Այսօր Տեղի Կ՛ունենայ Երուսաղէմ Փոխադրուած Ամերիկեան Դեսպանատան Բացումը
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի դուստրը` Իվանքա Թրամփ եւ անոր ամուսինը` Ճարետ Քուշներ, որոնք երկուքն ալ Սպիտակ տան բարձրաստիճան խորհրդականներ են, երէկ հասան Իսրայէլ` մասնակցելու համար այսօր Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան Երուսաղէմի մէջ բացումի արարողութեան: Անոնց կ՛ընկերակցին Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարար Սթիվըն Մնուչին եւ արտաքին գործոց փոխնախարար Ճոն Սալիվըն: Յիշեցնենք, որ Թրամփի կողմէ Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչնալն ու իր երկրին դեսպանատունը...




















