Մոսկուան ու Թեհրանը պէտք է աւելի լուրջ երկխօսութիւն հաստատեն իրանեան հիւլէական ծրագիրին վերաբերեալ Միացեալ համապարփակ գործողութիւններու համաձայնագիրէն Միացեալ Նահանգներու միակողմանի դուրս գալուն առնչութեամբ: «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանին` Ցինտաոյի մէջ Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան վեհաժողովի ընթացքին, ուր հանդիպում ունեցած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:
«Ինչ կը վերաբերի այդ համաձայնագիրէն Միացեալ Նահանգներու անօրինականօրէն դուրս գալուն, այստեղ անհրաժեշտ է աւելի լուրջ եւ աւելի կարեւոր երկխօսութիւն մեր երկիրներուն միջեւ», ընդգծած է Իրանի նախագահը:
Ան աւելցուցած է, որ Ռուսիան «շատ կարեւոր եւ կառուցողական դեր» խաղցած է Վեցեակին հետ կնքուած համաձայնագիրի իրականացման գործին մէջ:
Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած էր, թէ իր երկիրը դուրս կու գայ 2015-ին Իրանի հետ կնքուած համաձայնագիրէն:
Ուաշինկթըն նաեւ վերականգնած է Իրանի դէմ հաստատուած պատժամիջոցները եւ պահանջած, որ Իրան կտրուկ փոփոխութիւններ կատարէ, մասնաւորաբար` դադրեցնէ իւրանիոմի հարստացման աշխատանքները եւ հեռանայ Սուրիայէն:



