Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խամենէի Թրամփին. «Սխալ Գործեցիր». Իրանի Խորհրդարանին Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դրօշի Եւ Իրան-Վեցեակ Համաձայնագիրի Պատճէնի Հրկիզում

Մայիս 10, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա սէյիտ Ալի Խամենէի յայտարարեց. «Իրան-Վեցեակ համաձայնագիրին վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վերջին խօսքը անհեթեթ է եւ ցած մակարդակի»:

Ան խօսքը Թրամփին ուղղելով ըսաւ. «Սխալ գործեցիր եւ խօսքիդ ընթացքին աւելի քան տասը անգամ սուտ խօսեցար»:

«Եւրոպական երեք երկիրներէն առանց բաւարար երաշխիքներ առնելու անոնց հետ հիւլէական ծրագիրին շուրջ համաձայնագիրին մէջ մնալը տրամաբանական չի թուիր», յայտնեց Խամենէի` աւելցնելով. «Իրան հաստատ եւ ուժեղ պիտի մնայ, հակառակ սպառնալիքներուն»:

Միւս կողմէ, իրանցի երեսփոխանները երկրի խորհրդարանին մէջ այրեցին ամերիկեան դրօշը եւ Թրամփը մեղադրեցին «հարցեր լուծելու համար անհրաժեշտ մտաւոր կարողութիւններ չունենալու յանցանքով»:

Իրանցի երեսփոխանները Միացեալ Նահանգներու դրօշը եւ Իրան-Վեցեակ համաձայնագիրի խորհրդանշական պատճէնը հրկիզելով վանկարկեցին «Մա՛հ Ամերիկային», ապա խորհրդարանական նիստին ընթացքին որոշեցին աւելցնել երկրին հրթիռային ծրագիրին համար յատկացուող միջոցները:

Նշենք, որ Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային կազմակերպութիւնը երէկ յայտարարեց. «Իրան մինչեւ հիմա յանձնառու է հիւլէական ծրագիրին շուրջ համաձայնագիրին»: Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել եւս երէկ նոյնիմաստ յայտարարութիւն մը կատարեց:

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին իր կարգին երէկ խոր դժգոհութիւն արտայայտեց Թրամփի որոշումին նկատմամբ:

 

Նախորդը

Թուրքիա «Անյաջող Քայլ» Կ՛որակէ Իրան-Վեցեակ Համաձայնագիրէն Դուրս Գալու Թրամփի Որոշումը

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներու, Ֆինլանտայի Եւ Շուէտի Պաշտպանութեան Նախարարները Քննարկած Են Ռուսիոյ Վնասակար Ազդեցութիւնը

RelatedPosts

Պրազիլի Նախագահը Պատրաստ Է Թրամփին Օգնելու` Լուծելու Ուքրանիոյ Տագնապը
Միջազգային

Պրազիլի Նախագահը Պատրաստ Է Թրամփին Օգնելու` Լուծելու Ուքրանիոյ Տագնապը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Թրամփ Քոնկրեսը Տեղեակ Պիտի Պահէ Վենեզուելայի Եւ Քոլոմպիոյ Դէմ Հաւանական Գործողոթիւններու Մասին
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Քոնկրեսը Տեղեակ Պիտի Պահէ Վենեզուելայի Եւ Քոլոմպիոյ Դէմ Հաւանական Գործողոթիւններու Մասին

Հոկտեմբեր 28, 2025
Մինչ Ուիթքոֆ «Իսկական Յառաջընթաց» Կը Նախատեսէ.  Քրեմլին Այսօր Ռիատի Մէջ Ուաշինկթընի Հետ «Դժուար Բանակցութիւններ» Կը Նախատեսէ
Միջազգային

Քրեմլին. «Մոսկուան Տակաւին Ուաշինկթընի Հետ Յարաբերութիւններու Բարելաւման Նկատմամբ Դրական Տրամադրուած Է»

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?