Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էս-400» Համակարգերու Թուրքիա Առաքումը Պիտի Սկսի 2020 Թուականին

May 10, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ հետ «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու ձեռքբերման շուրջ համաձայնագիրը պիտի սկսի կեանքի կոչուիլ 2020 թուականի սկիզբէն: Այս մասին «Ռոսիա 24» պատկերասփիւռի կայանէն յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահի սպառազինական համագործակցութեան գծով օգնական Վլատիմիր Քոժին: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:

«Թրքական կողմը կ՛ուզէր արագացնել համաձայնագիրին իրագործումը, եւ մենք կրցանք լաւագոյն տարբերակը գտնել եւ արագացնել մեր պարտաւորութիւններուն կեանքի կոչուիլը», նշած է Քոժին` յատուկ ընդգծելով, որ Մոսկուայի մէջ երախտապարտ են թրքական կողմին:

«Հակառակ Անգարայի դէմ գործադրուած ճնշումներուն, համաձայնագիրը կնքուած է եւ անիկա պիտի գործադրուի», նշած է Ռուսիոյ նախագահին օգնականը:

Նախորդ տարեվերջին Մոսկուան եւ Անգարան աւարտեցին ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու` Թուրքիոյ վաճառելու գործարքին ձեւակերպումը:

Ստորագրուեցաւ 2 միլիառ 500 միլիոն տոլարի վարկային համաձայնագիրը` ռուսական վարկով Անգարան ռուսական հրթիռներ կը գնէ:

Ըստ համաձայնագիրին, Ռուսիան Թուրքիոյ պիտի վաճառէ «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան չորս համակարգ:

Թուրքիան ՕԹԱՆ-ի անդամ առաջին երկիրն է, որ Ռուսիոյ հետ զինուորական այսպիսի մեծ գործարքի կը դիմէ` Ռուսիայէն հակաօդային հրթիռային պաշտպանութեան համակարգ ձեռք բերելու համար:

Նախորդը

Անդրադարձ. Հայոց Ցեղասպանութեան Ընթացքին Գերմանացի Եւ Օտար Կարգ Մը Զինուորականներու Դերակատարութիւնը – Բ.

Յաջորդը

«Ամերիկեան Բանակը Միջին Արեւելքի Մէջ Կացութեան Դիմակայման Համար Կարիքը Ունի Դրամական Մեծ Աջակցութեան» Կ՛ըսէ Մաթիս

RelatedPosts

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի  Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի  Գումարումը Կը Հաստատէ
Միջազգային

Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի Գումարումը Կը Հաստատէ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.