Յունաստանի պաշտպանութեան փոխնախարար Ֆոթիս Քուվելիս մեկնաբանած է երկրին մէջ գտնուող եւ տեղւոյն դատարանին կողմէ ազատ արձակուած 8 թուրք բարձրաստիճան զինուորականներու շուրջ ստեղծուած իրավիճակը:
Թրքական «Կազեթէտուվար» կայքը կը գրէ, թէ յոյն պաշտօնատարը շեշտած է, որ Թուրքիոյ մէջ յեղաշրջման փորձէն ետք Յունաստան ապաստանած զինուորականներուն համար անվտանգութեան խիստ քայլեր ձեռնարկուած են, եւ առայժմ ոչ ոք պիտի գիտնայ, թէ յստակօրէն ո՞ւր կը գտնուին անոնք:
Յիշեցնենք, որ վերջերս Յունաստան փախած թուրք զինուորներէն չորսը յունական դատարանին որոշումով ազատ արձակուեցան: Մինչ այդ, դատարանը ազատ արձակման որոշում տուած էր այլ չորս թուրք զինուորականի վերաբերեալ. վերջիններս այժմ քաղաքական ապաստան ստանալու դիմումներ ներկայացուցած են իշխանութիւններուն:
Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պեքիր Պոզտաղ, մեկնաբանելով ստեղծուած իրավիճակը, յայտարարած էր, թէ անկախ Յունաստանի դիրքորոշումէն, իրենք պիտի գտնեն եւ Թուրքիա բերեն զինուորականները:
«Մենք այս զինուորականներուն անվտանգութեան համար կարելի բարձրագոյն արժեչափերը կը կիրարկենք: Առարկայական պատճառներով անոնց գտնուելու վայրը կը պահուի գաղտնի», ըսած է Քուվելիս:
Ան աւելցուցած է, թէ այդ իրադարձութիւններու լոյսին տակ իրենք արձանագրած են թրքական զինեալ ուժերու գործունէութեան աճ Եգէական ծովուն մէջ` Յունաստանի հետ վիճելի տարածքներուն մէջ:
Ըստ անոր, Յունաստանը ունի Եւրոպական Միութեան չափանիշներուն համապատասխան անկախ արդարադատական համակարգ, եւ ոչ ոք կրնայ հաշուի չնստիլ այդ հանգամանքին հետ:



