Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ մասնակցած է երկրի պաշտպանութեան նախարարութեան հրթիռային զօրքերու զօրամասի բացումին: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը` գրելով, որ պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնական կայքին մէջ հրապարակուած լուսանկարներուն մէջ կ՛երեւին պիելոռուսական «Փոլոնեզ» համակարգերը:
Ռուսական «Քոմմերսանթ»-ը ապրիլին գրած էր, որ 2018 թուականին Պիելոռուսիան կը պատրաստուի անցնելու 10 «Փոլոնեզ» համակարգերու մատակարարման վերաբերեալ արտածման առաջին համաձայնագիրի իրականացման: Համակարգի իբրեւ հաւանական պատուիրատու կը նշուէր Ազրպէյճանը:
Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով 2017-ին այցելած էր Մինսք, ուր ծանօթացած էր համակարգերու արտադրման ճարտարագիտութեան:



