Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսրայէլ Սուրիոյ Մէջ Իրանի Հետ Ճակատումի Մագլցում Չ՛ուզեր

May 11, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ «Էֆ-15» եւ «Էֆ-16» տիպի իսրայէլեան 28 պատերազմական օդանաւեր մասնակցած են Սուրիոյ դէմ յարձակումներուն եւ արձակած 60 հրթիռներ:

Ըստ նախարարութեան, յարձակումի թիրախ դարձած են իրանեան ուժերու տեղակայման դիրքերը, Դամասկոսի եւ Հարաւային Սուրիոյ մէջ հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը` աւելցնելով, որ այդ համակարգերը յաջողած են իսրայէլեան հրթիռներուն աւելի քան կէսը վնասազերծել:

Նշենք, որ չորեքշաբթի ուշ գիշերին տասնեակ մը հրթիռներ ինկած էին բռնագրաւեալ Կոլանի մէջ զինուորական չորս հիմնական կեդրոններու վրայ, եւ իսրայէլեան հակաօդային պաշտպանութեան «Պողպատեայ գմբէթ» համակարգը ձախողած էր զանոնք վնասազերծել: Իսրայէլ հրթիռակոծումին հակադարձեց յարձակում գործելով Քնէյթրայի շրջաններուն դէմ:

Ըստ «Մայատին»-ի, իսրայէլեան դիրքերուն դէմ նախ արձակուած են 50 հրթիռներ: Աղբիւրներ «Մայատին»-ին յայտնեցին, որ սուրիական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը վնասազերծած են իսրայէլեան հրթիռներուն 70 առ հարիւրը եւ վնաս հասցուցած 3 օդանաւերու:

Ռուսական դիւանագիտական աղբիւրներ «Մայատին»-ին յայտնեցին, թէ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին յայտնած է, որ Իսրայէլ «Իրանի հետ ճակատումի մագլցումով չէ հետաքրքրուած»: Ան Փութինին կոչ ուղղած է իր ազդեցութիւնը օգտագործելու` մղելու համար Իրանը, որ Սուրիոյ մէջ իր ազդեցութիւնը նուազեցնէ:

Աղբիւրները կը նշեն, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով իրանցիներուն պիտի փոխանցէ, թէ Իսրայէլ Սուրիոյ մէջ Իրանի հետ բախում մը չի փափաքիր:

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Աւիկտոր Լիպըրման Հերցիլիայի խորհրդաժողովի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ իր կարգին յոյս յայտնեց, որ «Իրանի հետ այս փուլին վերջ տուինք, եւ բոլորը հասկցան մեր պատգամը»: «Կացութեան մագլցում չենք ուզեր, եւ կը յուսանք, որ այս արարը վերջ գտաւ», ըսաւ ան:

Իսրայէլի ներքին գործոց նախարար Կիլատ Իրալ յայտնեց, որ իրանեան որեւէ հրթիռ չէ ինկած «Իսրայէլի վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքի մէջ»` աւելցնելով. «Իսրայէլ Իրանին պիտի չարտօնէ Սուրիան վերածել իր դէմ առաջին գիծի զօրակայանի»:

«Իրանեան յարձակումը մեզ բնաջնջել ուզող ծայրայեղական վարչակարգի մը արգելք հանդիսանալու կարեւորութեան ապացոյցն է», ըսաւ ան:

Նախորդը

Ասատ. «Կը Պայքարինք Ահաբեկիչներուն Դէմ, Որոնք Թրքական, Ամերիկեան Եւ Սէուտական Վարչակարգերու Բանակն Են»

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներ Յառաջիկայ Շաբաթ Իրանի Դէմ Նոր Պատժամիջոցներ Կրնան Հաստատել

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.