Միջազգային

Ֆրանչիսկոս Պապն Ու Էրտողան Քննարկած Են  Երուսաղէմի Հարցն Ու Կազայի Դէպքերը

Ֆրանչիսկոս Պապն Ու Էրտողան Քննարկած Են Երուսաղէմի Հարցն Ու Կազայի Դէպքերը

Ֆրանչիսկոս պապն ու Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկած են Երուսաղէմի հարցն ու Կազայի դէպքերը: Այս մասին կը հաղորդէ «Սի.Էն.Էն.Թիւրք»-ը: Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին պապը նշած է, որ իր կարծիքով` անհրաժեշտ է յատուկ կարգավիճակ տալ Երուսաղէմին` այդպիսով մէկ անգամ ընդմիշտ լուծելով պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապը: Էրտողան իր կարգին պնդած է, որ իսրայէլեան բանակը Կազայի մէջ կատարած է «անմարդկային քայլեր»,...

Այսօր Երուսաղէմի Հարցով Արաբ Արտաքին  Գործոց Նախարարներու Արտակարգ Ժողով

Այսօր Երուսաղէմի Հարցով Արաբ Արտաքին Գործոց Նախարարներու Արտակարգ Ժողով

Արաբական լիկան երէկ մնայուն ներկայացուցիչներու մակարդակով ժողով մը գումարեց` առ ի պատրաստութիւն այսօր Գահիրէի մէջ Երուսաղէմի հարցով արաբ արտաքին գործոց նախարարներու «պաղեստինցի ժողովուրդին դէմ իսրայէլեան յարձակումին ու Միացեալ Նահանգներու` իրենց դեսպանատունը Երուսաղէմ փոխադրելու ապօրէն որոշումին դէմ» արտակարգ նիստին: Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարի օգնական Հուսամ Զեքի յայտնեց. «Որոշուեցաւ հինգշաբթի օր Սէուտական Արաբիոյ դիմումին հիմամբ գումարել Արաբական լիկայի` արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով...

Թուրքիա-Իսրայէլ Դիւանագիտական  Պատերազմը Կը Շարունակուի

Թուրքիա-Իսրայէլ Դիւանագիտական Պատերազմը Կը Շարունակուի

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Պոլսոյ մէջ Իսրայէլի ընդհանուր հիւպատոսէն պահանջած է ժամանակաւորապէս լքել երկիրը: Այդ մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով իր դիւանագիտական աղբիւրին: Անգարա այդպիսով կը հակադարձէ Երուսաղէմի մէջ Թուրքիոյ ընդհանուր հիւպատոսը երկրէն վտարելու քայլին: Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ իր մօտ կանչեց Թել Աւիւի մէջ Թուրքիոյ պատուիրակը` գանգատելու համար Իսրայէլի Թուրքիայէն վտարուած դեսպանին նկատմամբ Թուրքիոյ «անվայել...

ԵԽԽՎ-ի Մէջ Պատժամիջոցներ Հաստատած Են  Ազրպէյճանցի Սէյիտովի Եւ Փտածութեան Համար  Կասկածուող Յաւելեալ Երեք Պատուիրակի Դէմ

ԵԽԽՎ-ի Մէջ Պատժամիջոցներ Հաստատած Են Ազրպէյճանցի Սէյիտովի Եւ Փտածութեան Համար Կասկածուող Յաւելեալ Երեք Պատուիրակի Դէմ

Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) մնայուն յանձնախումբը պատժամիջոցներ հաստատած է ԵԽԽՎ-ի նախկին նախագահ Փետրօ Ակրամունթի եւ երեսփոխան Ժորտի Շուքլայի դէմ: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը: Այդ մասին Դիմատետրի վրայ յայտնած է ԵԽԽՎ-ի փոխնախագահ, ուքրանական պատուիրակութեան անդամ, Ուքրանիոյ նախագահի դաշինքի անդամ երեսփոխան Վլատիմիր Արեւ: Ակրամունթ եւ Շուքլա ռուսական օդանաւով ուղղուած են Սուրիա` երկրի նախագահ Պաշշար Ասատի հետ հանդիպելու համար:...

Հիւսիսային Քորէան Կը Սպառնայ  Ջնջել Թրամփ-Ըն Հանդիպումը

Հիւսիսային Քորէան Կը Սպառնայ Ջնջել Թրամփ-Ըն Հանդիպումը

Փիոնկիանկ կրնայ վերատեսութեան ենթարկել Հիւսիսային Քորէա-Միացեալ Նահանգներ բարձրագոյն մակարդակով պատմական հանդիպումին իր մասնակցութիւնը, որովհետեւ չ՛ուզեր բանակցութիւններ վարել երկրի մը հետ, որ իր կարծիքով միակողմանիօրէն կը պահանջէ հրաժարիլ հիւլէական զէնքէն: «Եու.Էս.Էյ. Թուտէյ» կը նշէ, որ այս մասին յայտարարած է Հիւսիսային Քորէայի արտաքին գործոց նախարարութեան ղեկավարի առաջին տեղակալ Քիմ Կէ Կվան: «Մեզի այլեւս չեն հետաքրքրեր բանակցութիւնները, որոնք մեզ անկիւն քշելու եւ միակողմանիօրէն...

Կուաթեմալա Իր Դեսպանատունը  Թել Աւիւէն Տեղափոխած Է Երուսաղէմ

Կուաթեմալա Իր Դեսպանատունը Թել Աւիւէն Տեղափոխած Է Երուսաղէմ

Կուաթեմալա իր դեսպանատունը Թել Աւիւէն փոխադրած է Երուսաղէմ: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: Կը նշուի, որ դեսպանատան բացման արարողութիւնը կատարուած է արագ եւ առանց բողոքի ցոյցերու: Իսրայէլեան եւ կուաթեմալական կողմերը նշած են իրադարձութեան «պատմական» պահը: Աղբիւրը կը մանրամասնէ, որ դեսպանատան բացումը տեւած է ընդամէնը կէս ժամ: Կուաթեմալան ներկայացուցած են դեսպան Սառա Սոլիսը, արտաքին գործոց նախարար Սանտրա Խովելը...

«Իրանի Հիւլէական Ծրագիրին Շուրջ  Համաձայնագիրը Լրացումներու Կարիք Չունի»  Կ՛ըսէ Մոկերինի

«Իրանի Հիւլէական Ծրագիրին Շուրջ Համաձայնագիրը Լրացումներու Կարիք Չունի» Կ՛ըսէ Մոկերինի

Իրանի հետ անոր հիւլէական ծրագիրին շուրջ կնքուած պատմական համաձայնագիրը կը գործէ եւ լրացումներու կամ փոփոխութիւններու կարիք չունի: Այս մասին յայտարարած է Եւրոպական Միութեան դիւանագիտութեան ղեկավար Ֆետերիքա Մոկերինի: «Մենք կ՛աշխատինք յստակ եւ գործնական լուծումներու վրայ: Համաձայնագիրը բաւական բարդ է եւ մանրամասնուած, ուստի` փոփոխութեան կամ լրացման կարիք չունի: Այնտեղ արդէն ամէն ինչ գրուած է», ըսած է Մոկերինի: Եւրոպական Միութեան բարձրագոյն դիւանագէտը եզրափակած...

Պաղեստին Տուն Կանչած Է  Միացեալ Նահանգներու Մէջ Իր Դեսպանը

Պաղեստին Տուն Կանչած Է Միացեալ Նահանգներու Մէջ Իր Դեսպանը

Պաղեստինի ազգային վարչակազմը տուն կանչած է Ուաշինկթընի մէջ երկրի դեսպանը` Իսրայէլի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան Երուսաղէմ տեղափոխման պատճառով: Այս մասին հաղորդած է Պաղեստինի արտաքին գործոց նախարարութիւնը: «Որոշումը տրուած է Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան` Թել Աւիւէն Երուսաղէմ տեղափոխումէն ետք, դեսպանը տուն պիտի հասնի վաղը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: Դեսպանի տուն կանչուելուն հրամանը տուած է Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս:  

Մէյի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  «Պատմութիւնը Պիտի Չներէ Իսրայէլին»  Կ՛ըսէ Էրտողան

Մէյի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. «Պատմութիւնը Պիտի Չներէ Իսրայէլին» Կ՛ըսէ Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Լոնտոնի մէջ հանդիպում ունեցած է Բրիտանիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Հապեր7» կայքը: Էրտողան հանդիպումին ընթացքին անդրադառնալով Կազայի իրադարձութիւններուն, Իսրայէլը մեղադրած է «կոտորած գործելու յանցանքով»: «Այս կոտորածը գործողը Իսրայէլն է եւ, ցաւօք, ատոր համար ենթահող նախապատրաստողն ալ Ամերիկան է», ըսած է Էրտողան` նշելով. «Պատմութիւնը պիտի չներէ Իսրայէլին»: Մէյ եւ Էրտողան քննարկած...

Թուրքիոյ Մէջ Հրապարակուած Է Նախագահական  Թեկնածուներու Վերջնական Ցուցակը

Թուրքիոյ Մէջ Հրապարակուած Է Նախագահական Թեկնածուներու Վերջնական Ցուցակը

Թուրքիոյ ընտրական բարձրագոյն յանձնախումբը հրապարակած է 24 յունիսին տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութեան արձանագրուած թեկնածուներու վերջնական ցուցակը: «Արմէնփրես», վկայակոչելով թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը, կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահի պաշտօնին համար պիտի մրցին վեց թեկնածուներ: Թեկնածուներն են` գործող նախագահ, իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան թեկնածու Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան, Լաւ կուսակցութեան ղեկավար Մերալ Աքշեներ, քեմալական Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան թեկնածու Մուհարրեմ Ինճէ, քրտամէտ Ժողովուրդներու...

Էրտողան Տուն Կանչած Է Թել Աւիւի  Եւ Ուաշինկթընի Մէջ Թուրքիոյ Դեսպանները

Էրտողան Տուն Կանչած Է Թել Աւիւի Եւ Ուաշինկթընի Մէջ Թուրքիոյ Դեսպանները

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ահաբեկչական պետութիւն կոչած է Իսրայէլը` քննադատելով Կազայի մէջ Իսրայէլի ձեռնարկած գործողութիւնները: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Ենի Շաֆաք» օրաթերթը: «Իսրայէլ ահաբեկչական պետութիւն է, եւ անոնք ատիկա կ՛ապացուցեն իրենց կատարած քայլերով», ըսած է Էրտողան: Թուրքիոյ նախագահը նաեւ տեղեկացուցած է, որ Անգարան տուն կը կանչէ Թել Աւիւի եւ Ուաշինկթընի մէջ իր դեսպանները` ստեղծուած իրավիճակին շուրջ խորհրդակցութեան համար:...

Հիւսիսային Քորէան Սկսած Է Փհունկերիի  Հիւլէական Զինափորձարանի Կազմաքանդումը

Հիւսիսային Քորէան Սկսած Է Փհունկերիի Հիւլէական Զինափորձարանի Կազմաքանդումը

Հիւսիսային Քորէան սկսած է Փհունկերիի իր մեծագոյն հիւլէական զինափորձարանի կազմաքանդման աշխատանքին: Այս զինափորձարանը կը գտնուի երկրին հիւսիս-արեւելքը: «Ինթըրֆաքս» կը հաղորդէ, որ ատիկա կարելի է հետեւցնել Հիւսիսային Քորէայի կացութեան հսկողութիւն կատարող «38 Նորթ»-ի հաշուետուութենէն: Հաշուետուութիւնը կազմուած է` հիմնուելով զինափորձարանի վերջին լուսանկարներուն վրայ, որոնք կատարուած են արբանեակներու կողմէ: Ատոր հեղինակները կը նշեն, թէ նախորդ զեկուցումին հրապարակման պահէն (24 ապրիլ) լուսանկարներէն անհետացած են...

«Կազայի Մէջ Տեղի Ունեցածը Իսկական Կոտորած Է,  Եւ Մեղաւորը Միացեալ Նահանգներն Են»  Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

«Կազայի Մէջ Տեղի Ունեցածը Իսկական Կոտորած Է, Եւ Մեղաւորը Միացեալ Նահանգներն Են» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու անիծած է Իսրայէլը` Կազայի մէջ իսրայէլացի զինուորներու գործողութիւններուն համար: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Հապերթիւրք»-ը: «Կ՛անիծեմ Իսրայէլի զինեալ ուժերը եւ կառավարութիւնը: Ատիկա իսկական կոտորած է: Ատոր մեղաւորը Միացեալ Նահանգներն են, որոնք քայլեր կը ձեռնարկեն` առաջնորդուելով ամբողջ աշխարհի դէմ երթալու իրենց հասկացողութեամբ: Միացեալ Նահանգներ անօրինական կերպով իրենց դեսպանատունը Թել Աւիւէն Երուսաղէմ տեղափոխած են, ատիկա վնասած...

Փութին Եւ Մաքրոն Քննարկած Են Սուրիոյ  Հարցը Եւ Իրան-Վեցեակ Համաձայնագիրին  Շուրջ Ստեղծուած Կացութիւնը

Փութին Եւ Մաքրոն Քննարկած Են Սուրիոյ Հարցը Եւ Իրան-Վեցեակ Համաձայնագիրին Շուրջ Ստեղծուած Կացութիւնը

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկած են սուրիական տագնապին լուծումը, ինչպէս նաեւ հաւաստած երկու երկիրներու յանձնառութիւնը իրանեան հիւլէական գործարքին` ատկէ Միացեալ Նահանգներուն դուրս գալուն լոյսին տակ: Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը տեղի ունեցած է ֆրանսական կողմին նախաձեռնութեամբ: «Փութին եւ Մաքրոն կարծիքներ փոխանակեցին սուրիական տագնապի լուծման հարցերուն շուրջ եւ առանձնակի...

Երուսաղէմի Մէջ Ամերիկեան Դեսպանատան  Բացում, Պաղեստինեան Բողոքի  Ցոյցեր Եւ Բազմաթիւ Զոհեր

Երուսաղէմի Մէջ Ամերիկեան Դեսպանատան Բացում, Պաղեստինեան Բողոքի Ցոյցեր Եւ Բազմաթիւ Զոհեր

Միացեալ Նահանգներ երէկ բացումը կատարեցին բռնագրաւեալ Երուսաղէմի մէջ իրենց դեսպանատան` հիմնուելով դեսպանատունը Թել Աւիւէն փոխադրելու եւ Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչցող Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի որոշումին վրայ: Դեսպանատան բացման արարողութեան ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտնեց, որ «Իսրայէլ Միացեալ Նահանգներէն աւելի բարեկամներ չունի»` շնորհակալութիւն յայտնելով Թրամփին` «իր խոստումը կատարելու քաջութեան համար»: «Այս պահը յիշեցէ՛ք, անիկա պատմական...

Թրամփ Մաքրոնի Հետ Քննարկած Է  Իրան-Վեցեակ Համաձայնագիրը

Թրամփ Մաքրոնի Հետ Քննարկած Է Իրան-Վեցեակ Համաձայնագիրը

Սպիտակ տունը յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ եւ անոր հետ քննարկած Վեցեակին (Միացեալ Նահանգներ, Ֆրանսա, Բրիտանիա, Ռուսիա, Չինաստան եւ Գերմանիա) Թեհրանի հետ 2015-ին կնքած Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ համաձայնագիրի հարցը: Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Միացեալ Նահանգներու նախագահը շեշտած է կարեւորութիւնը հասնելու համապարփակ համաձայնագիրի մը, որ կը վերաբերի «Իրանի` Միջին...

Ըստ Եւրոպական Յանձնաժողովի  Բարձրաստիճան Անդամի Մը.  Թուրքիան Յառաջիկայ 10-15 Տարուան Եւրոպական  Միութեան Անդամ Պիտի Չդառնայ

Ըստ Եւրոպական Յանձնաժողովի Բարձրաստիճան Անդամի Մը. Թուրքիան Յառաջիկայ 10-15 Տարուան Եւրոպական Միութեան Անդամ Պիտի Չդառնայ

Եւրոպական յանձնաժողովի բարձրաստիճան անդամներէն մէկը ռուսական «Իզվեսթիա» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարած է, թէ Թուրքիան յառաջիկայ 10-15 տարուան ընթացքին պիտի չկարենայ դառնալ Եւրոպական Միութեան անդամ: Անանուն պաշտօնատարին համաձայն, Թուրքիան տակաւին չի համապատասխաներ Եւրոպական Միութեան չափանիշներուն` թէ՛ տնտեսական ցուցանիշներով, թէ՛ ժողովրդավարական արժէքներով: «Իրավիճակը գրեթէ չէ փոխուած: Անգարան յառաջիկայ 10-15 տարուան ընթացքին Եւրոպական Միութեան անդամ դառնալու կարելիութիւն չունի: Եւ ատոր պատճառը միայն...

Ինտոնեզիոյ Սուրապայայի Մէջ  Չորրորդ Պայթում

Ինտոնեզիոյ Սուրապայայի Մէջ Չորրորդ Պայթում

Ինտոնեզիոյ Սուրապայա քաղաքին մէջ ոստիկանական բաժանմունքին մօտ պայթումի պատճառով մահացած է առնուազն 7 հոգի: Այս մասին կը հաղորդէ «Ճաքարթա Փոսթ» օրաթերթը: Համացանցին վրայ յայտնուած տեսանիւթին մէջ կ՛երեւի, թէ ինչպէ՞ս երկու մոթորսիքլեթ կը մօտենայ բաժանմունքին, ապա անոնցմէ մէկը կը պայթի: Յայտնի է նաեւ, որ քանի մը ոստիկաններ մարմնական վնասուածքներ ստացած են: Ասիկա արդէն վերջին երկու օրուան ընթացքին Սուրապայա քաղաքին մէջ չորրորդ...

Քոլոմպիոյ Մէջ Ողողումներ

Քոլոմպիոյ Մէջ Ողողումներ

Քոլոմպիոյ Քաուքա գետի յորդելուն պատճառով տեղի ունեցած ողողումէն ետք գետին մօտ բնակող աւելի քան 600 քաղաքացիներ շրջանէն հեռացուած են: Այս մասին կը հաղորդէ «Փորթաֆոլիօ» կայքը: Կը նախատեսուի, որ գետը պէտք է սնէ երկրին մէջ կառուցուող մեծագոյն ջրելեկտրակայանը` «Իթուանկօ»-ն: Ըստ քոլոմպիական լրատուամիջոցներուն, ողողումէն գլխաւորաբար վնասուած են Անթիոքիա շրջանի Փուերթօ-Վալտիվիա գիւղի բնակիչները, գետի ջուրերը լեցուցած են շատերու տուները: Կը նշուի նաեւ, որ...

«Թուրքիան Մէկ Շաբթուան Մէջ Պիտի Աւարտէ  Իտլիպի Մէջ Հսկողութեան Կէտերու Կառուցումը»  Կ՛ըսէ Էրտողան

«Թուրքիան Մէկ Շաբթուան Մէջ Պիտի Աւարտէ Իտլիպի Մէջ Հսկողութեան Կէտերու Կառուցումը» Կ՛ըսէ Էրտողան

Անգարան 10 հսկողութեան կէտ հաստատած է Իտլիպի մէջ` լարուածութեան մեղմացման գօտիին մէջ զինադադարը վերահսկելու համար, մնացեալ երկու կէտերը պիտի կառուցուին այս շաբթուան ընթացքին: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան: «Ներկայիս Իտլիպի լարուածութեան մեղմացման գօտիին մէջ թրքական բանակի հսկողութեան կէտերու քանակը հասած է 10-ի: Համաձայնագիրները 12 այդպիսի կէտեր կ՛ենթադրեն, մնացեալ երկուքը մենք պիտի...

Page 614 of 883 1 … 613 614 615 … 883

Արխիւներ