Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Համաձայնագիրէն Դուրս Գալը Թեհրանի Հաւանական Ընտրանքներէն Մէկն Է, Իսկ Վերջնական Որոշումը` Շաբաթ Օր» Կ՛ըսէ Զարիֆ

May 8, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ երէկ Իրանի խորհրդարանին մէջ իր արտասանած խօսքին ընթացքին յայտնեց, որ հիւլէական թղթածրարին շուրջ 2015-ին կնքուած համաձայնագիրէն դուրս գալը Թեհրանի հաւանական քայլերէն մէկը պիտի ըլլայ, եթէ Ուաշինկթըն դուրս գայ այդ համաձայնագիրէն:

Իրանեան դիւանագիտութեան պետը նշեց, որ վերջնական որոշումը պիտի տրուի շաբաթ օր: Ան յայտնեց, որ իր երկիրը «որոշումը պիտի որդեգրէ հիմնուելով իր շահերուն վրայ, եւ եթէ Ամերիկան սխալ որոշում մը որդեգրէ, ատիկա պիտի չծառայէ ամերիկացիներու շահերուն, իսկ Իրան պէտք եղած քայլերը պիտի որդեգրէ, որպէսզի ամերիկեան որոշումը չազդէ իրանցի քաղաքացիներուն առօրեային վրայ: Յամենայն դէպս, կառավարութիւնը անհրաժեշտ նախազգուշութիւնները որդեգրած է եւ անոնցմէ տեղեակ պահած առնչակից պաշտօնատարները:

Զարիֆ յայտնեց, որ համաձայնագիրէն Ուաշինկթընի դուրս գալը պիտի մեկուսացնէ զայն, եւ այդպիսի որոշումի մը որդեգրումը «պիտի չնպաստէ միջազգային մակարդակի մէջ անոր շահերուն»:

Ան յայտնեց, որ Նիւ Եորք իր այցելութեան ընթացքին այդ հարցը քննարկած է  Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախկին նախարար Ճոն Քերրիի եւ վարչակազմին ոչ անդամ շարք մը անհատներու հետ, որոնք մասնակից էին Իրանի եւ Վեցեակին միջեւ բանակցութիւններուն եւ մաս կը կազմեն ամերիկեան քաղաքական վերնախաւին:

Մինչ այդ, Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Հայքօ Մաս յայտնեց, որ Իրանի հետ կնքուած համաձայնագիրը աշխարհը կը դարձնէ աւելի ապահով վայր մը` նշելով. «Համաձայնագիրին վերաբերեալ լաւ առաջարկներ պատրաստեցինք»:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լոտրիան իր կարգին յայտնեց, որ այդ համաձայնագիրը հիւլէական ուժանիւթի տարածման կանխարգիլումը կ՛երաշխաւորէ` շեշտելով. «Մենք կը պնդենք զայն պահպանելու վրայ»:

Ան նաեւ նշեց, որ իր երկիրը յանձնառու է համաձայնագիրին` հակառակ զայն վերատեսութեան ենթարկելու ամերիկեան որոշումին:

Միւս կողմէ, Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի երէկ յայտնեց, որ իր երկիրը կատաղի դիմադրութիւն ցոյց պիտի տայ Միացեալ Նահանգներու ճնշումին, եթէ վերջինս սահմանափակէ իր ազդեցութիւնը թէ՛ Միջին Արեւելքի, թէ՛ ալ աշխարհի վրայ:

«Եթէ ան (Թրամփը, «Ա.») կ՛ուզէ վստահ ըլլալ, որ մենք չենք ձգտիր տիրանալ հիւլէական ռումբի, մենք բազմիցս յայտարարած ենք, որ ատիկա ճիշդ չէ, եւ մենք պիտի չձգտինք ատոր… սակայն եթէ ան կ՛ուզէ տկարացնել Իրանը եւ սահմանափակել անոր ազդեցութիւնը` կա՛մ շրջանին մէջ, կա՛մ ամբողջ աշխարհի վրայ, Իրանը կատաղի դիմադրութիւն պիտի ցուցաբերէ», ըսաւ ան:

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուհանի կտրուկ կերպով չ՛ընդունիր համաձայնագիրի վերատեսութեան ենթարկուիլը եւ այդպիսի նախաձեռնութիւնները կը նկատէ անօրինական:

Ան նախազգուշացուցած է, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի զղջան հիւլէական թղթածրարի համաձայնագիրի վերատեսութեան ենթարկման համար, եւ այդպիսի քայլ մը պատմական տարողութիւն ունեցող սխալ պիտի դառնայ:

 

Նախորդը

Նեթանիահու. «Իսրայէլ Պատրաստ Է Պատերազմելու Իրանի Հետ»

Յաջորդը

Երուսաղէմի Մէկ Փողոցին Մէջ Ամերիկեան Դեսպանատան Ցուցանակը Զետեղուած Է

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական  Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»

January 31, 2026
Ամերիկացիներուն Հետ Տակաւին Հանդիպումներու  Կամ Հաղորդակցութիւններու Չգոյութիւնը Նշելով`  Արաղչի. «Թէ՛ Բանակցութիւններուն,  Թէ՛ Ալ Պատերազմին Պատրաստ Ենք»
Միջազգային

Ամերիկացիներուն Հետ Տակաւին Հանդիպումներու Կամ Հաղորդակցութիւններու Չգոյութիւնը Նշելով` Արաղչի. «Թէ՛ Բանակցութիւններուն, Թէ՛ Ալ Պատերազմին Պատրաստ Ենք»

January 31, 2026
Դամասկոս Քիւրտերուն Հետ Համապարփակ  Զինադադարի Համաձայնութեան Եւ Աստիճանական  Համարկումի Փոխհասկացողութեան  Գոյացումը Յայտարարեց
Գլխաւոր լուրեր

Դամասկոս Քիւրտերուն Հետ Համապարփակ Զինադադարի Համաձայնութեան Եւ Աստիճանական Համարկումի Փոխհասկացողութեան Գոյացումը Յայտարարեց

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.