Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Չինաստան Ցաւ Կը Յայտնէ. Օպամա. «Իրան-Վեցեակ Համաձայնագիրէն Դուրս Գալու Որոշումը Լուրջ Սխալ Է»

May 10, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Պարաք Օպամա «լուրջ սխալ» նկատած է Իրանի հիւլէական ծրագիրի համաձայնագիրէն Միացեալ Նահանգներու դուրս գալու մասին Տանըլտ Թրամփի որոշումը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը:

«Ես վստահ եմ, որ Գործողութիւններու միացեալ համապարփակ ծրագիրը սպառնալիքի տակ դնելու որոշումը` առանց Իրանի կողմէ համաձայնագիրի խախտումներու, լուրջ սխալ է: Առանց Գործողութիւններու միացեալ համապարփակ ծրագիրի` Միացեալ Նահանգներ վերջին հաշուով կրնայ պարտուած դուրս գալ Իրանի ձեռքին հիւլէական զէնքի եւ Միջին Արեւելքի մէջ պատերազմի միջեւ ընտրութեան հարցին մէջ», կը նշուի Պարաք Օպամայի յայտարարութեան մէջ:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախկին նախարար Հիլըրի Քլինթըն իր կարգին Թրամփի որոշումը նկատեց «մեծ սխալ»` զգուշացնելով, որ պատժամիջոցներու վերականգնումը պիտի ըլլայ աւելի դժուար:

«Իրանի հետ գոյացած համաձայնագիրէն դուրս գալը մեծ սխալ մըն է եւ վնաս կը հասցնէ Ամերիկայի հաւաստիութեան: Իրանը այժմ աւելի վտանգաւոր է, ուստի Բ. ծրագիրը ի՞նչ է: Ոեւէ մէկը, որ կը կարծէ, թէ պատասխանը ռմբակոծման գործողութիւնները կրնան ըլլալ, մեծապէս ապակողմնորոշող տեղեկութիւններու տէր անձ մըն է»:

Ան զգուշացուց, որ Իրանը երկրորդ անգամ բանակցութիւններու սեղան բերելը պիտի ըլլայ նախորդէն աւելի դժուար, «մանաւանդ որ մեր վարկը աղաւաղուեցաւ»:

«Դժուար պիտի ըլլայ նաեւ դիմակայել միւս վտանգները, ինչպէս թեւաւոր հրթիռներն ու ահաբեկչութիւնը: Իսկ հիմա որեւէ ճնշում չունինք, եւ Իրան կրնայ իր ուզածը ընել», ըսաւ ան:

Միւս կողմէ, Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ցաւ յայտնեց Իրան-Վեցեակ համաձայնագիրէն դուրս գալու Միացեալ Նահանգներու որոշումին նկատմամբ եւ յայտարարեց, որ յանձնառու կը մնայ այդ համաձայնագիրի պաշտպանութեան:

Նախորդը

Թուրքիան Պիտի Գնէ «Էս-400» Համակարգերը` Հակառակ Միացեալ Նահանգներու Կողմէ Հաւանական Պատժամիջոցներու Սպառնալիքին

Յաջորդը

Թուրքիա «Անյաջող Քայլ» Կ՛որակէ Իրան-Վեցեակ Համաձայնագիրէն Դուրս Գալու Թրամփի Որոշումը

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.