Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան արձագանգած է գերմանական հեղինակաւոր «Տեր Շփիկըլ» օրաթերթի կողքին վրայ իր լուսանկարին յայտնուելուն եւ «բռնակալ» գրութեան: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Թի24» կայքը:
«Տեր Շփիկըլ» իր կողքերէն մէկուն վրայ տեղադրած է Էրտողանի, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Չինաստանի ղեկավարներ Վլատիմիր Փութինի, Տանըլտ Թրամփի եւ Սի Ծինփինի լուսանկարները` «Բռնակալներու ժամանակաշրջանին ապրող մարդիկ» գրութեամբ:
«Գերմանացիները ունին թերթ մը, չորս հոգիի նկար դրած են կողքին վրայ, մէկն ալ ես եմ: Կ՛ըսեն` «աշխարհը ձեւաւորող ղեկավարներ»: Փա՛ռք Աստուծոյ, իբրեւ այս ազգի զաւակ` այս պարտքս պիտի շարունակեմ իրականացնել մինչեւ վերջին շունչս», ըսած է Էրտողան:



