Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիոյ Գրեթէ Բոլոր Քաղաքական Ուժերը Իրենց Նախընտրական Ծրագիրներով Կը Նախատեսեն Տուն Ուղարկել Սուրիացի Գաղթականները

June 11, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ մէջ 24 յունիսին տեղի ունենալիք արտակարգ նախագահական ու խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցող գրեթէ բոլոր կուսակցութիւնները իրենց նախընտրական ծրագիրներուն մէջ խոստացած են ապահովել սուրիացի գաղթականներու վերադարձը:

Թրքական «Կազեթէտուվար» կայքը կը հաղորդէ, որ թրքական գրեթէ բոլոր քաղաքական ուժերը կ՛ուզեն ընտրութիւններէն ետք սուրիացի գաղթականները ուղարկել Սուրիա, նախընտրական ծրագիրին մէջ գաղթականները Թուրքիայէն հեռացնելու մասին չէ յայտնած միայն քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը` նշելով, որ իրենց նպատակն է «գաղթականներու հետ միասին ազատ ու հաւասար պայմաններով հասարակութիւն» կառուցելը:

Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը իր նախընտրական ծրագիրին մէջ 6 էջ յատկացուցած է սուրիացի գաղթականներու խնդիրին եւ շեշտած, որ իրենց բուն նպատակը պիտի ըլլայ անոնց` Սուրիա վերադարձը ապահովելը:

Գրեթէ նոյն ծրագիրը ներկայացուցած է նաեւ իշխանութիւններու համախմբումին գործընկեր Ազգային շարժում կուսակցութիւնը:

Ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը նոյնպէս զօրակցութիւն յայտնած է սուրիացիները տուն ուղարկելու նպատակին: Այդ հարցը տեղ գտած է նախընտրական ծրագիրի «Արտաքին քաղաքականութիւն» բաժինին մէջ: Քեմալականները նշած են, որ գաղթականները տուն ուղարկել կը պատրաստուին աստիճանաբար` քանի մը փուլով:

Ընդդիմադիր ազգայնական «Լաւ» կուսակցութիւնը իր կարգին նշած է, որ իրենց ընտրուելու պարագային Թուրքիան պէտք է Սուրիոյ հետ կապուած նոր քաղաքականութիւն որդեգրէ, այդ ծրագիրի ծիրին մէջ պէտք է ապահովուի նաեւ սուրիացի գաղթականներու վերադարձը` համագործակցելով Սուրիոյ իշխանութիւններուն հետ: Նախընտրական ծրագիրին մէջ «Լաւ» կուսակցութիւնը շեշտած է, որ իրենց ընտրուելուն պարագային 2019-ի ռամատանի պահքը սուրիացի գաղթականներու հետ պիտի տօնեն ոչ թէ Թուրքիոյ, այլ Սուրիոյ մէջ` իբրեւ հիւր:

2017-ի վերջին տուեալներու համաձայն, Թուրքիոյ մէջ կը բնակին 3.426.786 սուրիացի գաղթականներ:

Աւելի քան 15 միլիոն բնակչութիւն ունեցող Պոլսոյ մէջ միայն սուրիացի գաղթականներուն թիւը աւելի քան կէս միլիոն է: Այդտեղ կը գտնուին 538.000 սուրիացի գաղթականներ:

Սուրիացի գաղթականներու թիւով Պոլսոյ կը յաջորդեն Սուրիոյ սահմանամերձ Ուրֆան, Այնթապը, Մերսինը եւ բռնագրաւեալ Ալեքսանտրեթը:

Գաղթականները մեծ թիւ կը կազմեն նաեւ Ատանայի, Քիլիսի, Պուրսայի, Իզմիրի եւ Մարաշի մէջ:

 

 

Նախորդը

Փաքիստան Պատրաստակամութիւն Կը Յայտնէ Ռուսիոյ Հետ Բնական Կազի Խողովակաշարի Կառուցման Համաձայնագիր Կնքելու

Յաջորդը

Պիշքեքի Մէջ Կը Շարունակուին Նախկին Նախագահի Հետեւորդներուն Ձերբակալութիւնները

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.