Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Թուրքիան Կը Խախտէ Արեւմուտքի` Պալքաններուն Մէջ Ճգնաժամ Ստեղծելու Ծրագիրները» Կ՛ըսէ Էրտողան

May 9, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիան կը խախտէ Արեւմուտքի` Պալքաններուն մէջ ճգնաժամ եւ անկայունութիւն ստեղծելու ծրագիրները, ինչ որ կը յառաջացնէ արեւմտեան երկիրներու քննադատութիւնը` շրջանին մէջ Թուրքիոյ գործունէութեան վերաբերեալ: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին ըսած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան:

Նախապէս Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն Եւրոպական խորհրդարանին մէջ իր արտասանած խօսքի ընթացքին Եւրոպական Միութեան, Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ շահերու բախման ոլորտ կոչած էր Պալքանները: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Համի Աքսոյ յայտնած էր, որ Անգարան ոչ կառուցողական կը նկատէ այս մօտեցումը:

«Արեւմուտքի երկիրները թշնամանքով կ՛արձագանգեն Պալքաններուն մէջ մեր գործունէութեան, նախաձեռնութիւններուն ու ջանքերուն, որոնց կը ձեռնարկենք այդ շրջանին մէջ», ըսած է Էրտողան Թուրքիոյ մէջ Սերպիոյ նախագահ Ալեքսանտր Վուչիչի հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին:

Էրտողանի համաձայն, արեւմտեան երկիրները կը փորձեն խեղաթիւրել Թուրքիոյ գործողութիւններուն էութիւնը, որովհետեւ անոնց կ՛անհանգստացնէ այն, որ այս համագործակցութիւնը պտղաբեր է:

«Թուրքիոյ ջանքերը կը խախտեն անոնց ծրագիրները, որոնք անոնք մտադիր են իրականացնել ճգնաժամեր եւ անկայունութիւն ստեղծելու միջոցով, եւ կը խանգարեն ի կատար ածել շրջանին մէջ անոնց մտադրութիւնները», աւելցուցած է ան:

Էրտողան նաեւ նշած է, որ հակառակ Արեւմուտքի հակազդեցութեան, Թուրքիան կը շարունակէ աշխուժ գործունէութիւն ծաւալել Պալքաններուն մէջ:

«Օրինակ, Թուրքիան կը գործադրէ բոլոր անհրաժեշտ ջանքերը` շրջանին մէջ պատմական յուշարձանները վերականգնելու համար: Մենք պիտի շարունակենք նաեւ յառաջիկային գործել նոյն ոգիով», յայտնած է Թուրքիոյ նախագահը:

 

Նախորդը

Պիտի Շարունակենք Ծառայել Ամբողջ Լիբանանահայութեան

Յաջորդը

Քոնկրեսը Մտադիր Է Ընդլայնել Սուրիական Զինեալ Ընդդիմութեան Մարզումն Ու Զինումը

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.