Անգարա Եւ Ուաշինկթըն Համաձայնած Են Մընպեժի Մէջ Գործողութիւններու Ծրագիրին Շուրջ
Թուրք եւ ամերիկացի զինուորականներ Շթութկարթի մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւններուն ընթացքին համաձայնութիւն գոյացուցած են Սուրիոյ Մընպեժ քաղաքէն քիւրտ զինեալներու հեռացման հարցերուն վերաբերեալ գործողութիւններու ծրագիրին շուրջ: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին ըսուած է Թուրքիոյ բանակի սպայակոյտի երէկ հրապարակած յայտարարութեան մէջ: «Շթութկարթի մէջ Միացեալ Նահանգներու զինեալ ուժերու եւրոպական հրամանատարութեան կեդրոնին մէջ 12-13 յունիս 2018-ին տեղի ունեցած են բանակցութիւններ Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու...




















