Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրամփ Իրանի Հետ «Լաւ Գործարք»-ի Կ՛ուզէ Հասնիլ

Մայիս 14, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ Իրանի հիւլէական ծրագիրին վերաբերեալ Գործողութիւններու միացեալ համապարփակ ծրագիրէն դուրս գալէ ետք կ՛ուզէ Իրանի հետ «լաւ գործարք»-ի հասնիլ: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը:

Ըստ անոր, գոյութիւն ունեցող համաձայնագիրը չկրցաւ կանխարգիլել Իրանի մօտ հիւլէական զէնքի յայտնուելուն կարելիութիւնը, եւ Միջին Արեւելքի մէջ այլ երկիրներ, «որոնք դրամ ունին», պիտի սկսէին կարելիութիւններ փնտռել` հիւլէական զէնք ստանալու համար: «Ատիկա աղէտի պիտի յանգեցնէր», ըսած է Թրամփ:

Ան ընդգծած է, որ Ուաշինկթըն Իրանի դէմ պիտի սահմանէ «ամէնէն խիստ պատժամիջոցները»:

«Ես յոյսով եմ, որ կրնամ հասնիլ անոնց հետ լաւ, արդար գործարքի: Անոնց համար լաւ գործարքի: Մենք չենք կրնար անոնց արտօնել հիւլէական զէնք ունենալ», ըսած է Միացեալ Նահանգներու նախագահը:

Ան նաեւ ընդգծած է, որ Միացեալ Նահանգներ «պէտք է անոնց ռազմակայանները այցելելու կարելիութիւն ունենան, որպէսզի վստահ ըլլան, որ անոնք սուտերով չեն զբաղիր»:

Յիշեցնենք, որ նախապէս Թրամփ յայտարարած էր, որ իր երկիրը դուրս կու գայ Իրանի հիւլէական ծրագիրին վերաբերող համաձայնագիրէն, եւ Միացեալ Նահանգներ դարձեալ պատժամիջոցներ պիտի սահմանեն Իրանի դէմ:

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութեան կայքը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներ պատժամիջոցներ հաստատած են վեց անձերու եւ երեք ընկերութիւններու դէմ, որոնք, Ուաշինկթընի կարծիքով, առնչուած են Իրանի Յեղափոխական պահակագունդին հետ:

Փաստաթուղթին մէջ կը նշուի, որ Միացեալ Նահանգներն ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները «միացեալ միջոցներ սահմանած են Իրանի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ դրամի փոխանակման լայն ցանցի ջնջման համար, որ կ՛օգտագործուէր միլիոնաւոր տոլարներ փոխանցելու նպատակով` Յեղափոխական պահակագունդը ֆինանսաւորելու համար:

Նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ տուեալ անձերն ու իրաւաբանական դէմքերը ընդգրկուած են պատժամիջոցներու ենթականերու երկու ցուցակներուն վրայ:

 

Նախորդը

Մայրենի Լեզուի Պահպանման Սատարող «Ճիշդ Հնչենք» Յայտագիրի Աւարտական Փուլ Եւ Մրցանակաբաշխութիւն

Յաջորդը

«Եւրատեսիլ 2019»-ը Տեղի Պիտի Ունենայ Երուսաղէմի Մէջ» Կ՛ըսէ Նեթանիահու

RelatedPosts

Թրամփ. «Այն, Ինչ Որ Ռուսիան Կ՛ըսէ, Նողկալի Է,  Իսկ Իրան Չափազանց Վատ Կերպով Կը Վարուի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Համաս Պիտի Հրաժարի Իր Զէնքէն, Եւ Եթէ Չհրաժարի, Մենք Զայն Պիտի Զինաթափենք»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Նեթանիահու. «Եթէ Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Բաժինը Խաղաղ Կերպով Չգործադրուի, Դժոխքի Դռները Պիտի Բացուին»
Գլխաւոր լուրեր

Նեթանիահու. «Եթէ Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Բաժինը Խաղաղ Կերպով Չգործադրուի, Դժոխքի Դռները Պիտի Բացուին»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Քրեմլինի Մէջ Փութին-Շարհ Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Քրեմլինի Մէջ Փութին-Շարհ Հանդիպում

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?