Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ պատրաստ է յաջորդ շաբաթ Իրանի դէմ նոր պատժամիջոցներ հաստատելու: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այդ մասին իր մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնած է Սպիտակ տան բանբեր Սառա Սանտըրս:
«Մենք 100 առ հարիւր լծուած ենք անոր, որպէսզի ապահովենք Իրանի հիւլէական զէնք չունենալը», ըսած է Սանտըրս:
Ան շեշտած է, որ Միացեալ Նահանգներ կը շարունակեն Իրանի դէմ առաւելագոյն ճնշում գործադրելու քաղաքականութիւնը, եւ այդ երկրին դէմ պիտի կիրարկուին «ահռելի պատժամիջոցներ»:
«Մենք կը պատրաստուինք սահմանելու լրացուցիչ պատժամիջոցներ, որոնք կրնան յայտարարուիլ արդէն յաջորդ շաբաթ», ըսած է Սպիտակ տան բանբերը: