Միջազգային

Թուրքիա «Անյաջող Քայլ» Կ՛որակէ Իրան-Վեցեակ  Համաձայնագիրէն Դուրս Գալու Թրամփի Որոշումը

Թուրքիա «Անյաջող Քայլ» Կ՛որակէ Իրան-Վեցեակ Համաձայնագիրէն Դուրս Գալու Թրամփի Որոշումը

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը մեկնաբանած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի` Իրանի հիւլէական ծրագիրի համաձայնագիրէն դուրս գալու որոշումը եւ զայն անուանած «անյաջող քայլ»: Այս մասին կը գրէ թրքական «Սապահ» օրաթերթը: «Այս իրավիճակին մէջ Միացեալ Նահանգներու կատարած քայլը անյաջող կ՛որակենք», նշուած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած յայտարարութեան մէջ: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը նշէ, թէ Թուրքիան միշտ ալ յայտնած է,...

Չինաստան Ցաւ Կը Յայտնէ.  Օպամա. «Իրան-Վեցեակ Համաձայնագիրէն  Դուրս Գալու Որոշումը Լուրջ Սխալ Է»

Չինաստան Ցաւ Կը Յայտնէ. Օպամա. «Իրան-Վեցեակ Համաձայնագիրէն Դուրս Գալու Որոշումը Լուրջ Սխալ Է»

Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Պարաք Օպամա «լուրջ սխալ» նկատած է Իրանի հիւլէական ծրագիրի համաձայնագիրէն Միացեալ Նահանգներու դուրս գալու մասին Տանըլտ Թրամփի որոշումը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը: «Ես վստահ եմ, որ Գործողութիւններու միացեալ համապարփակ ծրագիրը սպառնալիքի տակ դնելու որոշումը` առանց Իրանի կողմէ համաձայնագիրի խախտումներու, լուրջ սխալ է: Առանց Գործողութիւններու միացեալ համապարփակ ծրագիրի` Միացեալ Նահանգներ վերջին հաշուով կրնայ պարտուած...

Թուրքիան Պիտի Գնէ «Էս-400» Համակարգերը`  Հակառակ Միացեալ Նահանգներու Կողմէ  Հաւանական Պատժամիջոցներու Սպառնալիքին

Թուրքիան Պիտի Գնէ «Էս-400» Համակարգերը` Հակառակ Միացեալ Նահանգներու Կողմէ Հաւանական Պատժամիջոցներու Սպառնալիքին

Թուրքիոյ պաշտպանական արդիւնաբերութեան գլխաւոր վարչութեան քարտուղար Իսմայիլ Տեմիր յայտարարած է, թէ Թուրքիան Ռուսիայէն պիտի գնէ «Էս-400» հակահրթիռային համակարգերը` հակառակ Միացեալ Նահանգներու կողմէ հաւանական պատժամիջոցներու սպառնալիքին: Այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը: Տեմիր շեշտած է, որ իրենք տեղեակ են հաւանական պատժամիջոցներու մասին հաղորդումներէն, սակայն Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ նախագահները յստակ որոշում տուած են, եւ ատիկա անքակտելի է: «Ասիկա մանկական խաղ չէ,...

«Սէուտական Արաբիան Չ՛ուզեր, Որ Շրջանը  Բարգաւաճում, Անվտանգութիւն  Եւ Կայունութիւն Ունենայ»  Կ՛ըսէ Ղասեմի

«Սէուտական Արաբիան Չ՛ուզեր, Որ Շրջանը Բարգաւաճում, Անվտանգութիւն Եւ Կայունութիւն Ունենայ» Կ՛ըսէ Ղասեմի

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Պահրամ Ղասեմի յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիան «չ՛ուզեր, որ շրջանին մէջ անվտանգութիւն ու կայունութիւն տիրէ եւ բարգաւաճում արձանագրուի»: «Սէուտական Արաբիոյ նման պետութիւն մը չ՛ուզեր, որ շրջանը բարգաւաճում, անվտանգութիւն ու կայունութիւն ունենայ», ըսաւ Ղասեմի: «Թերեւս իշխանութեան հասած նորելուկ տղաքը կը կարծեն, որ իրենց գոյատեւումը քաոսի, անկարգութեան ու կայունութեան քայքայման մէջ կը կայանայ: Ցաւօք, շրջանի կարգ մը հարցերու,...

Էրտողան Լոնտոնի Մէջ Պիտի Հանդիպի  Էլիզապեթ Թագուհիին Եւ Թերեզա Մէյի Հետ

Էրտողան Լոնտոնի Մէջ Պիտի Հանդիպի Էլիզապեթ Թագուհիին Եւ Թերեզա Մէյի Հետ

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան թուրք-բրիտանական «Սուիթ Թոք» խորհրդաժողովին մասնակցելու ծիրին մէջ 13-15 մայիսին պիտի այցելէ Բրիտանիա: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Հիւրրիեթ» օրաթերթը: Էրտողան իր այցելութեան ծիրին մէջ հանդիպում պիտի ունենայ Բրիտանիոյ Էլիզապեթ Բ. թագուհիին եւ երկրի վարչապետ Թերեզա Մէյի հետ: Հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Պաքինկհամ պալատին մէջ: Հանդիպումին ընթացքին կողմերը պիտի քննարկեն շարք մը խնդիրներ, ներառեալ Միջին Արեւելքի...

«Ամերիկեան Բանակը Միջին Արեւելքի Մէջ  Կացութեան Դիմակայման Համար Կարիքը  Ունի Դրամական Մեծ Աջակցութեան»  Կ՛ըսէ Մաթիս

«Ամերիկեան Բանակը Միջին Արեւելքի Մէջ Կացութեան Դիմակայման Համար Կարիքը Ունի Դրամական Մեծ Աջակցութեան» Կ՛ըսէ Մաթիս

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Ճէյմս Մաթիս յայտնեց. «2018-ի պիւտճէն ամերիկեան բանակին կարողութիւն պիտի տայ կազմելու մահաբեր ուժ մը»: «Ամերիկեան բանակը Միջին Արեւելքի մէջ կացութեան դիմակայման համար կարիքը ունի նիւթական մեծ օժանդակութեան», ըսաւ Մաթիս: Քոնկրեսին մէջ լսումի ընթացքին Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարը զգուշացուց. «Իւրաքանչիւր անձ, որ Միացեալ Նահանգներուն զինուորական մարտահրաւէր կ՛ուղղէ, իր յոռեգոյն օրը պիտի ապրի»:

«Էս-400» Համակարգերու Թուրքիա  Առաքումը Պիտի Սկսի 2020 Թուականին

«Էս-400» Համակարգերու Թուրքիա Առաքումը Պիտի Սկսի 2020 Թուականին

Թուրքիոյ հետ «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու ձեռքբերման շուրջ համաձայնագիրը պիտի սկսի կեանքի կոչուիլ 2020 թուականի սկիզբէն: Այս մասին «Ռոսիա 24» պատկերասփիւռի կայանէն յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահի սպառազինական համագործակցութեան գծով օգնական Վլատիմիր Քոժին: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը: «Թրքական կողմը կ՛ուզէր արագացնել համաձայնագիրին իրագործումը, եւ մենք կրցանք լաւագոյն տարբերակը գտնել եւ արագացնել մեր պարտաւորութիւններուն կեանքի կոչուիլը», նշած է Քոժին`...

«Իրանի Արտաքին Քաղաքականութեան Հիմքը  Կառուցողական Յարաբերութիւններն  Են Աշխարհի Հետ»  Կ՛ըսէ Ռուհանի

«Իրանի Արտաքին Քաղաքականութեան Հիմքը Կառուցողական Յարաբերութիւններն Են Աշխարհի Հետ» Կ՛ըսէ Ռուհանի

Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի յայտարարած է, որ Իրանի իսլամական հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան հիմքը կառուցողական յարաբերութիւններն են աշխարհի հետ: «Արմէնփրես» կը գրէ, որ այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը: «Մեր արտաքին քաղաքականութեան հիմքը աշխարհի հետ կառուցողական յարաբերութիւններն են», ըսած է Ռուհանի: Գործակալութիւնը նաեւ կը նշէ, որ Թեհրանի մէջ նաւթային ոլորտի ներկայացուցիչներուն հետ կայացած հանդիպումին ընթացքին Իրանի նախագահը յայտարարած է. «Մենք...

Միացեալ Նահանգներ Դուրս Եկան Իրանի Հետ  Կնքուած Համաձայնագիրէն  Եւ Վերականգնեցին Պատժամիջոցները

Միացեալ Նահանգներ Դուրս Եկան Իրանի Հետ Կնքուած Համաձայնագիրէն Եւ Վերականգնեցին Պատժամիջոցները

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ակնկալուածին նման յայտարարեց, որ իր երկիրը դուրս կու գայ Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ 2015-ին կնքուած համաձայնագիրէն` առարկելով, որ այս համաձայնագիրով կարելի չէ Իրանին արգիլել հիւլէական ռումբ ձեռք ձգել: Թրամփ Սպիտակ տան մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարեց, որ նաեւ պիտի ստորագրէ Իրանի դէմ պատժամիջոցները վերականգնող փաստաթուղթ մը: «Իրանի դէմ խիստ պատժամիջոցները ամբողջութեամբ պիտի մտնեն ուժի...

Եըլտըրըմ. «Շրջանին Մէջ Թուրքիոյ  Ղեկավարութեան Կարիքը Կայ»

Եըլտըրըմ. «Շրջանին Մէջ Թուրքիոյ Ղեկավարութեան Կարիքը Կայ»

Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ յայտնեց. «Շրջանին մէջ Թուրքիոյ ղեկավարութեան գոյութեան կարիքը կայ, որպէսզի Թուրքիան գծէ ապագայ զարգացումներուն ճամբու քարտէսը»: «Մեր շրջանը վտանգներով լեցուած է, եւ մեր աշխարհաքաղաքական վտանգները չվերջացան, այլ կը շարունակուին: Շրջանին քարտէսը վերայստակացնելու ուղղութեամբ կարեւոր աշխատանքներ ու ծրագիրներ գոյութիւն ունին», ըսաւ ան: «Թուրքիան ուրիշներու հողերէն ոչ մէկ թիզին նկատմամբ ախորժակներ ունի, սակայն մեր պարտականութիւնն է շատ նախանձախնդիր ըլլալ...

Ապպաս Լատինամերիկեան Երկիրներուն  Կոչ Կ՛ուղղէ` Իրենց Դեսպանատուները  Երուսաղէմ Չփոխադրելու

Ապպաս Լատինամերիկեան Երկիրներուն Կոչ Կ՛ուղղէ` Իրենց Դեսպանատուները Երուսաղէմ Չփոխադրելու

Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս լատինամերիկեան երկիրներուն կոչ ուղղեց` իրենց դեսպանատուները Թել Աւիւէն Երուսաղէմ չփոխադրելու, ինչպէս յառաջիկայ շաբաթ պիտի կատարեն Միացեալ Նահանգները: «Կը յուսանք, որ ամերիկեան ցամաքամասի կարգ մը երկիրներ իրենց դեսպանատուները չփոխադրեն Երուսաղէմ, որովհետեւ ատիկա միջազգային օրինականութեան դէմ է», ըսաւ ան` Վենեզուելայի նախագահ Նիքոլաս Մատուրոյի հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին: Ապպաս շնորհակալութիւն յայտնեց իր վենեզուելացի պաշտօնակիցին` Երուսաղէմը իբրեւ Իսրայէլի մայրաքաղաք...

Երուսաղէմի Մէջ Միացեալ Նահանգներու  Ապագայ Դեսպանատան Մօտ Գտնուող Հրապարակը  Պիտի Վերանուանուի Տանըլտ Թրամփի Անունով

Երուսաղէմի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Ապագայ Դեսպանատան Մօտ Գտնուող Հրապարակը Պիտի Վերանուանուի Տանըլտ Թրամփի Անունով

Երուսաղէմի մէջ Միացեալ Նահանգներու ապագայ դեսպանատան մօտ գտնուող հրապարակը պիտի վերանուանուի Միացեալ Նահանգներու 45-րդ նախագահ Տանըլտ Թրամփի անունով: Այս մասին կը հաղորդէ իսրայէլեան «Ճերուզալեմ փոսթ» օրաթերթը: Օրաթերթին տեղեկութիւններով` Երուսաղէմի քաղաքապետ Նիր Պարքաթ յայտարարած է հրապարակը Տանըլտ Թրամփի ի պատիւ պաշտօնապէս անուանափոխելու մտադրութեան մասին: «Այդ ձեւով, Երուսաղէմը երախտագիտութիւն պիտի յայտնէ Միացեալ Նահանգներու նախագահին եւ ժողովուրդին, որոնք կ՛աջակցին Իսրայէլի պետութեան», ըսած է...

Ուաշինկթըն Կը Պատրաստուի  250 Միլիոն Տոլար  Յատկացնել Ուքրանիոյ`  Անվտանգութեան Ապահովման Համար

Ուաշինկթըն Կը Պատրաստուի 250 Միլիոն Տոլար Յատկացնել Ուքրանիոյ` Անվտանգութեան Ապահովման Համար

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը կը պատրաստուի Ուքրանիոյ յատկացնելու 250 միլիոն տոլար` անվտանգութեան ապահովման համար. այս մասին կը վկայէ 2019 ելեւմտական տարուան պաշտպանութեան պիւտճէն: «Քորրեսփոնտընթ» կայքը, վկայակոչելով Միացեալ Նահանգներու մէջ Ուքրանիոյ դեսպանատունը, կը հաղորդէ, որ բանաձեւը ներկայացուցած է Ներկայացուցիչներու տան համապատասխան յանձնախումբը: Կը նշուի, որ այդ գումարէն 50 միլիոն տոլար կը նախատեսուի բացառապէս պաշտպանական բնոյթի սպառազինութեան մահացու տեսակներու տրամադրման համար: Ուքրանիոյ դեսպանատունը...

Քոնկրեսը Մտադիր Է Ընդլայնել Սուրիական  Զինեալ Ընդդիմութեան Մարզումն Ու Զինումը

Քոնկրեսը Մտադիր Է Ընդլայնել Սուրիական Զինեալ Ընդդիմութեան Մարզումն Ու Զինումը

Ըստ մամլոյ տեղեկութեանց, Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը մտադիր է մինչեւ 2019-ի աւարտը ընդլայնել Սուրիոյ մէջ զինեալ ընդդիմութեան մարզումն ու զինումը, ըստ 2019-ի համար ամերիկեան պաշտպանութեան մարզի յատկացուած պիւտճէին: Նշեալ պիւտճէի նախագիծը կը ներառէ սուրիական ընդդիմութեան աջակցութեան ծրագիրը ընդլայնել եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահին կոչ կ՛ուղղէ` այդ առնչութեամբ մանրամասն պատկերացում ներկայացնել Քոնկրեսին մէջ պաշտպանութեան հարցերու յանձնախումբին: Օրինագիծը նաեւ կը նշէ, որ ծրագիրը կը...

«Թուրքիան Կը Խախտէ Արեւմուտքի`  Պալքաններուն Մէջ Ճգնաժամ  Ստեղծելու Ծրագիրները»  Կ՛ըսէ Էրտողան

«Թուրքիան Կը Խախտէ Արեւմուտքի` Պալքաններուն Մէջ Ճգնաժամ Ստեղծելու Ծրագիրները» Կ՛ըսէ Էրտողան

Թուրքիան կը խախտէ Արեւմուտքի` Պալքաններուն մէջ ճգնաժամ եւ անկայունութիւն ստեղծելու ծրագիրները, ինչ որ կը յառաջացնէ արեւմտեան երկիրներու քննադատութիւնը` շրջանին մէջ Թուրքիոյ գործունէութեան վերաբերեալ: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին ըսած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան: Նախապէս Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն Եւրոպական խորհրդարանին մէջ իր արտասանած խօսքի ընթացքին Եւրոպական Միութեան, Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ շահերու բախման ոլորտ կոչած էր Պալքանները:...

Երուսաղէմի Մէկ Փողոցին Մէջ Ամերիկեան  Դեսպանատան Ցուցանակը Զետեղուած Է

Երուսաղէմի Մէկ Փողոցին Մէջ Ամերիկեան Դեսպանատան Ցուցանակը Զետեղուած Է

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Երուսաղէմի փողոցներէն մէկուն մէջ ամերիկեան դեսպանատան ցուցանակը դրուած է: Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ 6 դեկտեմբեր 2017-ին յայտարարած էր, որ Երուսաղէմը կը ճանչնայ իբրեւ Իսրայէլի մայրաքաղաք, ինչպէս նաեւ մայիսին Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը Թել Աւիւէն պիտի փոխադրէ Երուսաղէմ:

«Համաձայնագիրէն Դուրս Գալը Թեհրանի  Հաւանական Ընտրանքներէն Մէկն Է,  Իսկ Վերջնական Որոշումը` Շաբաթ Օր»  Կ՛ըսէ Զարիֆ

«Համաձայնագիրէն Դուրս Գալը Թեհրանի Հաւանական Ընտրանքներէն Մէկն Է, Իսկ Վերջնական Որոշումը` Շաբաթ Օր» Կ՛ըսէ Զարիֆ

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ երէկ Իրանի խորհրդարանին մէջ իր արտասանած խօսքին ընթացքին յայտնեց, որ հիւլէական թղթածրարին շուրջ 2015-ին կնքուած համաձայնագիրէն դուրս գալը Թեհրանի հաւանական քայլերէն մէկը պիտի ըլլայ, եթէ Ուաշինկթըն դուրս գայ այդ համաձայնագիրէն: Իրանեան դիւանագիտութեան պետը նշեց, որ վերջնական որոշումը պիտի տրուի շաբաթ օր: Ան յայտնեց, որ իր երկիրը «որոշումը պիտի որդեգրէ հիմնուելով իր շահերուն վրայ,...

Նեթանիահու. «Իսրայէլ Պատրաստ Է  Պատերազմելու Իրանի Հետ»

Նեթանիահու. «Իսրայէլ Պատրաստ Է Պատերազմելու Իրանի Հետ»

Իսրայէլ պիտի չարտօնէ «իր հիւսիսային սահմաններուն վրայ թշնամական իրանեան զինուորական ներկայութիւնը»: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու: Կառավարութեան ղեկավարը Սուրիոյ մէջ Թեհրանի զինուորական ներկայութեան ուժեղացումը նկատած է Իսրայէլի դէմ ուղղուած գործողութիւն: Անոր համաձայն, վերջին ամիսներուն Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի անդամներ տագնապի գօտի կը տեղափոխեն յարձակողական եւ պաշտպանական զէնքեր, ներառեալ հարուածային անօդաչու թռչող սարքեր, հակաօդային...

«Ասատը Պիտի Սպաննենք, Եթէ Շարունակէ  Սուրիոյ Մէջ Իրանի  Գործունէութիւնը Արտօնել»  Կ՛ըսէ Իսրայէլացի Նախարար Մը

«Ասատը Պիտի Սպաննենք, Եթէ Շարունակէ Սուրիոյ Մէջ Իրանի Գործունէութիւնը Արտօնել» Կ՛ըսէ Իսրայէլացի Նախարար Մը

Իսրայէլի ուժանիւթի նախարար Եովալ Շթայնից սպառնաց «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը սպաննել, եթէ Իրանի արտօնէ Սուրիոյ մէջ գործել»: «Թեհրան սուրիական հողերը Իսրայէլին սպառնալու իբրեւ հարթակ կ՛օգտագործէ», նշեց ան` սպառնալով սուրիական վարչակարգը քանդել, եթէ իր երկիրը որեւէ վտանգի ենթարկուի: «Թել Աւիւ Իրանի հետ պատերազմով չէ հետաքրքրուած, սակայն անոր պիտի չարտօնէ իր սահմաններուն մօտ տեղակայուիլ», ըսաւ Շթայնից: «Իսրայէլ մինչեւ հիմա սուրիական քաղաքացիական պատերազմին...

«Գերմանիոյ Հետ Յարաբերութիւնները Պիտի Չվատթարանան»   Կ՛ըսէ Եըլտըրըմ

Անգարա Պատասխանած Է Աֆրինի Բնակիչներուն Վերադարձը Խոչընդոտելու Մասին Ուաշինկթընի Յայտարարութեան

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Համի Աքսոյ մեկնաբանած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հետըր Նոուըրթի` Աֆրինի մէջ տիրող իրավիճակին վերաբերող յայտարարութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ «Թուրքիէկազեթեսի» կայքը: Նոուըրթ յայտարարած էր, որ Սուրիոյ հիւսիսը թրքական բանակին կատարած զինուորական գործողութեան պատճառով Աֆրինի 140.000 բնակիչ ստիպուած եղած է լքել իր տունը եւ մինչեւ հիմա չի կրնար վերադառնալ: «Ամէնէն առաջ նշենք, որ...

Page 616 of 883 1 … 615 616 617 … 883

Արխիւներ