Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի նշեց. «Նախկին յարձակումներուն լոյսին տակ Թեհրանի դէմ միջազգային պատժամիջոցներու վերահաստատումէն եւ «ՍնափՊաք»-ի կիրարկումէն ետք, ՄԱԿ-ի Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան հետ կնքուած «Գահիրէի համաձայնութիւն»-ը դադրած է գործելէ»:
«ՍնափՊաք»-ի կիրարկումը պայմանները փոխեց, եւ Իրան ներկայիս կը դիմագրաւէ նոր կացութիւն մը, որ կարիքը ունի նոր որոշումներու որդեգրման», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Գահիրէի համաձայնութիւն»-ը գործնականին մէջ իր ազդուութիւնը կորսնցուց»:
Արաղչի շեշտեց, որ իր երկիրը բոլոր անհրաժեշտ քայլերը որդեգրելով, Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան հետ գործակցելով եւ արդար առաջարկներ ներկայացնելով յստակօրէն ցոյց տուաւ իր բարի կամեցողութիւնը:
«Արեւմտեան պետութիւնները որեւէ արդարացում չունին ըսելու, թէ Իրան բանակցութիւններէն կը խուսափի, եւ «ՍնափՊաք»-ը կիրարկելու որեւէ պատճառ չկայ», ըսաւ իրանեան դիւանագիտութեան պետը` շեշտելով, որ իր երկրին դիրքորոշումն ու օրինական իրաւունքը շատ յստակ է:
Յիշեցնենք, որ Արաղչի 9 սեպտեմբերին Գահիրէի մէջ Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան հետ կնքած էր համաձայնութիւն մը, որ յստակօրէն կը ճշդէ իրանեան հիւլէական կայաններու խուզարկութեան գործողութիւններու քայլերը: