Միջազգային

4-րդ Անգամ Ըլլալով  Փութին Ռուսիոյ Նախագահ

4-րդ Անգամ Ըլլալով Փութին Ռուսիոյ Նախագահ

Ռուսիոյ նախագահի պաշտօնը վերստին ստանձնած Վլատիմիր Փութին շնորհակալութիւն յայտնած է Ռուսիոյ քաղաքացիներուն վերստին նախագահական ընտրութիւններուն ընթացքին իրեն ցուցաբերած աջակցութեան համար եւ յայտարարած, որ այդ աջակցութիւնը կը նկատէ հսկայական քաղաքական դրամագլուխ եւ իր բարոյական յենարանը: «Անգամ մը եւս կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել: Շնորհակալութիւն այն աջակցութեան համար, որ դուք` Ռուսիոյ քաղաքացիներդ, ինծի տուիք նախագահական ընտրութիւններուն ընթացքին: Զայն կը նկատեմ հսկայական քաղաքական դրամագլուխ եւ...

«Թուրքիան Պատասխան Պիտի Պահանջէ Իսրայէլէն  Թէ՛ Երուսաղէմի Մէջ Տեղի Ունեցածի,  Թէ՛ «Մաւի Մարմարա»-ի Համար»  Կ՛ըսէ Էրտողան

«Թուրքիան Պատասխան Պիտի Պահանջէ Իսրայէլէն Թէ՛ Երուսաղէմի Մէջ Տեղի Ունեցածի, Թէ՛ «Մաւի Մարմարա»-ի Համար» Կ՛ըսէ Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ իրենք պատասխանատուութեան պիտի կանչեն Իսրայէլը Պաղեստինի ժողովուրդին նկատմամբ իրականացուող անարդարութիւններուն համար: Էրտողան նաեւ շեշտած է, որ Թուրքիան «երկու հարցի վերաբերեալ» պատասխան պիտի պահանջէ Իսրայէլէն` նկատի ունենալով նաեւ թրքական «Մաւի Մարմարա» նաւուն միջադէպը: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Տիքեն» կայքը: «Պաղեստինի եւ յատկապէս Երուսաղէմի մէջ տեղի ունեցածը ոչ այլ ինչ է, քան մարդասպաններու`...

«Եթէ Ուաշինկթըն «Էս-400»-ներուն Համար  Թուրքիոյ Դէմ Պատժամիջոցներ Կիրարկէ,  Թուրքիան Պիտի Հակադարձէ»  Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

«Եթէ Ուաշինկթըն «Էս-400»-ներուն Համար Թուրքիոյ Դէմ Պատժամիջոցներ Կիրարկէ, Թուրքիան Պիտի Հակադարձէ» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Եթէ Միացեալ Նահանգներ ռուսական «ԷՍ-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու գնումին պատճառով Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներ կիրարկէ` Թուրքիան պիտի ձեռնարկէ պատասխան քայլերու եւ նոյնպէս պատժամիջոցներ պիտի սահմանէ: Այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն «Սի.Էն.Էն. Թիւրք» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին: «Միւս շաբաթ աշխատանքային այցելութեամբ կը մեկնիմ Միացեալ Նահանգներ, մենք պիտի շեշտենք, որ «Էֆ-35» հալածիչներու վաճառքի ջնջումը կամ արգելքը անընդունելի...

Միացեալ Նահանգներու` Հիւլէական Համաձայնագիրէն Դուրս Գալու Պարագային Իրան Եւս Պիտի Լքէ Զայն

Իրան զգուշացուցած է, որ պիտի լքէ հիւլէական ծրագիրին շուրջ կնքուած միջազգային գործարքը, եթէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ իր երկիրը դուրս բերէ համաձայնագիրէն: ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այդ մասին յայտարարած է Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի խորհրդական Ալի Աքպար Վիլայեթին: «Եթէ Միացեալ Նահանգներ դուրս գան հիւլէական համաձայնագիրէն, մենք նոյնպէս չենք մնար ատոր մէջ», ըսած է ան: Թրամփ քանի մը...

Թուրքիոյ Նախագահական Ընտրութիւններուն  Մասնակցող Չորս Թեկնածուներ  Պաշտօնապէս Արձանագրուած Են

Թուրքիոյ Նախագահական Ընտրութիւններուն Մասնակցող Չորս Թեկնածուներ Պաշտօնապէս Արձանագրուած Են

Թուրքիոյ ընտրական բարձրագոյն յանձնախումբը ընդունած է երկրի նախագահական ընտրութիւններուն մասնակցելու նպատակով չորս կուսակցութիւններու կողմէ ներկայացուած թեկնածուներու դիմումները: «Արմէնփրես» կը յայտնէ, որ այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Տիքեն» պարբերականը: Յանձնախումբի պաշտօնական կայքին վրայ տեղադրուած որոշումին համաձայն, իբրեւ թեկնածու արձանագրուած են «Վաթան» կուսակցութեան նախագահ Տողու Փերինչեք, «Լաւ» կուսակցութեան ղեկավար Մերալ Աքշեներ, «Սաատեթ» կուսակցութեան ղեկավար Թեմել Քարամօլլղաօղլու եւ «Ատալեթ» կուսակցութեան ղեկավար Վեճտեթ Էօզ:...

«Ֆրանսան Եւ Միացեալ Նահանգները  Պիտի Ոչնչացնեն Ահաբեկիչները»  Կ՛ըսէ Զօր. Լուքուանթր

«Ֆրանսան Եւ Միացեալ Նահանգները Պիտի Ոչնչացնեն Ահաբեկիչները» Կ՛ըսէ Զօր. Լուքուանթր

Ֆրանսական բանակի սպայակոյտի պետ զօրավար Ֆրանսուա Լեքուանթր յայտարարած է, թէ Միացեալ Նահանգները եւ Ֆրանսան «պիտի մնան Սուրիա` ահաբեկչութեան ոչնչացումը աւարտին հասցնելու համար»: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ֆրանսացի հրամանատարը այդ մասին յայտնած է «Սէ Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանի թղթակիցին: «Առաջնահերթութիւնը ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորման ոչնչացումին է, այդ նպատակով ալ մենք պիտի մնանք Սուրիա, չեմ պատկերացներ, որ առանց Միացեալ Նահանգներուն կարելի կ՛ըլլայ...

Գերմանիոյ Մէջ Սկսած Է «Հիւսիսային Հոսք 2»  Կազի Խողովակաշարի Շինարարութիւնը

Գերմանիոյ Մէջ Սկսած Է «Հիւսիսային Հոսք 2» Կազի Խողովակաշարի Շինարարութիւնը

Գերմանիոյ Լիւպմին քաղաքին մէջ սկսած են պատրաստելու «Հիւսիսային հոսք 2» խողովակաշարը ափ դուրս բերելու համար նախատեսուած շինարարական հարթակը: Այս մասին «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին յայտնած է «Նորթ Սթրիմ 2» կազի խողովակաշարը բանեցնող ընկերութեան ներկայացուցիչը: Ըստ անոր, հոլովոյթը կը նախատեսէ «վարչական կառոյցներու շինարարութեան աւարտը, ինչպէս նաեւ նախապատրաստումը ափ դուրս գալու տարածքին մէջ տեղադրման աշխատանքներուն»: Ընկերութեան ներկայացուցիչին համաձայն, բոլոր շինարարական  աշխատանքները կը կատարուին արտօնութեան...

«Եւրոպան Պէտք Է Դադրեցնէ Դէպի Թուրքիա Զէնքի Արտածումը»  Կ՛ըսէ Տաղտելեն

«Եւրոպան Պէտք Է Դադրեցնէ Դէպի Թուրքիա Զէնքի Արտածումը» Կ՛ըսէ Տաղտելեն

Գերմանիոյ Ձախերու կուսակցութեան ծագումով թուրք փոխնախագահ, Պունտեսթակի երեսփոխան Սեւիմ Տաղտելենի կարծիքով` պէտք է անմիջապէս դադրեցնել եւրոպական զէնքերու դէպի Թուրքիա արտածումը: Այս մասին ան յայտնած է «Արմէնփրես»-ին` անդրադառնալով Աֆրինի մէջ թրքական բանակի գործողութեան: «Մինչ Թուրքիան, հակառակ միջազգային իրաւունքի, իսլամական ահաբեկչական խմբաւորումներու հետ կը շարունակէ Սուրիոյ Աֆրինի շրջանին մէջ յարձակումները, Եւրոպական միութեան անդամակցութեան բանակցութիւնները կը շարունակուին: Աֆրինի մէջ թրքական ներխուժման իբրեւ հետեւանք...

Վրաստան Գործադրութեան Կը Դնէ Աբխազիոյ Եւ Հարաւային Օսեթիոյ Բնակիչներուն Օգնելու Ծրագիր Մը

Վրաստան Գործադրութեան Կը Դնէ Աբխազիոյ Եւ Հարաւային Օսեթիոյ Բնակիչներուն Օգնելու Ծրագիր Մը

Վրաստանի կառավարութիւնը կը ձեռնարկէ «Քայլ դէպի լաւագոյն ապագայ» խորագրեալ խաղաղ նախաձեռնութեան գործադրութեան, որ կը ձգտի Աբխազիա եւ Հարաւային Օսեթիա բնակող քաղաքացիներուն մարդասիրական եւ ընկերատնտեսական կացութեան բարելաւման: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Վրաստանի վարչապետ Կիորկի Քվիրիքաշվիլին: Նախապէս Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Միխայիլ Ճանելիծէ յայտարարած էր, թէ Վրաստանի կառավարութիւնը կը ծրագրէ նոր, աւելի աշխուժ քայլերու ձեռնարկել` աբխազներու եւ օսերու...

«Թուրքիոյ Մէջ Օրէնքի Գերակայութիւնը  Մեռնող Յուշ Դարձած Է»

«Թուրքիոյ Մէջ Օրէնքի Գերակայութիւնը Մեռնող Յուշ Դարձած Է»

3 մայիսին, Մամլոյ ազատութեան օրուան առիթով «Լրագրողներ առանց սահմանի» իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը հրապարակեց աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ մամլոյ ազատութեան վերաբերեալ իր տարեկան տեղեկագիրը: Թուրքիա, մամլոյ ազատութեան առումով, 180 երկիրներու շարքին կը գրաւէ 157-րդ տեղը: Նաեւ կը նշուի, որ ներկայիս Թուրքիոյ մէջ մամլոյ ազատութիւնը, վերջին 30 տարիներուն հետ բաղդատած` ամէնէն վատ վիճակը կը պարզէ: «Թուրքիա կը նկատուի լրագրողներու համար մեծագոյն բանտը. մեծ...

«Թրքական Բանակի Գործողութեան Պատճառով  Աֆրինի 140.000 Բնակիչ Չի Կրնար Վերադառնալ Տուն»  Կ՛ըսէ Նոուըրթ

«Թրքական Բանակի Գործողութեան Պատճառով Աֆրինի 140.000 Բնակիչ Չի Կրնար Վերադառնալ Տուն» Կ՛ըսէ Նոուըրթ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հետըր Նոուըրթ յայտարարած է, որ Սուրիոյ հիւսիսը թրքական զինեալ ուժերուն կողմէ կատարուած զինուորական գործողութեան պատճառով Աֆրինի 140.000 բնակիչներ ստիպուած լքած են իրենց տուները եւ մինչեւ հիմա չեն կրնար վերադառնալ: Այս մասին Նոուըրթ յայտնած է մամլոյ ասուլիսի ընթացքին: «Մենք նախապէս ալ յայտնած ենք Աֆրինի մէջ սկսած ճգնաժամի շուրջ մեր մտահոգութիւնները, որոնք այժմ ալ կը պահպանուին:...

Եւրոպական Խորհուրդի Խորհրդարանական  Վեհաժողովը Քննադատած Է Թուրքիոյ Ժողովրդավարական  Հիմնարկները Եւ Առաջարկած Է Ջնջել  Ցեղասպանութեան Մասին Խօսիլ Արգիլող Յօդուածը

Եւրոպական Խորհուրդը Մտահոգ Է Փտածութեան Դէմ Պայքարի Իրավիճակով

Եւրոպական խորհուրդի փտածութեան դէմ պայքարի հարցերով աշխատանքային խումբը (ԿՐԵՔՕ) մտահոգ է կազմակերպութեան անդամ երկիրներէն շատերու կողմէ իր առաջարկներուն չհետեւելու փաստով: «Տէօչէ Վելլէ» կը հաղորդէ, որ այս մասին կը նշուի կազմակերպութեան տարեկան զեկուցումին մէջ, որ հրապարակուած է 3 մայիսին: Զեկուցումին հեղինակները կը պնդեն, որ խորհուրդին կողմէ առաջադրուած միջոցները գործնականին մէջ նախկինին պէս հազուադէպ կը կիրարկուին: Փտածութիւնը ազգային եւ միջազգային մակարդակներու վրայ...

Սուրիոյ Մէջ Ռուսական  Օդանաւ Մը Ջախջախուած Է.  Զոհուած Օդաչուներէն Մէկը Հայ Է

Սուրիոյ Մէջ Ռուսական Օդանաւ Մը Ջախջախուած Է. Զոհուած Օդաչուներէն Մէկը Հայ Է

Սուրիոյ մէջ ռուսական «Սու-30ՍՄ» տիպի հալածիչ մը ջախջախուած է: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն` յղում կատարելով Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան: «Երկու օդաչուները, որոնք մինչեւ վերջ պայքարած են օդանաւին համար, դէպքի վայրէն ստացուած տեղեկութիւններուն համաձայն` զոհուած են», յայտնած է նախարարութիւնը: Աղբիւրը կը մանրամասնէ, որ օդանաւային աղէտը տեղի ունեցած է Միջերկրականի օդային տարածքին մէջ` այն ժամանակ, երբ կործանիչը կը բարձրանար Հմէյմիմ ռազմակայանէն...

«Ուաշինկթըն Սուրիոյ Մասնատման  Գործելաոճը Կը Կիրարկէ»  Կ՛ըսէ Լաւրով

«Ուաշինկթըն Սուրիոյ Մասնատման Գործելաոճը Կը Կիրարկէ» Կ՛ըսէ Լաւրով

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ աշխուժօրէն կը հաստատուին Սուրիոյ մէջ Եփրատի արեւելեան ափին վրայ` աւելցնելով, որ Ուաշինկթըն գործնականին մէջ Սուրիոյ մասնատման գործելաոճ կը կիրարկէ: Իտալական «Փանորամա» պարբերաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին Լաւրով յայտնեց, որ ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւնները կը շարունակեն վատթարանալ, «եւ ամերիկեան կառոյցներու մակարդակին վրայ ռուսոֆոպիայի առատութիւնը ջնջեց Թրամփի դրական նախաձեռնութիւնը»: «Յստակ է, որ աշխարհի կացութիւնը...

«Յունաստանը Աֆրին Չէ»  Կ՛ըսէ Քաձիաս

«Յունաստանը Աֆրին Չէ» Կ՛ըսէ Քաձիաս

Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Քաձիաս Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կոչ ուղղած է` զերծ մնալու Յունաստանի դէմ սադրանքներէն: Այս մասին կը գրէ «Կրիս.կրիքռիփորթըր» կայքը: «Յունաստանի հետ յարաբերութիւններուն մէջ Թուրքիան կը սկսի կտրել թոյլատրելիի սահմանը: Եթէ մենք սթափ ու հանգիստ դիրքորոշում չցուցաբերէինք` չէինք կրնար ըսել, թէ ո՛ւր պիտի հասնէր այս ամէնը», ըսած է յոյն նախարարը` ակնարկելով Եգէական ծովուն մէջ թուրք-յունական լարուածութեան: Խօսելով Յունաստանի...

Էրտողան` Արդարութիւն Եւ Բարգաւաճում  Կուսակցութեան Նախագահական Թեկնածու

Էրտողան` Արդարութիւն Եւ Բարգաւաճում Կուսակցութեան Նախագահական Թեկնածու

Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը անհրաժեշտ ստորագրութիւնները հաւաքելով` պաշտօնապէս որոշում տուած է 24 յունիսին տեղի ունենալիք արտակարգ նախագահական ընտրութեան կուսակցութեան կողմէ թեկնածու առաջադրել գործող նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը: Թրքական «ՀապերԹիւրքը» կը գրէ, որ կուսակցութեան 316 անդամ ստորագրած է որոշումին տակ: Կուսակցական նիստը վարած է Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ: «Մենք Թուրքիոյ դէմ ծրագրուող կեղտոտ խաղերուն պիտի յաղթենք մեր ժողովուրդին հետ...

Թուրքիա Ապաստանած Սուրիացիները Կ՛ուզեն  Երկրի Խորհրդարանին Մէջ  Ունենալ Իրենց Երեսփոխանը

Թուրքիա Ապաստանած Սուրիացիները Կ՛ուզեն Երկրի Խորհրդարանին Մէջ Ունենալ Իրենց Երեսփոխանը

Թուրքիա բնակող սուրիացի գաղթականներ կ՛ուզեն երկրի խորհրդարանին մէջ ունենալ իրենց երեսփոխանը: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Տեմոքրաթհապեր» կայքը: Յայտնի է, որ Թուրքիա բնակող աւելի քան 3 միլիոն սուրիացի գաղթականներէն 24 յունիսին նախատեսուած նախագահական ու խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցելու իրաւունք ունի Թուրքիոյ քաղաքացիութիւն ստացած 50 հազար մարդ: Արդէն հաստատուած է, որ սուրիացիները Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ իբրեւ իրենց երեսփոխան կ՛ուզեն տեսնել ազգութեամբ թուրքմեն...

Էսթոնիոյ Մէջ Սկսած Են «Սիիլ» Միջազգային  Ռազմափորձերը` Մասնակցութեամբ  15 Հազար Զինուորներու

Էսթոնիոյ Մէջ Սկսած Են «Սիիլ» Միջազգային Ռազմափորձերը` Մասնակցութեամբ 15 Հազար Զինուորներու

Էսթոնիոյ մէջ երէկ սկիզբ առած են «Սիիլ» միջազգային ռազմափորձերը` 15 հազար զինուորներու մասնակցութեամբ: Ինչպէս Էսթոնիոյ պաշտպանութեան ուժերու հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, ռազմափորձերը պիտի տեւեն մինչեւ 14 մայիս` հանրապետութեան ամբողջ տարածքին մէջ, ինչպէս նաեւ Լաթվիոյ հիւսիսը: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը` յղում կատարելով ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը: Նախարարութեան տուեալներով` ռազմափորձերը երկրի անկախութեան վերականգնումէն ի վեր մեծագոյնը պիտի դառնան: Անոնց պիտի մասնակցին 2...

Մաքրոն Եւ Ռուհանի Համաձայնած Են  Պահպանելու Իրան-Վեցեակ Համաձայնագիրը

Մաքրոն Եւ Ռուհանի Համաձայնած Են Պահպանելու Իրան-Վեցեակ Համաձայնագիրը

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն եւ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին համաձայնութիւն գոյացուցած են պահպանելու գերտէրութիւններու եւ Թեհրանի միջեւ 2015-ին ձեռք բերուած հիւլէական համաձայնութիւնը: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին կը հաղորդէ Ֆրանսայի նախագահի մամլոյ ծառայութիւնը: Իրանի նախագահի գրասենեակին փոխանցումով` Ռուհանի պնդած է, որ համաձայնութեան պայմանները չեն կրնար փոխուիլ: Յիշեցնենք, որ Մաքրոն վերջերս Ուաշինկթըն իր այցելութեան...

Ըն Համաձայնած Է Իր Երկրին Հիւլէական  Կառոյցներուն Մէջ Ստուգումներու Իրականացման

Ըն Համաձայնած Է Իր Երկրին Հիւլէական Կառոյցներուն Մէջ Ստուգումներու Իրականացման

Հիւսիսային Քորէայի ղեկավար Քիմ Չեն Ըն Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի հետ հանդիպումի ժամանակ համաձայն գտնուած է Հիւսիսային Քորէայի հիւլէական կառոյցներուն մէջ ստուգումներ կատարելու համար: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով տեղւոյն պատկերասփիւռի կայանը: Աղբիւրին հաղորդումով` Ըն Փոմփէոյին խոստացած է հասանելիութիւն ապահովել Հիւսիսային Քորէայի հիւլէական կառոյցներուն, ինչ որ կը վկայէ Քորէական թերակղզիի ապահիւլէականացման հարցին մէջ...

Page 617 of 883 1 … 616 617 618 … 883

Արխիւներ