Երուսաղէմի մէջ Միացեալ Նահանգներու ապագայ դեսպանատան մօտ գտնուող հրապարակը պիտի վերանուանուի Միացեալ Նահանգներու 45-րդ նախագահ Տանըլտ Թրամփի անունով: Այս մասին կը հաղորդէ իսրայէլեան «Ճերուզալեմ փոսթ» օրաթերթը:
Օրաթերթին տեղեկութիւններով` Երուսաղէմի քաղաքապետ Նիր Պարքաթ յայտարարած է հրապարակը Տանըլտ Թրամփի ի պատիւ պաշտօնապէս անուանափոխելու մտադրութեան մասին:
«Այդ ձեւով, Երուսաղէմը երախտագիտութիւն պիտի յայտնէ Միացեալ Նահանգներու նախագահին եւ ժողովուրդին, որոնք կ՛աջակցին Իսրայէլի պետութեան», ըսած է Պարքաթ:
Ան նաեւ նշած է, որ Տանըլտ Թրամփ կանգնած է «պատմական ճշմարտութեան կողքին»:
Անցեալ տարուան դեկտեմբերին, Միացեալ Նահանգներու նախագահը յայտարարած էր, որ եկած է Երուսաղէմը իբրեւ Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչնալու ժամանակը` հրահանգելով սկսիլ ամերիկեան դեսպանատունը Թել Աւիւէն Երուսաղէմ փոխադրելու հոլովոյթը: