Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Ճէյմս Մաթիս յայտնեց. «2018-ի պիւտճէն ամերիկեան բանակին կարողութիւն պիտի տայ կազմելու մահաբեր ուժ մը»:
«Ամերիկեան բանակը Միջին Արեւելքի մէջ կացութեան դիմակայման համար կարիքը ունի նիւթական մեծ օժանդակութեան», ըսաւ Մաթիս:
Քոնկրեսին մէջ լսումի ընթացքին Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարը զգուշացուց. «Իւրաքանչիւր անձ, որ Միացեալ Նահանգներուն զինուորական մարտահրաւէր կ՛ուղղէ, իր յոռեգոյն օրը պիտի ապրի»: