Միջազգային

«Թուրքիան Կրնայ Նոյն Ատեն Հարուածել  Իրաքեան Երեք Շրջան»  Կ՛ըսէ Էրտողան

«Թուրքիան Կրնայ Նոյն Ատեն Հարուածել Իրաքեան Երեք Շրջան» Կ՛ըսէ Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, թէ իր երկիրը կրնայ նոյն ատեն հարուածել իրաքեան երեք շրջան: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Էն.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանը: Ըստ Էրտողանի, Իրաքի հիւսիսէն, ուր կը գործեն քիւրտ զինեալները, Թուրքիոյ լուրջ վտանգ կը սպառնայ, եւ իրենք պարտաւոր են լուծել այդ հարցը: «Ի հարկէ, մենք հարցը պիտի քննարկենք Պաղտատի հետ: Եթէ Իրաքի իշխանութիւնները ըսեն, թէ` «մենք...

«Հիւսիսային Քորէայի Ղեկավարին Հետ  Քորէական Պատերազմին Վերջ Տուող  Համաձայնագիր Մը Կրնայ Ստորագրուիլ»  Կ՛ըսէ Թրամփ

«Հիւսիսային Քորէայի Ղեկավարին Հետ Քորէական Պատերազմին Վերջ Տուող Համաձայնագիր Մը Կրնայ Ստորագրուիլ» Կ՛ըսէ Թրամփ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ակնարկեց 12 յունիսին Սինկափուրի մէջ Հիւսիսային Քորէայի ղեկավար Քիմ Եոնկ Ընի հետ նախատեսուած հանդիպումին ընթացքին քորէական պատերազմին վերջ տուող համաձայնագիրի մը ստորագրութեան կարելիութեան: «Շատ աղէկ, ատիկա կարելի է: Ինչպէս գիտէք, կրնանք ստորագրել համաձայնագիր մը, որ կրնայ առաջին քայլ մը ըլլալ: Սակայն այո՛, ատիկա քննարկենք եւ բազմաթիւ այլ անձնաւորութիւններու հետ կը խօսինք: Ասիկա հաւանաբար ամէնէն դիւրին...

Աւստրիոյ Իշխանութիւնները Փակած Են Թուրքիոյ  Աջակցութիւնը Վայելող 7 Մզկիթ  Եւ 70 Իմամներ Երկրէն Վտարած

Աւստրիոյ Իշխանութիւնները Փակած Են Թուրքիոյ Աջակցութիւնը Վայելող 7 Մզկիթ Եւ 70 Իմամներ Երկրէն Վտարած

Աւստրիոյ վարչապետ Սեպասթիան Քուրց յայտարարած է, որ երկրի տարածքին արդէն փակուած է 7 մզկիթ, իսկ մօտիկ ապագային Աւստրիայէն կրնան արտաքսուիլ շարք մը իսլամ կրօնաւորներ: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Տիքեն» կայքը: Աւստրիոյ մէջ մզկիթներու առնչուած յատուկ հետաքննութիւն սկսած էր այն բանէն ետք, երբ աւստրիական «Ֆալթեր» պարբերականի էջերուն մէջ յայտնուած էին երկրին մէջ գործող թրքական մզկիթներէն մէկուն մէջ առնուած լուսանկարները. անոնց...

«Թուրքիան Խրիմի Կցումը  Չէ Ճանչցած Եւ Պիտի Չճանչնայ»  Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

«Թուրքիան Խրիմի Կցումը Չէ Ճանչցած Եւ Պիտի Չճանչնայ» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու քննադատած է Եւրոպայի երկիրները, որոնք, անոր կարծիքով, «սկսած են մոռնալ Խրիմի մասին», եւ դարձեալ յայտարարած, որ Անգարան չի ճանչնար թերակղզիի կցումը Ռուսիոյ: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով թրքական «Ենի Շաֆաք» օրաթերթին: «Մենք չենք մոռցած Խրիմը եւ երբեք պիտի չմոռնանք զայն, անոր կցումը չենք ճանչցած եւ պիտի չճանչնանք... Եւրոպայի որոշ...

«Էս-400»-ի Ձեռքբերումը Թուրքիոյ  Համար Ազգային Խնդիր Է»  Կ՛ըսէ Սոյլու

«Էս-400»-ի Ձեռքբերումը Թուրքիոյ Համար Ազգային Խնդիր Է» Կ՛ըսէ Սոյլու

Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Սուլէյման Սոյլու յայտարարած է, թէ ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու գնումը Թուրքիոյ համար «ազգային խնդիր» է: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Ենի Շաֆաք» օրաթերթը: «Ինչո՞ւ Թուրքիան կ՛ուզէ ունենալ այդ համակարգերը: Թուրքիան ատիկա կ՛ուզէ մէկ աստիճանով վեր բարձրանալու համար, իրեն ուղղուած վտանգը չէզոքացնելու համար: Ատիկա մեր ազգային պահանջն է: Ի՞նչ կ՛ուզեն ատոր դէմ արտայայտուողները: Կ՛ուզեն, որ Թուրքիան...

Իրաքի Վարչապետը Անընդունելի Կը Նկատէ Իրաքի Մէջ Թրքական Բանակի Հաւանական Գործողութիւնը

Իրաքի Վարչապետը Անընդունելի Կը Նկատէ Իրաքի Մէջ Թրքական Բանակի Հաւանական Գործողութիւնը

Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատի մեկնաբանած է Թուրքիայէն հնչող այն յայտարարութիւնները, թէ թրքական բանակը որեւէ պահու կրնայ զինուորական գործողութեան նախաձեռնել Կորդուաց լեռներուն մէջ, ուր կեդրոնացած են Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) զինեալները: Թրքական «ՀապերԹիւրք»-ը կը հաղորդէ, որ Ապատի շեշտած է, թէ Թուրքիոյ իշխանութիւնները նման յայտարարութիւնները կ՛օգտագործեն երկրին մէջ նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններէն առաջ  լայն զանգուածներու աջակցութիւնը շահելու նպատակով: Իրաքի վարչապետը ընդգծած է,...

«Սուրիան Արաբական Լիկայէն Հեռացնելը Սխալ Էր» Կ՛ըսէ Քըրքաշ

«Սուրիան Արաբական Լիկայէն Հեռացնելը Սխալ Էր» Կ՛ըսէ Քըրքաշ

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարար Անուար Քըրքաշ էմիրաթական «Տը Նեշընըլ» կայքին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Սուրիան Արաբական լիկայէն հեռացնելը սխալ էր: Ան յայտնեց, որ քաղաքական լուծումը միակ լուծումն է Սուրիոյ ճգնաժամին: Ան նշեց, որ սուրիական տագնապը «միջազգային ընտանիքին եւ արաբական աշխարհին համար դիւանագիտական ձախողութիւն մըն է, մասնաւորաբար արտաքին շարք մը կողմերու քաղաքական, ելեւմտական եւ զինուորական միջամտութեան...

Եւրոպական Միութիւնը Յուլիսի Սկիզբէն Մաքսատուրքեր Պիտի Սահմանէ Միացեալ Նահանգներէն Ներածուող Ապրանքներու Վրայ

Եւրոպական Միութիւնը Յուլիսի Սկիզբէն Մաքսատուրքեր Պիտի Սահմանէ Միացեալ Նահանգներէն Ներածուող Ապրանքներու Վրայ

Եւրոպական յանձնաժողովը յուլիսի սկիզբը ներածուող ամերիկեան ապրանքներու համար նոր մաքսատուրքեր պիտի սահմանէ: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այդ մասին նշուած է Եւրոպական յանձնաժողովի կայքին վրայ: Եւրոպական յանձնաժողովը յոյսով է անդամ պետութիւններու հետ համակարգումով համապատասխան հոլովոյթը աւարտին հասցնել մինչեւ յունիսի վերջը, որպէսզի նոր մաքսատուրքերը սկսին կիրարկուիլ յուլիսին: Փաստաթուղթին մէջ կ՛ընդգծուի, որ Եւրոպական Միութեան քայլերը ամբողջութեամբ կը համապատասխանեն Առեւտուրի համաշխարհային կազմակերպութեան...

«Ազատութիւն» Ձայնասփիւռի Կայանը Խստօրէն Քննադատած Է Ազրպէյճանը` Իրենց Կայքը Արգիլելու Որոշման Պատճառով

«Ազատութիւն» Ձայնասփիւռի Կայանը Խստօրէն Քննադատած Է Ազրպէյճանը` Իրենց Կայքը Արգիլելու Որոշման Պատճառով

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը խստօրէն քննադատած է Ազրպէյճանի գերագոյն դատարանի որոշումը, որ ուժի մէջ ձգած է ձայնասփիւռի կայանի ազրպէյճանական ծառայութեան կայքի արգիլման վերաբերեալ Պաքուի վերաքննիչ դատարանի որոշումը` զայն անուանելով «անկախ լրատուամիջոցը ճնշելու պետական իշխանութեան օգտագործում»: «2014 թուականին, երբ Ազրպէյճանի իշխանութիւնները փակեցին մեր գրասենեակը` առանց օրէնքի պահանջի կամ պատշաճ դատավարութեան, մենք հասկցանք, որ մենք եւ բոլոր անկախ լրատուամիջոցները թիրախ ենք: Այս որոշումը...

Թուրքիան Կը Ղեկավարուի «Դուրսի Ուժերու Կողմէ»   Կ՛ըսէ Քըլըճտարօղլու

Թուրքիան Կը Ղեկավարուի «Դուրսի Ուժերու Կողմէ» Կ՛ըսէ Քըլըճտարօղլու

Թուրքիոյ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլու յայտարարած է, թէ ներկայիս Թուրքիան կը ղեկավարուի «դուրսի ուժերու կողմէ»: Այս մասին կը հաղորդէ «Պիրկիւն» օրաթերթը: Քըլըճտարօղլու յայտնած է, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները իրենք ալ չեն գիտեր, թէ վաղը ի՛նչ պիտի ըլլայ: «Անոնք չեն ստեղծեր սեփական քաղաքականութիւնը, որովհետեւ իրենք ալ չեն գիտեր, թէ վաղը ի՛նչ պիտի ըլլայ: Կ՛ըսեն. «Երկիրը մենք կը ղեկավարենք», սակայն...

Թուրքիոյ Մէջ 13 Տարեկան Պատանին Ոստիկանատուն Տարուած Է` Տան Պատին Քրտամէտ Կուսակցութեան Անունը Գրելուն Պատճառով

Թուրքիոյ Մէջ 13 Տարեկան Պատանին Ոստիկանատուն Տարուած Է` Տան Պատին Քրտամէտ Կուսակցութեան Անունը Գրելուն Պատճառով

Թուրքիոյ Պուրսա քաղաքին մէջ 13 տարեկան պատանի մը ոստիկանութիւն տարուած է` իրենց տան պատին քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան եւ անոր առաջադրած նախագահի թեկնածու Սելահաթթին Տեմիրթաշի անունը գրելուն պատճառով: Այս մասին կը հաղորդէ «Էվրենսել» օրաթերթը: Յայտնի է, որ քննիչը ոստիկանական բաժանմունք տարուած պատանիին հարցումներ ուղղած է իր ընտանիքին մասին, հետաքրքրուած է, թէ արդեօք տան մէջ անոր ներկայութեամբ քաղաքականութեան մասին կը խօսուի՞,...

Ֆուեկօ Հրաբուխի Ծիրին Մէջ Փրկարարական Աշխատանքները Դադրեցուած Են Լաւայի Հոսքին Պատճառով

Ֆուեկօ Հրաբուխի Ծիրին Մէջ Փրկարարական Աշխատանքները Դադրեցուած Են Լաւայի Հոսքին Պատճառով

Կուաթեմալայի Ֆուեկօ հրաբուխի լանջերէն լաւայի առատ հոսքը հարկադրած է դադրեցնել փրկարարական աշխատանքները այն բնակավայրերուն մէջ, որոնք վնասուած են ժայթքումէն, որ շուրջ 100 մարդու կեանք խլած է: «Արմէնփրես» կը նշէ, թէ այս մասին կը հաղորդէ ԷՖԷ լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով Երկրաշարժի եւ հրաբխագիտութեան ազգային հիմնարկի յայտարարութիւնը: Հիմնարկի հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի, թէ լաւան լերան լանջի արեւմտեան կողմէն կը հոսի 30-40 մեթր լայնութեամբ եւ...

Ռուս-Ազրպէյճանական Սահմանին  Վրայ Զինեալ Միջադէպ

Ռուս-Ազրպէյճանական Սահմանին Վրայ Զինեալ Միջադէպ

4 յունիսի ուշ գիշերին ռուս-ազրպէյճանական սահմանի ազրպէյճանական Ղուսարի շրջանի Եուխարը Զէյխուր գիւղի տարածքին մէջ ազրպէյճանցի սահմանապահները ապօրինի սահման անցնելու փորձ մը կանխարգիլած են: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը: Կը նշուի, որ սահմանը խախտող անձը 1996-ի ծնունդ Վատիմ Մարտանի Զէյնալովն է: Ան մերժած է ենթարկուիլ սահմանապահներու հրահանգներուն եւ վերջիններուս զինեալ դիմադրութիւն ցոյց տուած: 22 տարեկան սահմանախախտը կրակ բացած...

Քիւրտ Զինեալները Հեռացան Մընպեժէն

Քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները յայտարարեցին, որ կը հեռանան Մընպեժէն: Ջոկատները հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեցին, որ «Մընպեժի զինուորական խորհուրդը» մարզումի ոլորտին մէջ ինքնաբաւութեան հասնելէ ետք կը հեռացնէ իր զինեալները, սակայն պիտի շարունակէ ահաբեկչութիւնը հետապնդել, եւ իր ուժերը անհրաժեշտութեան պարագային աջակցութիւն պիտի տրամադրեն Մընպեժին: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտնեց, որ Մընպեժի քիւրտ զինեալներէն ամերիկեան զէնքերու վերստանձնումի հոլովոյթը պիտի սկսի 10...

Ամերիկացի Պաշտօնատար Մը Կը Շեշտէ  Միջին Արեւելքի Մէջ Թուրքիոյ  Աշխարհաքաղաքական Կարեւորութիւնը

Ամերիկացի Պաշտօնատար Մը Կը Շեշտէ Միջին Արեւելքի Մէջ Թուրքիոյ Աշխարհաքաղաքական Կարեւորութիւնը

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով օգնական Ուես Միչըլ շեշտեց, որ «Միջին Արեւելքի շրջանին մէջ Թուրքիոյ աշխարհաքաղաքական կարեւորութիւնը»` նշելով. «Անիկա միակ պետութիւնն է, որ կրնայ շրջանին մէջ Իրանին հակակշիռ ըլլալ»: «Մենք հաստատօրէն կ՛աշխատինք Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները դարձնել կայուն` զայն արեւմտեան ռազմավարութեան գիծին վրայ դնելու նպատակով», ըսաւ ան` նշելով. «Անիկա շրջանին մէջ միակ պետութիւնն է, որ կարողութիւնը ունի...

«Միջազգային Դաշինքի Սուրիոյ Մէջ  Ներկայութեան Ժամանակացոյց Գոյութիւն Չունի»  Կ՛ըսէ Դաշինքի Բանբերը

«Միջազգային Դաշինքի Սուրիոյ Մէջ Ներկայութեան Ժամանակացոյց Գոյութիւն Չունի» Կ՛ըսէ Դաշինքի Բանբերը

ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի Միջազգային դաշինքի բանբեր Թոմաս Ֆիլ յայտնեց, որ դաշինքի գործողութիւններու ժամանակացոյց գոյութիւն չունի` նշելով. «Չենք կրնար Սուրիոյ մէջ դաշնակիցներու գործողութիւններու աւարտի թուականի մասին խօսիլ»: «Դաշինքը կ՛առաջնորդուի տուեալ պահու կարիքներով, որոնցմէ կարեւորագոյնը ՏԱՀԵՇ-ը արմատախիլ ընելն է, բան մը, որ յաւելեալ ջանքերու կը կարօտի», աւելցուց ան: Ֆիլ յայտնեց, որ դաշինքը վերջին ամիսներուն աւելցուցած է Սուրիոյ մէջ իր յարձակումներուն թիւը, որ...

Իր Քրտական Արմատները Բացայայտելով`  «Քիւրտերուն Պետութիւնը Թուրքիան Է»  Կ՛ըսէ Եըլտըրըմ

Իր Քրտական Արմատները Բացայայտելով` «Քիւրտերուն Պետութիւնը Թուրքիան Է» Կ՛ըսէ Եըլտըրըմ

Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ յայտնեց. «Ամերիկացիներն ու եւրոպացիները միացան եւ կ՛ըսեն. «Քիւրտերուն պետութիւն ստեղծենք»: «Քիւրտերուն համար պետութիւնը Անատոլուի հողերն են», շեշտեց ան: Կորճայք նահանգին մէջ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ընտրական հաւաքի մը ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ Եըլտըրըմ ըսաւ, թէ` «իմ անցեալս ալ քրտական է: Մենք քիւրտերուն հետ հարց չունինք, դուք մեր եղբայրներն էք: Հպարտութեամբ յայտարարեցէք ձեր քիւրտ ըլլալը:...

Ուաշինկթըն Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները  Զգուշացուցած Է Հտէյտայի  Նաւահանգիստին Դէմ Յարձակում Գործելէ

Ուաշինկթըն Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Զգուշացուցած Է Հտէյտայի Նաւահանգիստին Դէմ Յարձակում Գործելէ

Միացեալ Նահանգներ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները զգուշացուցած է Եմէնի ծովեզերեայ Հտէյտա քաղաքին դէմ յարձակում գործելէ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը: Գործակալութիւնը կը տեղեկացնէ, որ ամերիկացի պաշտօնատարներ Սպիտակ տան մէջ այս հարցով գումարած են ժողով մը, եւ յստակ չէ, եթէ որեւէ որոշում տուած են: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը նշէ, որ Ուաշինկթըն դէմ է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ անոնց աջակցութիւնը վայելող...

Վրաստան Սուրիոյ Հետ Դիւանագիտական  Յարաբերութիւնները Խզելու Մասին  Նամակ Յղած Է ՄԱԿ-ին

Վրաստան Սուրիոյ Հետ Դիւանագիտական Յարաբերութիւնները Խզելու Մասին Նամակ Յղած Է ՄԱԿ-ին

Վրաստան Սուրիոյ հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու խզման մասին պաշտօնական նամակ մը ուղարկած է ՄԱԿ-ի եւ Եգիպտոսի մէջ Սուրիոյ դիւանագիտական ներկայացուցիչներուն: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»` մէջբերելով Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութիւնը: Մայիսի վերջաւորութեան Վրաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Դաւիթ Տոնուտա յայտարարած էր, թէ Թիֆլիս սկսած է Դամասկոսի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու խզման հոլովոյթը, երբ Սուրիան ճանչցած է Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ անկախութիւնը:...

Շոյկու ԱՊՀ Երկիրներուն Առաջարկած Է  Մասնակցիլ Սուրիոյ Վերականգնման Աշխատանքին

Շոյկու ԱՊՀ Երկիրներուն Առաջարկած Է Մասնակցիլ Սուրիոյ Վերականգնման Աշխատանքին

Անկախ պետութիւններու հասարակապետութեան (ԱՊՀ) անդամ երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներու նիստի բացումին ընթացքին Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու անդամ երկիրներուն կոչ ուղղած է մասնակցելու Սուրիոյ մէջ խաղաղ կեանքի վերականգնման աշխատանքներուն: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը: «Այսօր ստեղծուած են բոլոր պայմանները քաղաքական լուծման եւ Սուրիոյ` իբրեւ միասնական, անբաժանելի պետութեան վերածնունդին համար», ըսած է Շոյկու` Քիզիլի մէջ ԱՊՀ-ի անդամ պետութիւններու պաշտպանութեան նախարարներու...

Page 609 of 883 1 … 608 609 610 … 883

Արխիւներ