Թեհրան կը կատարէ Վեցեակին հետ իրանեան հիւլէական ծրագիրին շուրջ կնքուած համաձայնագիրի ծիրին մէջ իր ստանձնած պարտաւորութիւնները: «Տէօչէ Վելլէ» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան ընդհանուր տնօրէն Եուքիա Ամանօ:
«Գործողութիւններու միացեալ համապարփակ ծրագիրը մեծ ձեռքբերում դարձած է, որ կ՛արտօնէ վերահսկել Իրանի հիւլէական ներուժը», կ՛ըսուի Ամանոյի յայտարարութեան մէջ:
Գործակալութիւնը կը յիշեցնէ, որ կը վերահսկէ Թեհրանի ստանձնած պարտաւորութիւններու իրագործման ընթացքին` ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի հրահանգներուն համապատասխան:
Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած էր, որ իր երկիրը դուրս կու գայ Իրանի հետ կնքուած համաձայնագիրէն եւ մտադիր է դարձեալ պատժամիջոցներ սահմանել Իրանի դէմ: «Յստակ փաստեր կան, թէ հիւլէական զէնք չարտադրելու իրանեան խոստումը սուտ է», ըսած էր ան: