաւ, որ Համաս շարժումը համաձայն է այս կէտին, որովհետեւ շարժումը Ուաշինկթընի եւ Թել Աւիւի որակածին նման ահաբեկչական շարժում մը չէ:

Ֆիտան. «Նեթանիահուն Կրնայ Որեւէ Պահու Խոչընդոտել»

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան նշեց. «Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն կրնայ որեւէ պահու խոչընդոտել Կազայի մէջ պատերազմին վերջ տալու ծրագիրը»:

Արաբական–Իսլամական Միացեալ Հաղորդագրութիւն

Սէուտական Արաբիոյ, Յորդանանի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Ինտոնեզիոյ, Փաքիստանի, Թուրքիոյ, Քաթարի եւ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարը երէկ հրապարակեցին հաղորդագրութիւն մը` յանձնառութիւն ստանձնելով աջակցելու Կազայի պատերազմին վերջ տալու եւ բոլոր գերիները ազատ արձակելու Թրամփի ծրագիրի կէտերուն գործադրութեան, ինչպէս նաեւ անմիջապէս սկսելու անոր գործադրութեան մեքանիզմներուն շուրջ համաձայնութեան գոյացման բանակցութիւններուն:

Հաղորդագրութիւնը ողջունեց Համասի քայլերը եւ պատրաստակամութիւնը Կազայի կառավարումը զիջելու անկախ թեքնոքրաթներէ կազմուած պաղեստինեան փոխանցման վարչական յանձնախումբի մը, եւ ընդգծեց առաջարկը գործադրելու մեքանիզմներուն շուրջ համաձայնութեան գոյացման եւ անոր բոլոր երեսները կարգաւորելու համար անմիջապէս բանակցութիւններու սկսելու:

Արտաքին գործոց նախարարները նաեւ իրենց գնահատանքը յայտնեցին Միացեալ Նահանգներու նախագահին շրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման նկատմամբ յանձնառութեան` ընդգծելով, որ այս զարգացումները իսկական առիթ կը ներկայացնեն Կազայի մէջ համապարփակ ու տեւական զինադադար հաստատելու եւ կարգաւորելու Կազայի բնակչութեան դիմագրաւած մարդասիրական վտանգաւոր կացութիւնը:

Նախարարները շեշտեցին իրենց հասարակաց յանձնառութիւնը աջակցելու այն ջանքերուն, որոնց նպատակը առաջարկի կէտերու գործադրութիւնն է` Կազայի պատերազմին անմիջապէս վերջ տալու աշխատանք տանելու, Կազայի մէջ մարդասիրական բոլոր օժանդակութիւններուն առանց սահմանափակումներու հասանելիութիւնը երաշխաւորող համապարփակ համաձայնութեան գոյացնելու, պաղեստինցի ժողովուրդը չտեղահանելու եւ չորդեգրելու որեւէ քայլ, որ կը սպառնայ քաղաքայիններու անվտանգութեան, ազատ արձակելու գերիները, պաղեստինեան իշխանութիւնը Կազա վերադարձնելու, Այսրյորդանանն ու Կազան միաւորելու, գոյացնելու ապահովական մեքանիզմներ, որոնք կ՛երաշխաւորեն բոլոր կողմերուն անվտանգութիւնը, ինչ որ կը յանգեցնէ իսրայէլեան ամբողջական հեռացման ու Կազայի վերաշինութեան, ինչպէս նաեւ ճամբայ կը հարթէ երկու պետութիւններ սկզբունքին հիմամբ արդար խաղաղութեան հաստատման:

Նեթանիահու. «Կռիւը Պիտի Շարունակենք, Եթէ…»

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտնեց. «Եթէ բոլոր պատանդները Թրամփի ճշդած վերջնական ժամկէտէն առաջ ազատ չարձակուին, առնչակից բոլոր պետութիւններուն աջակցութեամբ պիտի վերսկսինք կռուելու»:

Ան շեշտեց, որ Իսրայէլ պատասխանատու եւ մասնակից պիտի ըլլայ Կազայի զինաթափման:

Նեթանիահու նաեւ նշեց, որ իր կառավարութիւնը յաջողեցաւ կացութիւնը ամբողջութեամբ Իսրայէլի մեկուսացումէն Համասի մեկուսացման շրջել:

Այս յայտարարութիւնները հնչեցին, մինչ իսրայէլեան բանակը կը շարունակէ ռմբակոծումը:

Ռուպիօ. «Կազայի Պատերազմը Տակաւին Չաւարտեցաւ»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ նշեց. «Ներկայիս Իսրայէլի եւ Համասի միջեւ համաձայնութեան շուրջ ժողովներ կը գումարուին, եւ կը յուսանք գումակային հարցերը շատ արագ աւարտել»:

«Համաս սկզբունքով համաձայն գտնուեցաւ պատերազմէն ետք տեղի ունենալիքին», ըսաւ ան:

Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը նաեւ ընդգծեց. «Հիմա չենք կրնար Կազայի պատերազմի աւարտած ըլլալուն մասին խօսիլ, որովհետեւ տակաւին որոշ աշխատանք կայ կատարելիք, եւ զինաթափման ու հեռացման վերաբերեալ երկրորդ փուլը դիւրին պիտի չըլլայ»:

«Կարելի չէ երեք օրուան մէջ Համասը չներառող Կազայի իշխանութիւն ձեւաւորել, եւ շուտով, գումակային հարցերու շուրջ այս թեքնիք բանակցութիւններու ընթացքին հիմամբ պիտի իմանանք, եթէ Համասը լո՞ւրջ է, թէ՞ ոչ», նշեց Ռուպիօ:

 

 

Նախորդը

Սուրիոյ Մէջ Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

Յաջորդը

Ակնարկ. Կրճատուած Գործողութիւններ

RelatedPosts

Ակնարկ.   Կրճատուած Գործողութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կրճատուած Գործողութիւններ

Հոկտեմբեր 6, 2025
Սուրիոյ Մէջ Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Սուրիոյ Մէջ Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

Հոկտեմբեր 6, 2025
«Թուրքիան Չի Կրնար Ռուսիայէն Կազ Գնելէ Հրաժարիլ» Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Ուժանիւթի Նախարարը
Միջազգային

«Թուրքիան Չի Կրնար Ռուսիայէն Կազ Գնելէ Հրաժարիլ» Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Ուժանիւթի Նախարարը

Հոկտեմբեր 6, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?