Խօսքը Ուղղելով Աւստրիոյ Վարչապետին` «Տակաւին Շատ Երիտասարդ Ես, Գլխուդ Փորձանք Պիտի Բերես» Կ՛ըսէ Էրտողան
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան խօսած է Աւստրիոյ մէջ 7 մզկիթի փակման ու մօտիկ ապագային սպասուող բազմաթիւ իսլամ կրօնաւորներու արտաքսման մասին` դիմելով Աւստրիոյ վարչապետ Սեպասթիան Քուրցին: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Տիքեն» կայքը: «Տե՛ս, տակաւին շատ երիտասարդ ես, տակաւին շատ փորձառութեան կարիք ունիս: Տե՛ս, ասիկա չմոռնաս, տե՛ս, քու այս վարքովդ գլխուդ փորձանք պիտի բերես: Աւստրիոյ մէջ մէկ մզկիթի փակումը կամ...




















