Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ յունական «Քաթիմերինի» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց. «Ֆրանսա, Բրիտանիա եւ Միացեալ Նահանգներ, ինչպէս նաեւ Սէուտական Արաբիա, Քաթար եւ Թուրքիա ահաբեկիչներուն իրենց աջակցութեան պատճառով կը կրեն Սուրիոյ մէջ պատերազմի պատասխանատուութիւնը»:
Ասատ ըսաւ, թէ սուրիական բանակին կողմէ քիմիական զէնքի օգտագործման վերաբերեալ արեւմտեան պնդումները «զաւեշտ են եւ շատ նախնական թատրոն մը, որ կը խաղան միայն սուրիական բանակին դէմ յարձակում գործելու համար, որովհետեւ Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան պարտութեան շնորհիւ կորսնցուցած են իրենց գլխաւոր խաղաթուղթերէն մէկը»:
«Սուրիան կը պայքարի ահաբեկիչներուն դէմ, որոնք թրքական, ամերիկեան եւ սէուտական վարչակարգերուն բանակն են», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Նախ եւ առաջ պէտք է պայքարիս ահաբեկիչներուն դէմ, ապա երբ յաւելեալ տարածքներ առնես քու վերահսկողութեանդ տակ, պայքարիս որեւէ նախայարձակի եւ բանակի դէմ, ըլլայ ան թրքական, ֆրանսական կամ որեւէ այլ երկրի, որովհետեւ անոնք թշնամիներ են: Այնքան ատեն որ ապօրինի կերպով մուտք գործած են Սուրիա, անոնք մեր թշնամիներն են»: