Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմը չի կրնար որոշել, թէ նախագահը Հիւսիսային Քորէայի ղեկավար Քիմ Եոնկ Ընին ի՛նչ պէտք է նուիրէ` Սինկափուրի մէջ պատմական հանդիպումի ընթացքին:
«Փոլիթիքօ» կը նշէ, որ ամերիկեան վարչակազմի անդամներուն կարծիքով` հիւսիսային քորէացի ղեկավարին համար ճիշդ նուէր ընտրելը բաւական բարդ հարց է:
«Նուէրը պէտք է ըլլայ այնպիսին, որ չվիրաւորէ, սակայն միեւնոյն ժամանակ չափէն աւելի յարգանք չցուցաբերէ Հիւսիսային Քորէայի ղեկավարին նկատմամբ», յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու միջազգային հարցերով խորհուրդի անդամ Սքաթ Սնայտըր:
Բացի ատկէ, նուէրը պէտք չէ հակասէ Փիոնկիանկի դէմ հաստատուած ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի սահմանած պատժամիջոցներուն:
Աղբիւրը կը նկատէ, որ այդպիսի հանդիպումներուն կանոնակարգով ընդունուած է նուէրներ փոխանակել: Օրինակ` Միացեալ Նահանգներու նախկին արտաքին գործոց նախարար Մատլեն Օլպրայթ տարիներ առաջ Հիւսիսային Քորէա կատարած այցելութեան ժամանակ Քիմ Եոնկ Ընին նուիրած էր պասքեթպոլիստ Մայքըլ Ճորտընի ստորագրութեամբ գնդակ` իմանալով, որ Հիւսիսային Քորէայի ղեկավարը այս մարզաձեւի մեծ սիրահար է:



