Թուրքիոյ մէջ արտակարգ նախագահական ու խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք երկրին մէջ հաստատուած արտակարգ դրութիւնը կրնայ վերջապէս ջնջուիլ: Թրքական «Էն.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այդ մասին յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան:
Ան նշած է, որ ընտրութիւններէն ետք կը պատրաստուին նոր աշխատակազմի հետ համապատասխան հրահանգները տալ արդարադատութեան նախարարութեան` հարցը լուծելու համար:
«Ի հարկէ, այդ ամէնը երկար պիտի չտեւէ, մէկ անգամէն պիտի ընենք մեր քայլը եւ յառաջ անցնինք», ըսած է Թուրքիոյ նախագահը:
Նշենք, որ Թուրքիոյ մէջ արտակարգ դրութիւնը կը գործէ յուլիս 2016-էն ի վեր` երկրին մէջ տեղի ունեցած զինուորական յեղաշրջման փորձէն ետք:
15 յուլիս 2016-ին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած էր զինուորական յեղաշրջման փորձ մը, որուն յաջորդած էին ձերբակալութիւններ երկրի զինեալ ուժերուն եւ այլ կառոյցներու մէջ, փակուած էին բազմաթիւ թերթեր, կազմակերպութիւններ, կեդրոններ, երկրին մէջ յայտարարուած էր արտակարգ դրութիւն:



