Ըստ մամլոյ տեղեկութեանց, Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը մտադիր է մինչեւ 2019-ի աւարտը ընդլայնել Սուրիոյ մէջ զինեալ ընդդիմութեան մարզումն ու զինումը, ըստ 2019-ի համար ամերիկեան պաշտպանութեան մարզի յատկացուած պիւտճէին:
Նշեալ պիւտճէի նախագիծը կը ներառէ սուրիական ընդդիմութեան աջակցութեան ծրագիրը ընդլայնել եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահին կոչ կ՛ուղղէ` այդ առնչութեամբ մանրամասն պատկերացում ներկայացնել Քոնկրեսին մէջ պաշտպանութեան հարցերու յանձնախումբին:
Օրինագիծը նաեւ կը նշէ, որ ծրագիրը կը բովանդակէ մանրամասն տեղեկութիւններ սուրիական զինեալ խմբաւորումներուն տրամադրուած սպառազինութեան մասին:
Այս բոլորին կողքին ծրագիրը նաեւ կը բովանդակէ սուրիական զինեալ խմբաւորումներու մարտունակութեան գնահատման վերաբերեալ ցուցմունքներ:



